Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մանսուրեանի «Օրհներգ»ը Կատարուեցաւ Բռնոյի Մէջ

Աշխարհահռչակ երաժշտագէտ և յօրինող Տիգրան Մանսուրեան Չեխոսլավաքիոյ Բռնօ քաղաքի մէջ կայացած Մենտելի Երաժշատական փառատօնին մասնակցեցաւ անցեալ ամիս։

Մարիամ Աստուածածին Համբարձման Տաճարին մէջ Բռնոյի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի եւ երգչախումբի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ այս առիթով իր հեղինակած «Օրհներգ-Նաւապետ Բարի» ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ իր ներկայութեան եւ արժանացաւ հանդիսատեսի ու մանաւանդ երաժշտական մամուլի բարձր գնահատանքին։

Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ երգիչ պարիթոն Աքսել Տավէեան, որ կատարեց Չեխ  յօրինող Լեոշ Եանաչէքի Գլագոլիտիկ պատարագի նախերգանքը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ