Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Փրոֆ. Րիչըրտ Յովհաննիսեան Կը Մեծարուի 

Կիրակի, 7 Օգոստոս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6ին։ Պոլսահայ Միութիւնը իր կեդրոնին մէջ կազմակերպած է առասպելական գիտնական Փրօֆ. Վահագն Նորայր Տատրեանի մահուան 3-րդ տարելիցի առթիւ, յիշատակի եւ յարգանքի տուրք մատուցանելու երեկոյ մը:

Ձեռնարկին կը մասնակցին՝ Արարատ Տան Էսկիճեան Թանգարան, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն, Համազգային, Իրանահայ, Իրաքահայ Ընտանեկան Միութիւններ, Հայկական Ուսումնասիրութիւններու եւ Հետազօտութիւններու Ազգային Միութիւն (ՆԱԱՍՐ), Խոստում հայկական Հիմնարկ եւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւն:

Երեկոյի հանդիսավարը պիտի ըլլայ Մարիէթ Օհանէս: Այս հանդիսաւոր միջոցառման կապակցութեամբ Պոլսահայ Միութեան վարչութիւնը հպարտութեամբ կը յայտնէ, որ տեղի պիտի ունենայ Միութեան տարեկան Վահագն Ն. Տատրեանի անուան «Վահագն Ն. Տատրեան Ցեղասպանութեան Ուսումնականութեան» մետալի պարգեւատրումը: Այս մրցանակը կը յանձնուի ականաւոր և միջազգային նշանաւոր գիտնականներուն, որոնց հետազօտութիւնները, յօդուածներն ու գործողութիւնները առաջ բերած են Վահագն Ն. Տատրեանի՝ ցեղասպանութիւններու արդարութեան և կանխարգելման, ինչպէս նաև մարդկային արժանապատուութեան խթանման տեսլականը:

Այս յատուկ երեկոյի ընթացքին, այս մրցանակի երրորդ դափնեկիրը պիտի ըլլայ Փրօֆ. Րիչըրտ Կ. Յովաննիսեանը:

          Ծրագրին պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:

          Մեծ պատիւ պիտի ըլլայ Պոլսահայ Միութեան համար, մինչ մենք կը նշենք Պոլսոյ այս մեծ զաւկին և հայ ազգի յիշատակը:

          Կը խնդրենք ձեր տեղերը ապահովել՝ bolsahye1976@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին եւ կամ զանգահարելով Միութեան Հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքանին բջիջային հեռախօսին՝ (818) 800-1976.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ