Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Արա Ահարոնեանի «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն» Հատորի Շնորհանդէսը Եւ Հեղինակին Նուիրուած Յուշ Երեկոյ

Կիրակի, Օգոստոս 21, 2022, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն» հատորին շնորհանդէսը եւ մեր թանկագին ընկերոջ յուշ երեկոն։

Շատ քիչ անգամ վայելած ենք այսքան փառաւոր եւ տպաւորիչ, այսքան առինքնող ձեռնարկ մը, ինչպիսին էր այդ օրուայ միջոցառումը։

Հոյակապ հանդիսավարուհի, ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու մէկը միւսէն սքանչելի ելոյթները, օրուան գլխաւոր բանախօսին խիստ շահեկան հատորի խմբագիրին խօսքը, արուեստագէտներու հոգեթով ելոյթները ամէն ինչ յետին մանրամասնութեամբ, բացառիկ բծախնդրութեամբ, վայելչութեամբ եւ Ընկ. Արա Ահարոնեանին վայել կոկիկութեամբ կազմակերպուած էր այդ երեկոն։

Այդ օր մեր ընկերոջ Արա Ահարոնեանի հոգին կը թեւածէր սրահէն ներս, ազգային եւ հայրենասիրական կուսակցաբոյր մթնոլորտ մը ստեղծելով։

Ձեռնարկը իր օրհնաբեր ներկայութեամբ կը պատուէր Թեմիս Բարեջան Առաջնորդի ներկայացուցիչ՝ Արժ. Տէր Մանուկ Ա. Ք. Մարգարեան, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ի Առաջնորդ՝ Պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, հանգուցեալի ընտանիքի անդամները եւ հարազատները, պետական այրերը, միութենական, մամուլի ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը։

 Օրուան շնորհաշատ հանդիսավարուհի՝ Սեւան Տէր Պետրոսեանի բացման եւ ողջոյնի խօսքէն ետք, հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու համար մեր ընկերոջ բարի յիշատակը եւ հայրենիքի մէջ Սուրմալուի պայթումին զոհ գացող հայրենակիցներու յիշատակը։

Ապա խօսք առաւ ՌԱԿ-ի, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան։ Ան գնահատելէ ետք Ընկ. Արա Ահարոնեանի տարիներու կուսակցական եւ ազգային ու հայրենասիրական ծառայութիւնները ըսաւ. «Շրջանային Վարչութիւնը առ ի գնահատանք մեր ընկերոջ տարիներու ծառայութեանց, որոշեց սոյն հատորը հրատարակել յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը»։

Ողբ. Արա Ահարոնեան անդամ էր Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, բազմաթիւ միութիւններու եւ միաւորներու։ Անոր կենսագրութիւնը շատ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ խօսքերով ներկայացուց ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Գէորգ Հալէպլեան։

Ապա խօսք տրուեցաւ «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն» հատորի խմբագիր, հայրենիքի ու մանաւանդ սփիւռքի ծանօթ մտաւորական, բազմամեայ կրթական մշակ՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեանին, ներկայացնելու համար խմբագրուած հատորը։ Դոկտ. Գոճայեան ինք եւ իր տիկինը՝ Նազիկը մօտ մէկ տարի աշխատած են այս հատորի մէջ դրուած տեղեկութիւնները դասաւորելու, խմբագրելու, խտացնելու եւ կրկնութիւններէ խուսափելու գործը ընելով։

«Ես եւ տիկինս առաջնաշնորհուած կը զգանք այսպիսի խիստ շահեկան գիրք մը լոյս աշխարհ բերելու եւ այս գիրքը հրատարակելով, մենք Ընկ. Ահարոնեանի տարիներու աշխատանքը եւ երազը իրականացուցինք շնորհիւ Շրջանային Վարչութեան նիւթական աջակցութեան», ըսաւ Դոկտ. Գոճայեան։

Նազիկ Գոճայեան

Գիրքին սրբագրիչ՝ Նազիկ Գոճայեան ապրումով կարդաց այդ գիրքէն պատառիկներ։

350 էջնոց այս գիրքը կը բաղկանայ չորս բաժիններէ, ունի 127 գլուխ եւ հեղինակը տուած է այս կուսակցութեան նախակարապետը հանդիսացող Արմենական Կուսակցութեան պատմութիւնը եւ մինչեւ ՌԱԿ-ի 1921-ին հիմնադրութեան տարին եւ անոր յաջորդող 100-ամեակը։

Սուզի Մազմանեան

Այս հատորին մէջ կը կարդանք մեր ժողովուրդի վերջին 100 տարիներու պատմութիւնը, ազգային միաւորներու, կուսակցական համագումարներու, ՌԱԿ-ՀԲԸ Միութեան, ՌԱԿ-ԹՄՄ-ի եւ հայրենիքի հետ ունեցած աշխատանքները։ Նախորդ խօսողներուն նման Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի խօսքը ընդունուեցաւ երկարատեւ ու ջերմ ծափահարութիւններով։

Այդ օր իր գեղեցիկ ձայնով ու կատարումով ներկաները հմայեց գաղութիս ծանօթ երգչուհի Սիւզի Մազմանեան դաշնակի ընկերակցութեամբ Դոկտ. Իզապէլ Գայայեան «Հաւուն Հաւուն» հոգեւոր շարականը եւ Անուշ օփերայի «Ասում է Ուռին» երգերով խռովեց ներկաներուն հոգիները եւ արժանացաւ երկարատեւ ծափահարութեան։

Խօսք առին ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան բազմամեայ անդամ, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանայինի նախկին ատենապետ Ընկ. Փանիկ Քէշիշեան (հայերէնով) եւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ իրաւաբան՝ Թամար Փոլատեան Փերօն (անգլերէնով), երկու խօսողները Արա Ահարոնեանի ընտանեկան եւ կուսակցական շատ մօտ անհատներ ըլլալով խօսեցան Ողբ. Արա Ահարոնեանի հետ ունեցած յիշատակներու եւ անոր տարած բեղուն գործունէութեան մասին։ Երկու խօսողներն ալ իրենց խօսքի մատուցմամբ եւ տեղեկութիւններով խորապէս գոհ ձգեցին ներկաները։

Մայտա Քիւրէճեան

Սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան ԹՄՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի վարիչ քարտուղարուհի Ընկերուհի Մայտա Քիւրէճեան, որ մօտէն ծանօթ է Ահարոնեան ընտանիքին Պէյրութէն, կոչ ուղղեց Արային տիկնոջը եւ զաւակներուն, որ շարունակեն իրենց հօր պատուաբեր գործը, նմանապէս խօսք առաւ Կլենտէյլի այժմու սիրուած եւ յարգուած քաղաքապետ՝ Արտի Քացախեան, որ խօսեցաւ Արային հետ ունեցած գործակցութեան մասին եւ իր խորունկ յարգանքը մատուցելէ ետք իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Ահարոնեան, Կանիմեան եւ Տեփանեան ընտանիքներուն եւ հարազատներուն։

Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ հանրածանօթ երկու հեռատեսիլի (24) ժամեայ կայաններու սեփականատէր Վրէժ Աղաճանեան խօսք առնելով, յիշեց թէ ինչպէս ինք Արային նշանակած է Կլենտէյլի Քաղաքապետարանի Յանձնախումբերէն մէկուն մէջ, որպէս անդամ եւ որ ան կատարած էր այդ պաշտօնը մեծ գիտակցութեամբ ու նուիրումով։

Իսկ Գալիֆորնիոյ նահանգի Ծերակուտական Senator Anthony Portantino խօսք առնելով յիշեց, թէ որքան մօտ էր Արային, անոր հետ տարած աշխատանքին քանի մը դրուագներ պատմելով, ցաւակցութիւն յայտնեց Արայի տիկնոջը, զաւակներուն, հարազատներուն եւ ՌԱԿ-ի անդամներուն։

Ռիթա Ահարոնեան Սարուխանեան

Խօսք առաւ հանգուցեալ Ընկ. Արա Ահարոնեանի դուստրը՝ Ռիթա Ահարոնեան Սարուխանեան, որ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով շնորհակալութիւն յայտնեց ՌԱԿ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն իր հօր համար կազմակերպուած նման յուշ երեկոյին եւ հրատարակելու համար իր հօր տարիներու աշխատանքը եղող հատորին, իր, իր մօր, եղբօր, հօրաքրոջ Կանիմեան ընտանիքին եւ Տեփանեան ընտանիքներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեց սրահը լեցնող հոծ բազմութեան, որ ներկայ էր այդ երեկոյ։

Արա Ահարոնեան ոչ միայն այս գիրքին, այլ չորս ուրիշ գիրքերու հեղինակ է, ինչպէս նաեւ տաղանդաւոր երգիչ մըն էր (Խ.Ճ.)։

Այդ գիշեր ցուցադրուեցաւ Արա Ահարոնեանի արձանագրուած երկու երգեր, որոնք արժանացան ներկաներուն որոտընդոստ ծափահարութեան։

Դաւիթ Սամուլեան Եւ Արամ Լէբէճեան

Ելոյթ ունեցաւ Ահարոնեան ընտանիքի (Փայլակին եւ Արային) մօտ ընկեր եւ տարիներու աշխատակից Դաւիթ Սամուէլեան, որ երկու երգ երգեց (Տուն մեր հայրենի), որ առաջին անգամ հնչեց այդ գիշեր, եւ Արային սիրած (Տարիները անցան) երգեր, արժանանալով ներկաներուն բարձրաձայն պռաւօներու եւ ծափահարութեան։

Վերջաւորութեան խօսք առաւ Կազմակերպիչ Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Խաչիկ Ճանոյեան, որ Արային մասին կարճ խօսքէն ետք, իր գլխաւորած Յանձնախումբին բոլոր անդամներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց հանգիստը, տունը, տեղը ձգած՝ այս յուշ երեկոյին ներկայ եղած են։

«Ընկ. Արա Ահարոնեան ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ, բայց Ան մեզի հետ է իր ընտանիքով, զաւակներով, հարազատներով ու մանաւանդ իր հատորներով ու ծառայութեամբ»։

Ճանոյեան հրաւիրեց թեմական Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Մանուկ Ա.Ք. Մարգարեան եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Ամերիկայի հոգեւոր տեսուչ՝ Պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, որոնք իրենց սրտի խօսքով եւ աղօթքով փակեցին այդ օրուայ ձեռնարկը։

Բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան շատ ճոխ հիւրասիրութեան, որ տրամադրուած էր Տէր եւ Տիկ. Շահէ եւ Արփի Կանիմեան եւ զաւակունքի կողմէ (Տիկ. Արփի Կանիմեան քոյրն է հանգուցեալ Արային)։

«Յիշատակն Արդարիւն Օրհնութեամբ Եղիցի»։

Հանդիսականներ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ