Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւմտեան Թեմի Երեք Ուսանողներ Կ’ուսանեն Ս. Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանում

Արեւմտեան թեմը եւ անձամբ Առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը մշտապէս շեշտել են երիտասարդների ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը թեմի եւ առհասարակ եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ, այդ թւում կարեւորելով նաեւ հոգեւորականներ պատրաստելու առաքելութիւնը։

Կիրակի՝ Օգոստոսի 21-ի ս. պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ յայտարարեց, որ երեք երիտասարդներ՝ Բարշ. Կարէն Սրկ. Համամճեանը, Արին Դպիր Փարսանեանը եւ Զարեհ Դպիր Միրզայեանը օրեր անց պիտի մեկնեն Նիւ Եորք՝ Ս. Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանէն ներս իրենց աստուածաբանական, հոգեւոր ուսումնառութեան շրջանը կատարելապէս ունենալու համար, «որպէսզի դառնան ուսեալ ու զարգացած հոգեւորականներ մեր թեմական կառոյցէն ներս»։

Երեք երիտասարդները Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի խորանին ստացան Առաջնորդ Սրբազանի օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։ Յովնան Արք. Տէրտէրեանն իր խօսքում ի մասնաւորի նշեց. «Ուրախութեամբ կ’ուզենք մեր ժողովուրդին տեղեակ պահել, որ Արեւմտեան թեմէն ներս իրագործուող բազում առաքելութեանց շարքին ամենէն գլխաւորը նոր սերունդի, նոր հոգեւորականներու հոգեւոր պատրաստութիւնն է, որոնցմով եւս պիտի ապահովուի Արեւմտեան թեմի շարունակականութիւնը։ Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ անցնող գրեթէ 20 տարիներու ընթացքին թեմի զանազան համայնքային շրջաններէն ներս գրեթէ քսան նոր հոգեւորականներ ծառայութեան են կոչուած, որոնք կ’իրականացնեն հովուական բարի եւ աստուածահաճոյ առաքելութիւնը»։

Նշելի է, որ միաժամանակ եւս երեք երիտասարդ թեկնածուներ կը նախապատրաստուեն Ս. Ներսէս Ընծայարան ընդունուելու համար։ Սրբազան Հայրը նաեւ յայտնեց, որ այսօր շուրջ 250 սարկաւագներ իրենց ծառայութիւնն են բերում Արեւմտեան թեմի տարբեր եկեղեցիներում ու կառոյցներում։

«Ինչքա՜ն ուրախալի է, որ ս. խորանին ծառայող մեր երիտասարդութեան մէջ կ’արթըննայ քահանայական կոչման զգացողութիւնը եւ գիտակցութիւնը, այդ յոյս կը բերէ եւ հոգեւոր ուրախութիւն կը պատճառէ մեզ», եզրափակեց Յովնան Արք. Տէրտէրեանը։

Դիւան Առաջնորդարանի
22 Օգոստոսի, 2022
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ