Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման առիթով (1927), տարբեր-տարբեր ձեռնարկներու կարգին, հրապարակուեցան օգտաշատ հրա­տա­րա­կութիւններ՝ հոգեւոր, եկեղեցական, հովուական եւ աստուածաբանական բովան­դա­կու­թեամբ: Բոլոր հրատարակութիւններն ալ կը վայելեն Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին բարեհաճ հովանաւորութիւնը:

Թեմի հաստատման 95ամեակին առիթով (1927¬2023) ցարդ հրատարակուեցան հետեւեալ շահեկան աշխատութիւնները.-

  1. «Փունջ մը Քարոզներ». հեղինակ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեան:
  2. «Տարեկան Քարոզգիրք». հեղինակ Կարապետ Արք. Պալատեցի. Արեւելահայ թրգմ. Նորայր Պօղոսեանի:
  3. «Առաքինին Կեանքի Ուղին». հեղինակ՝ Յակոբ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք Նալեան:
  4. «Հովիւի Խօսքեր». հեղինակ՝ Գարեգին Եպս. Խաչատուրեան:
  5. «Գրքոյկ Շահաւէտ». հեղինակ՝ Պաղտասար Դպիր. Արեւելահայ թարգմանութիւն Նորայր Պօղոսեանի:
  6. «Ինչու՞ կը հաւատանք Յիսուս Քրիստոսի». հեղինակ՝ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան:
  7. «Վանական Հոգեկանութիւնը Քրիստոնէութեան առաջին դարերուն». հեղինակ՝ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան:
  8. «Հայ Վանական Հոգեկանութեան Ճգնողական Աւանդութիւնը». հեղինակ՝ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան: 

Ամէն մէկ հրատարակութիւն կը բացուի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Յովնան Արք. Տէր­տէր­եանի գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի ազնիւ արտայայտութիւններով, ուր կը շեշտուի նաեւ հրատարակութիւններուն շահեկանութիւնը թէ՛ Քրիստոնէական, թէ՛ եկեղեցական եւ թէ՛ Մշակութային արժէքներով հետաքրքրուողներուն, ինչպէս նաեւ պարզ հաւա­տա­ցեալ­ներուն համար:

Այս հրատարակութիւններուն շարքին շուտով կը միանան նաեւ հետեւեալ աշ­խա­տու­թիւն­ները.-

Ա) «Պատմական Հայաստանի Հոգեւոր եւ Իմացական Լուսաւորութեան եւ Մշակոյթի Կեդրոնները (Վարդապետարանները). հեղինակ՝ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան:

Բ) «Քալեցէ՛ք, քանի որ Լոյսը ունիք». հեղինակ՝ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան:

Գ) «Ծիսական Պաշտամունք եւ Քրիստոնէական Կեանք». հեղինակ՝ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան:

Դ) «Կինը Հայ Քրիստոնէական Մշակոյթին մէջ». հեղինակ»՝ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան:

Ե) «Մեր լաւագոյններէն մէկը՝ Սբ. Ներսէս Շնորհալի». հեղինակ՝ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան:

Զ) «Յիշողութիւն 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Նահատակ Հայ Հոգեւո­րա­կան­ներ». հեղինակ՝ Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան:

Առաջնորդ Սրբազանը, որ քաջալերողն է եւ ազնիւ հովանաւորը այս հրատա­րա­կու­թիւն­ներուն, տեղ մը գնահատանքով կ’անդրադառնայ անոնց օգտաշատ դերի մասին.- «Նման արժէքաւոր հրատարակութիւններ հաւասարապէս կը նպաստեն տարբեր ար­ժէք­նե­ր եւ կարեւոր ծանօթութիւններ փոխանցելու մեր հաւատացեալներուն, մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան եւ Քրիստոնէական Մշակոյթով հետաքրքրուողներուն: Այս հրատարա­կու­թիւն­նե­րով, ընթերցող լայն հասարակութեան եւ մեր նոր սերունդին առիթ կը տրուի ճանչնալու  Քրիստոնէական Հաւատքին, մեր դարաւոր Եկեղեցիին եւ Հայ Մշակոյթին վերաբերող հո­գիի եւ մտքի գանձերը: Պէտք չէ մոռնալ, որ Եկեղեցին մեր մտքին եւ հոգիին մեծագոյն աւա­զանը եղած է միշտ»: 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Օգոստոս 23, 2022
Պըրպենք
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ