Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Երեխաները

Մենք՝ մեծերս, յատկապէս անոնք, որոնք նստած են աշխարհը կառավարելու վահանակին առջեւ, ինչպէ՞ս կը վարուինք: Կ’ընենք այն՝ ինչ ըստ մեզի  կարեւոր է, յաճախ նոյնիսկ առանց նկատի ունենալու ուրիշ ոեւէ մէկու կարծիքը:  

Մենք կրնանք խաղաղութիւնը, մոլորակը, աշխարհը դնել պնակի վրայ, նստիլ սեղանի շուրջ, եւ դանակով ու պատառաքաղով կիսել այն,  ինչպէս որ քաղցր խմորեղէնը կը կիսենք:  Ընդ որում,այդ գործողութիւնը ընդհանրապէս կը կատարուի ոչ թէ հաւասարութեան սկզբունքով, այլ՝ ըստ ճաշակի, ցանկութեան եւ ախորժակի։

Մենք մէկ գիշերուան ընթացքին կրնանք պատերազմելու սկսիլ, մէկ որոշումով կրնանք կեանքեր խլել, մէկ գիշերուան ընթացքին կրնանք մոլորակի որեւէ մէկ վայրի մէջ պատերազմը դադրեցնել, եթէ այդ պատերազմը մեզի համար շահաւէտ չէ:

Մենք կ’ընենք այն՝ ինչ մեր սիրտը ուզէ եւ մեր ունեցած իշխանութիւնը կը թելադրէ:

Այս բոլորի մէջ տուժող կողմը  միշտ եղած են ու պիտի ըլլան երեխաները՝ մոլորակի վրայ ապրող բազմագոյն, բազմալեզու, մաքուր ու անմեղ երեխաները։

Մենք անոնց աշխարհը կը քանդենք, անոնց մանկութիւնն ու հոգեբանութիւնը կը կործանենք։ Կ’ոչնչացնենք այն՝ ինչ անհրաժեշտ է եւ  պէտք է որ պարարտ հող ըլլար  մարդկային արժանիքներու կերտման համար:  Մենք պարզապէս անոնց արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը կ’ոչնչացնենք, բայց…  կ’ակնկալենք տեսնել ապագայի ողջամիտ առաջնորդներն ու գիտնականները:  Որեւէ որոշում, որ  մենք կ’ընդունինք յանուն կարծեցեալ  «խաղաղութեան», «բարեկամութեան», «դրացիութեան»,  «համաշխարհայնացման», «աշխարհապահպանման» , մենք կ’ընենք առաջնորդուելով միայն ու միայն մեր սեփական շահերով եւ յաւակնութիւններով։ Իսկ յետոյ բարձրաձայն եւ գեղեցիկ ձեւով կը սկսինք «հեքիաթային ճանապարհներ»  մատնացոյց ընել՝ բարեկեցիկ եւ առողջ կեանքի համար։

Մենք կ’ոչնչացնենք ամէն ինչ, ինչին որ մեր մատը դպչի… իսկ անոր պտուղները կը քաղեն մեր երեխաները.  պարտաւորուածութիւններն ալ կը կրեն մե՛ր երեխաները:  

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ