Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Կիպրոս. Թշնամին Դարանակալ Կը Սպասէր…Եւ Կը Սպասէ

Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Կիպրոսի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ այսօր սեւ թուական մըն է: 15 Յուլիս 1974-ին Յունաստանի ծայրայեղ աջակողմեան զինուորական բռնապետութիւնը (Խունտա) հրամայեց Կիպրոսի Ազգային Պահակագունդին որ պետական հարուածով մը վար առնէ Կիպրոսի հանրապետութեան ժողովրդավարականօրէն ընտրուած Նախագահ՝ Մակարիոս Գ. Արքեպիսկոպոսը, որ հազիւ կրցաւ ազատիլ նախագահական պալատէն՝ անգլիական ռազմախարիսխէն ղրկուած ուղղաթիռի մը օգնութեամբ…(հանելուկ մը եւս)

Կատարեալ բեմադրութիւն մը՝ մեր 44-օրեան յիշեցնող բան մը, միայն դերակատարները փոխուած: Զինուորական խունտային ըրածը քաղաքական արկածախնդրութիւն մըն էր, թէեւ նպատակը «բարի էր»՝ յունական կղզի Կիպրոսի միացումը մայր երկրին՝ Յունաստանին:

Արդիւնք. ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Թուրքիան իր հզօր բանակով առիթը յարմար նկատելով առաջին արշաւանքով գրաւեց կղզիէն հատուած մը հիւսիսային տարածքներէն, ապա, յետ ձախող բանակցութեանց, երկրորդ արշաւանքով մը գրաւեց երկրին 36%:

Գրաւուեցաւ ԲԱՌԻՍ ԲՈՒՆ ԻՄԱՍՏՈՎ եւ յունաթափուեցաւ: Հիւսիսէն հարաւ բռնի կերպով տեղահանուեցան 150,000 յոյներ, որոնց մէջ կային նաեւ հայ ընտանիքներ: Գրաւուեցան գեղեցիկ ծովափնեայ քաղաքներ Ֆամակուստան (Ամոխոստոս), Քայրինիան, Մորֆուն: Հարիւրաւոր գիւղեր ու աւաններ, ամարանոցներ, բնակարաններ, ագարակներ եւ գործատուներ զրկուեցան իրենց բնիկ տէրերէն, իսկ քանի մը տարի ետք Քայրինիոյ լեռնաշղթային վրայ հսկայական տառերով երեւցաւ «Երանի թուրք եմ ըսողին» թուրքական յայտնի լոզունգը:

Հայերուս ալ ծանր բաժին հասաւ ի հարկէ: Շատ մը կիպրահայերու համար 1974-ի ներխուժումը եղաւ երկրորդ եւ երրորդ տեղահանութիւն…: Ռմբակոծուեցաւ 48 տարիէ ի վեր լոյս ջամբող Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, «թուրքաց կողմը» մնացին Հայոց Մակարավանքը, մի քանի եկեղեցի, նախակրթարան, գերեզմաններ, ակումբներ…

Թուրքը նստեցաւ տեղահանուածներուն կալուածներուն վրայ: Կղզին բաժնուեցաւ Կանաչ գիծով մը (UN Buffer Zone կամ Green Line): Մայրաքաղաք Նիկոսիան նոյնպէս կիսուեցաւ:

Հարցումներ՝

Ա) Ինչո՞ւ ԱՄՆ-ը եւ ԽՍՀՄ-ն բան մը չկրցան ընել: Չկրցա՞ն թէ՞ չուզեցին…
Բ) Անգլիական խարիսխները (երեք հատ) շարունակեցին մնալ անգլիական հսկողութեան տակ:
Գ) Ինչո՞ւ Յունաստանի խունտան այս քաղաքական յիմարութիւնը գործեց իր կիպրացի կողմնակիցներուն միջոցով:
Դ) Ի վերջոյ ո՞վ շահեցաւ եւ ո՞վ եղաւ կորսնցնողը…
Ե) Ինչո՞ւ մինչեւ օրս Արեւմուտքը չզբաղիր այս անարդարութեամբ:
Զ) ԽՍՀՄ իրաւայաջորդ նկատող Ռուսական Դաշնութեան պետութիւնը ինչո՞ւ լուռ կը մնայ:
Է) Մինչեւ ե՞րբ թուրքը պիտի գործէ այս սանձարձակութեամբ եւ կկուի նման ուրիշի կառուցած բոյնին մէջ պիտի տեղաւորուի…

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ