Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Տեղի Ունեցաւ «ՀԵՀԵՄ»-Իի Համահայկական Քառօրեայ Ուխտագնացութինը

Չորեքշաբթի՝ 6 Յուլիս, 2022-ին, օրհնութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ առաջնորդութեամբ՝ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի եւ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի մեկնարկուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) համահայկական հերթական ուխտագնացութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերեցին  մօտ երկուհարիւրէն աւելի երիտասարդներ՝ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ Սփիւռքէն։

Ուխտագնացութիւնը սկիզբ առաւ առաւօտեան Աղուերանի մէջ, պատասխանատուութեամբ՝ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Տեսուչ եւ Կեդրոնական Գրասենեակի Տնօրէն՝ Հոգշ. Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեանի։  Երիտասարդները իրենց օրը սկսեցին միասնական աղօթքով, որմէ յետոյ սկսուեցաւ ՀԵՀԵՄ Կեդրոնական Գրասենեակի կողմէ մշակուած երիտասարդական երկօրեայ դասընթացքը։

Դասընթացքի օրակարգին համաձայն, իւրաքանչիւր խումբին բանախօսեցին հոգեւորականներ՝ «Քրիստոնէական երիտասարդական աշխատանք», «Միասնականութիւն», «Ամենայն ձայն թող լսելի ըլլայ» թեմաներով։ Երիտասարդներուն խմբային առաջադրանքներ տրուեցան, որոնց միջոցաւ անոնք վերհանեցին թեմերուն եւ երիտասարդական միութիւններուն մէջ առկայ զանազան խնդիրներն եւ լուծումներ առաջարկեցին։ Յընթացս դասընթացքին, ամեն երեկոյեան տեղի կունենար նաեւ երեկոյեան աղօթք, որմէ յետոյ մասնակիցները կը համախմբուէին սիրոյ սեղաններու շունչ, ինչը առաւել մտերմութեան եւ համախմբումի առիթ կու տար։

Հինգշաբթի՝ 7 Յուլիս, 2022-ին, երիտասարդներուն իրենց մասնակցութեամբ պատուեցին ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի եւ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեան, Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեան եւ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Եպս. Յակոբեան։ Սրբազան Հայրերու ներկայութիւնը մեծ ոգեւորութիւն եւ խանդավառութիւն առաջացուց երիտասարդներու մէջ, ովքեր անձամբ այցելելով իւրաքանչիւր խումբին եւ իրենց օրհնութիւնը բաշխեցին անոնց։

Յուլիս 7-ի երեկոյեան՝ աւարտուեցաւ ՀԵՀԵՄ-ի Կեդրոնական Գրասենեակի կազմակերպած երկօրեայ դասընթացքը, որով իր աւարտին հասաւ, ուխտագնացութեան առաջին բաժինը։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Իր Օրհնութիւնը Բաշխեց «ՀԵՀԵՄ»Ի Ուխտագնացութեան Մասնակիցներուն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, 8 Յուլիս 2022, Ուրբաթ, առաւօտեան, Վեհարանի մէջ ընդունեց, Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միաւորման (ՀԵՀԵՄ)ի համահայկական ուխտագնացութեան մասնակից երիտասարդները։

Ընդունելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի եւ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեան եւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս. Իսախանեան։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ հոգեւորականներու եւ երիտասարդներու կողմէ միաբերան երգուած «Հայրապետական Մաղթերգ»-ով, որմէ յետոյ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Տեսուչ ՝ Հոգշ. Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացնելով ուխտագնացութեան ծրագիրը, հայցեց Հայոց Հովուապետին օրհնութիւնը։

Յաջորդիւ յանուն երիտասարդներու իրենց սրտի խօսքերով հանդէս եկան նախ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ երիտասարդներէն՝ Երազ Չաղլաեան ապա Գերմանիոյ Հայոց Թեմի երիտասարդներէն Արշամ Արզուման, ովքեր երախտագիտութիւն յայտնեցին Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին ցուցաբերած հայրապետական հոգածութեան համար, հաւաստիացնելով որ երիտասարդները միշտ հաւատաւոր զաւակները պիտի մնան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին։

Այնուհետեւ, ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի եւ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ուրախութեամբ ընդգծեց, որ աշխարհասփիւռ հայորդիներ համախմբուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ՝ Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ գօտեպնդուելու եւ շարունակելու եկեղեցանուէր ու ազգանուէր իրենց առաքելութիւնը։ Սրբազան Հայրը, յայտնեց որ երկար ընդհատումէ յետոյ կատարուած ուխտագնացութեամբ երիտասարդներ առիթը ունեցած էին իրարու հետ շփուելու եւ յանուն եկեղեցասիրութեան ու ազգասիրութեան իրենց ծառայութեան ուղիին մէջ ամրանալու։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց երիտասարդներուն, ուրախութիւն յայտնելով Հայաստանէ եւ աշխարհասփիւռ տարբեր համայնքներէ երիտասարդները Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ համախմբուած տեսնելու առիթով։ Հայոց Հայրապետը իր գնահատանքը բերեց Գերշ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանին եւ Հայր Թովմային, եկեղեցասէր երիտասարդութեան հետ տարուած նախանձախնդիր աշխատանքներու համար։

Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց նաեւ, համավարակի ընդհատումէն յետոյ աւանդութեան վերահաստատման կապակցութեամբ, վստահութիւն յայտնելով, որ երիտասարդներ յաջորդիւ կրկին պիտի համախմբուին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ երիտասարդներուն հանդէպ իրենց եկեղեցիին եւ ժողովուրդին ունեցած սիրոյն։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հայրաբար թելադրեց, որ հետաքրքրուին իրենց եկեղեցիին եւ ժողովուրդին հետ եւ անմասն չմնան ազգային եկեղեցական կեանքէն իրենց համայնքներուն մէջ։ Այս առթիւ յայտնեց, որ երիտասարդներու ներկայութիւնն ու աղօթքը, գօտեպնդիչ զօրութիւն ունի։ Իր խօսքերու աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը  ուխտաւոր երիտասարդներուն մաղթեց Աստուծոյ զօրակցութիւնը, անձնական եւ համայնքային կեանքէն ներս ձեռքբերումներու եւ յաջողութիւններու հասնելու համար։

Հանդիպման աւարտին Հայոց Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց երիտասարդները, իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը բաշխելով անոնց։

Ուխտագնացութիւն Դէպի  Սեւանավանք

Շաբաթ՝ 9 Յուլիս 2022-ի առաւօտեան ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի եւ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ  կատարուեց հակիրճ խորհրդածութիւն, յընթացս որու Յովնան Սրբազան Հայր, անդրադարձաւ անցեալ օրերուն կատարուած միջոցառումներու եւ երիտասարդները ոգեւորեց օրուայ ընթացքին նախատեսուած ուխտագնացութեան յայտագիրով։ Այնուհետեւ երիտասարդներ առաջնորդութեամբ Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի ուղեւորուեցան դէպի Սեւանավանք։

Երիտասարդներ, առաջին հերթին հասան Սեւանայ լիճը, ուր ուխտաւորաց թափորը «Տէր Ողորմեա» շարականի երգեցողութեամբ բարձրացաւ դէպի Սեւանավանք։ Ապա երիտասարդներ Սեւանավանքին խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ մեծապէս ոգեւորութեամբ իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին, որմէ յետոյ երիտասարդները ուղղուեցան դէպի Վազգէնեան Հոգեւոր Դպրանոց, ուր անոնց դիմաւորուեց Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեան։ Հայր Սուրբը, ողջունեց Սրբազան Հօրը, ինչպէս նաեւ ներկայ հոգեւորականերուն ու ուխտաւորներուն,  ապա Դպրանոցի հիմնադրման մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ ներկաներու համար շրջայց կազմակերպեց հաստատութեան տարածքէն ներս։

Շրջապտոյտէն յետոյ, ներկաներ Յովնան Արքեպիսկոպոսի շուրջը համախմբուելով  խմբանկար մը ունեցան եւ Վազգէն Վեհափառի արձանին առջեւ խումբը։

 Սեւանավանք ուխտագնացութենէ յետոյ, երիտասարդները հոգեւորականներու գլխաւորութեամբ վերադարձան Աղուերան։ Այստեղ Յովնան Սրբազան Հօր օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ խոկումի արարողութիւն մը, որուն ընթացքին երգուեցան շարականներ եւ եօթը երիտասարդներ իրենց հոգեւոր պատգամներով հանդէս եկան։

Ս. Պատարագ Բջնիի Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Եւ Աւարտ «ՀԵՀԵՄ»-Ի Համահայկական Ուխտագնացութեան

Կիրակի՝ 10 Յուլիս, 2022-ի առաւօտեան երիտասարդ ուխտաւորները ուղեւորուեցան դէպի Բջնիի Ս. Աստուածածին եկեղեցի։

Այս գեղեցիկ եւ  բացառիկ առիթով եկեղեցւոյ կամարներու տակ մէկտեղուել էին երկու հարիւրէն աւելի երիտասարդներ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ Սփիւռքէն։ Օրուան պատարագիչն էր ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի եւ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, առընթերակայութեամբ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Տեսուչ՝ Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը եւ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ ՀԵՀԵՄ-ի ուխտագնացութեան մասնակից երիտասարդ սարկաւագներու ու դպիրներու կողմէ։

Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ Արթիկի Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Հոգշ. Տ. Նարեկ Վրդ. Աւագեան, Կ․Պոլսոյ Աթոռէն՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արարատեան Հայրապետական Թեմէն Տ. Պետրոս Աւ. Քհնյ. Մալեան, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմէն՝ Տ. Վազգէն Քհնյ. Պօյաճեան, Գերմանիոյ Թեմէն Տ. Գնէլ Քհնյ. Գաբրիէլեան, Շուէտէն Տ. Վաղարշ Քհնյ. Իսախանեան, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի Թեմէն Տ. Երուանդ Քհնյ. Երանեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Արիստակէս Քհնյ․ Բաղալեան։ «Հայր Մեր»-էն առաջ՝ Գերաշնորհ Յովնան Սրբազան Հայրը նախքան իր օրուան պատգամը, փառք տուեց Աստուծոյ, որ երկու տարիներ յետոյ աւանդականի վերածուած ուխտագնացութիւնը մեծ շուքով եւ արդիւնաւորութեամբ Հայաստանի եւ արտաշխարհի երիտասարդները ի մի համախմբած կը տեսնէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հովանիին տակ։

Ապա Սրբազան Հայրը «Դուք էք աշխարհի լոյսը» Աւետարանական բնաբանով իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, նշելով «Քրիստոսի այս խօսքը եթէ իր օրին ուղղուած էր առաքեալներուն, ապա այսօր նոյն խօսքը ուղղուած է Ձեզի, սիրելի երիտասարդներ, որպէս հոգեւոր արթնութեան հրաւէր, որպէսզի «Հայաստան – Սփիւռք կամուրջ» ուխտագնացութիւնը Ձեր հոգիներուն մէջ աւելի խորացնէ հաւատքի գիտակցութիւնը, Աստուծոյ սէրն ու Քրիստոսի իմաստութիւնը։

Դուք էք աշխարհի լոյսը…

Հրաւէր կը տրուի Ձեզի Աստուծոյ կողմէ, որպէսզի Ձեր կեանքն ապրիք աղօթքով եւ աղօթքի զօրութեամբ Ձեր մէջ գտնէք աստուածային շնորհները, որոնք կեանքի կոչելով՝ լոյս կը բերէք աշխարհին։ Եւ այս կոչումն է հայ քրիստոնեային՝ լոյս տալու աշխարհին, լոյս, որուն տուիչն է Արարիչն Աստուած, որը պէտք է բաշխուի, ինչպէս եւ կը թելադրէ նաեւ Քրիստոսի Աւետարանը»։

 Իր խօսքին վերջաւորութեանը Սրբազան Հայրը յորդորեց երիտասարդները ասելով․ «Սիրելի՛ երիտասարդներ, քաջատեղեակ դարձէք մեր ս. եկեղեցւոյ լուսաշող դէմքերու պատգամներուն։ Հայ երիտասարդը պէտք է տէրը կանգնի հայ եկեղեցիին, ուր յաւէրժ կը շողայ դէպի յաւիտենականութիւն տանող լոյսը Ս. Էջմիածնի, որուն ս. խորանէն ծնունդ առին հայուն նկարագիրը կերտող անկրկնելի հրաշքները։

Եկեղեցին եւ երիտասարդութեան կապը պէտք է ըլլայ  անքակտելի, մնայուն եւ բազմերանգ իր բովանդակութեամբ։

Երանի ու փառք այն երիտասարդներուն, որոնք վերանկախացեալ մեր Մայր երկրի այս դժուարին տարիներուն իրենց կեանքը սիրոյ գործիք ու շնորհ դարձուցին՝ նախնեաց մեր հողը պաշտպանելու եւ առաւել բարգաւաճ դարձնելու համար։

Սիրելի՛ երիտասարդներ, Ս. Էջմիածնով յագեցած, Ս. Էջմիածնի լոյսով վառուած, Ս. Էջմիածնի մեռոնաբոյր կամարներու տակ պայծառակերպուած կը վերադառնաք տուն՝ ձեր մէջ նոր մարդը կնքելով, հայ քրիստոնեայի նկարագրին ծնունդ տալով»։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան աղօթք կատարուեց Երջանկայիշատակ Ամեն․ Տ. Տիրան Արքեպս. Ներսոյեան, որ եղած է Եկեղեցասէր Երիտասարդացի հիմնադիրը, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի երիտասարդ միաբաններէն Հոգելոյս Տ. Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեանի  հոգիներու համար, որ եղած էր նաեւ ՀԵՀԵՄ-ի նուիրեալ հաւատացողներէն մէկը։

Ս. Պատարագէն յետոյ երիտասարդներ վերադարձան Աղուերան, ուր Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեան մէկ առ մէկ ընդունեց ուխտագնացութեան մասնակից խումբերը եւ իրենց յանձնեց վկայականներ։ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ ուխտաւորներ երբ Աղուերանէն բաժնուին ներշնչուած եւ ծառայութեան պատրաստակամութեամբ վերադառնան իրենց տուները։ Իսկ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ հրաժեշտի խնճոյք և համերգ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի յայտնի երգիչներու եւ պարային խումբերու։ Սոյն միջոցառմանը միացան նաեւ  Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Յովնան Եպս. Յակոբեան եւ Սիւնեաց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ՝ Հոգշ. Տ. Մակար Վրդ. Յակոբեան։

Հուսկ, Գերշ․ Տ․ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, այս առթիւ իր վերջին պատգամը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց բոլոր երիտասարդներուն եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ՀԵՀԵՄ-ը մեծ արդիւնաւորութեամբ յառաջ կ՛ընթանայ դառնալով իրական եւ մնայուն կամուրջը աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան։ Սրբազան Հայրն իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին մշտական հոգածութեան համար՝ հանդէպ ՀԵՀԵՄ-ի առաքելութեան։ Ան նաեւ իր յատուկ գնահատութիւնը յայտնեց ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ․ Տ․ Թովմա Վրդ․ Խաչատրեանին իւր կազմակերպուածութեան համար՝ այս ուխտագնացութիւնը դարձնելով բացառիկ առաքելութիւն իր բոլոր առումներով։

Դիւան Առաջնորդարանի
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ