Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

«Սփիւռքի Տարի»

Չափազանց Լուրջ Ազգային Հարցեր

ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Վերջին աւելի քան քսանհինգ տարին զբաղած եմ, կ’ուսումնասիրեմ Հայ Սփիւռքի տարածքին կատարուած ազգ. իրողութիւնները:

Գրած եմ, խօսած տարբեր հարթակներէ մեր լուրջ խնդիրներու մասին, որոնք ցարդ լուծուած չեն, եւ…

 Սփիւռքահայերը կ’ապրին աշխարհի տարածքին աւելի քան յիսուն երկիրներու վրայ (7-8 միլիոն): Չորս հիմնական գաղութներն են՝ Ռուսաստան (2 միլիոն, 800 հազար, վերջնական չէ), ԱՄՆ ( մօտ մէկ միլիոն 600 հազար), Ֆրանսա (մօտ չորս հարիւր հազար), Վրաստան (մօտ չորս հարիւր հազար):

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի», մինչեւ այստեղ շա՜տ լաւ, բայց երբ այսպիսի մեծ, համապարփակ կոչ կը հռչակենք, մեզի համար կը մնայ մի՛շտ անհասկնալի, արդեօք այս կոչին կողքին կա՞յ հիմնադրամ մը, որպէսզի ներքեւի մեր նշած չափազանց ԼՈՒՐՋ խնդիրներուն դրական լուծում մը տրուի, գաղութները վերակենդանացնելու համար տարբեր եւ անխտիր բոլորին ծառայելու, ծրագրուած աշխատանքով: Ծրագիրները կը դրուին, կը խօսուին, բայց կ’իրականացուին երբ կա՛յ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ: Մեր համեստ կարծիքով նուազագոյն հարիւր միլիոն տոլար:

Սփիւռքը չ’սկսաւ 1915-ի ցեղասպանութենէն յետոյ: Սփիւռք գոյութիւն ունէր դեռ շատ վաղ ժամանակները: Օրինակ մը՝ Լեհաստանի մէջ ունէինք հզօր համայնք մը (14-15-րդ դարէն), աւելի քան երեք հարիւր հազար, անոնք չկրցան գոյատեւել, քանի որ կորսնցուցին լեզուն, եւ ապա շատերը գաղթեցին այլ երկիրներ եւ ուծացան: Պիտի չմտնենք այլ մանրամասնութեանց մէջ:

Սկսինք:

Ա. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐ:

Սփիւռքի բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն մեծագոյնը հայ դպրոցն է, ամենօրեայ: Եթէ Արեւմտահայերէնը յայտարարուեցաւ վտանգուած լեզուներու շարքին, ապա դպրոցը միակ հիմնական վայրն է, ուր հայ փոքրիկն ու պատանին պիտի սորվին իրենց մայրենին, ազգային ինքնութեամբ զինուած, այսինքն հայապահպանում, Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ:

Որքա՜ն ուշացած ենք… վերջին յիսուն տարին Սփիւռքի տարածքին փակած ենք 231 ամենօրեայ դպրոց (թիւը վերջնական չէ), եւ անշուշտ տագնապը լուծելը կը կարօտի հիմնապէս նիւթական հզօր հիմնադրամի: Այսինքն եթէ Հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ կ’ապրին վեց հարիւր հազար հայութիւն (մօտ 96-97 հազար աշակերտ), պէտք ունինք բազմաթիւ նոր հայկական դպրոցներու… եթէ կառուցելու եւ պահելու հաստատակամութիւն կայ…: Ըսած եմ տարիներ առաջ, միայն Կլենտէյլ քաղաքի մէջ (ուր կ’ապրին 94 հազար հայ), եթէ պիտի կառուցենք նոր երկու դպրոց, ամէն մէկ դպրոց սկսելու համար կ’արժէ 15 միլիոն տոլար, 600-700 աշակերտի համար տարեկան պիւտճէն երեք միլիոն տոլարէ աւելի…խնդրեմ: Կրկին ըսած եւ գրած ենք, մենք կը գտնուինք ճգնաժամային վիճակի մէջ, ամբողջ Սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցներ կը յաճախեն (դպրոցական տարիք ունեցողներու) միայն 2,5-էն 3 տոկոս ՄԻԱՅՆ: Այս լուրջ հարցին կու գայ միանալու, այստեղ հաստատուած հարիւր հազարաւոր Հայաստանէն արտագաղթած մեր հայրենակիցները, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը կապ չունի գաղութի կեանքին հետ, 1990-ականներէն մինչեւ 2010-ականները անոնք ուղղակի դէմ էին, մեր դասաւանդած հայկ. դպրոցներուն մէջ սորվելու արեւմտահայերէն…, անոնց մեծամասնութիւնը ամերիկեան հանրային դպրոցներ կը յաճախեն:

Մոսկուայի մէջ կ’ապրին մօտ ինը հարիւր հազար հայ… ունին մէկ ամենօրեայ դպրոց, եւ մի քանի շաբաթօրեայ դպրոցներ:

Բ. ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

1993-ի Հոկտեմբերին երբ հաստատուեցայ Լոս Անճելըս, մի քանի ամիս ետք Մաշտոց Գոլէճի կատարած մէկ ուսումնասիրութենէն իմացայ, որ խառն ամուսնութիւնները, այդ ժամանակ, 22-23 տոկոս էին: Իսկ այժմ 45-47 տոկոս, այլ տուեալներով աւելի:

 Չկրցանք, չուզեցինք, ԱՆԿԱԽ երիտասարդական կեդրոններ հիմնել հայաշատ տարբեր քաղաքներու մէջ (Կլենտէյլ, Պըրպէնք եւ այլուր): Եւ այս կեդրոններու առաջարկը առաջին անգամ կատարած եմ US Արմենիա հեռուստակայանէն ութը տարի առաջ… մեր հայ երիտասարդները անկախ վայր մը չունին իրար հետ ծանօթանալու, մտերմանալու… եւ այսպէս կորսնցուցած ենք հարիւր հազարաւոր երիտասարդներ, որոնք ամուսնացած են՝ քորիացիներու, ֆիլիփինցիներու, փաքիստանցիներու, ճափոնցիներու, տեղացի ամերիկացիներու հետ… եւ ուծացումը  կը  շարունակուի մեծ թափով: Կրնա՞նք լուծել այս չափազանց կարեւոր խնդիրը:

Գ. ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԱՅԼ ՀԱՅԿ. ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

Մարտահրաւէրներու մեծագոյններէն մին մեր զարմանալի անհաղորդ, անզիջող, անհամերաշխ ըլլալն է իրար հանդէպ: Հայ երեք յարանուանութիւնները ԱՄՆ-ի մէջ ունին 161 եկեղեցի, բայց ունինք միայն 23 դպրոց… ո՞ւր մնաց այդ հանկերգը, թէ ամէն եկեղեցի ունի իր դպրոցը…: Երեք աւանդական կուսակցութիւնները, այո՛, իրենց գործերը կը կատարեն, բայց արդեօ՞ք ժամանակավրէպ չէ անջատ, իրար հակասող գործելակերպը… հայկ. կուսակցութիւնները, եւ այլ բազմաթիւ մշակութային եւ հայրենակցական միութիւնները տարին ՄԷԿ անգամ իրար մօտ կու գան, Ապրիլ 24-ի տօնակատարութիւնները միասնաբար նշելու…ափսոս, դեռ մէկ անգամ իրար հետ համախորհուրդ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎ մը չգումարեցին հայկական դպրոցներու իսկական վիճակը քննելու, լուծումներ գտնելու, հայ երիտասարդներու լուրջ խնդիրներով մտահոգուելու: Բազմաթիւ միութիւններ արդէն իրենց դռները փակած են, մեր նոր սերունդը, վերջին մանաւանդ 32 տարին, օրինակ մը չունի, թէ այս եւ այդ միութիւնները միացած են…: Մենք միանալ գիտե՞նք:

Դ.ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ -ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ- ՄԷԿ ՄԵԾ ՄԱՐՄՆԻ ՄԸ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ:

Այսպիսի, լուրջ, մեծ համասփիւռքեան մարմին մը չունենալու տխուր առիթով, ի՛նչ որ կորսնցուցած ենք վերջին 50-45 տարին ԱՆՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼԻ է: Շա՜տ ուշացած ենք, գրեթէ բոլոր բնագաւառներու մէջ: Ըսած են, լսած ենք, որ Սփիւռքը 8 միլիոն հայութիւն կը հաշուէ…մենք, համեստօրէն, կը կարծենք որ Սփիւռքը հազիւ չորս միլիոն է՛, եւ իրարմէ շատ տարբեր: Հայութենէն հեռացած են աւելի քան երեք միլիոն, որոնք կապ չունին հայկական ինքնութեան հետ: Այլ երկիրներու մէջ ապրելով նոյն հայը ունի տարբեր մտահոգութիւններ, տարբեր հոգեբանութիւն, տարբեր մտածելակերպ, եւ այլն:

Ե.ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՆԴԷՊ:

 Բոլորիս յայտնի է, թէ վերջին 31 տարին ինչպէս Հայաստանի բոլոր յաջորդող կառավարութիւնները օգտագործեցին Սփիւռքը…եւ լուրջ համակողմանի կերպով, բարձր մակարդակով, համագործակցութիւն տեղի չունեցաւ: Բոլորս ՄԵԾ ոգեւորութեամբ մասնակցեցանք «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ի թելեթոներուն, եւ ի՞նչ եղաւ, կորսցնուցինք Արցախի 75 տոկոսը, կորսնցուցինք հաւատքը մեր ուժերու նկատմամբ: Անարդիւ-նաւէտ եղաւ կատարուած հսկայական աշխատանքը: Ինչե՜ր ըրինք դպրոցներու մէջ, որպէսզի հայ պատանիներուն ոգեւորենք, ինչե՜ր…: Ո՞ւր են այդ գումարները: Չեմ յիշեր ո՞ւր կարդացի հետեւեալը. «Բազմաշերտ վերակառուցումը, Մայր հայրենիքի սատարումը սփիւռքի ապագային՝ ցանկալի ցուցանիշները»: Պարզապէս շշմած եմ, մասնագէտ մարդիկ դեռ չեն գիտեր, որ հայրենիքը մեզ ԵՐԲԵՔ նիւթապէս չի կրնար օգնել… Այսօր Հայաստանի մէջ հարիւրաւոր դպրոցներ ո՛չ թէ պէտք է նորոգուին, այլեւ պէտք է քանդուին եւ նորը կառուցուին…: Հայաստանը վերջին 30 տարին Սփիւռքի դպրոցներուն ղրկած է միայն տա-րատեսակ գիրք, միա՛յն:

Տարբեր տարիներու Հայաստան-Սփիւռք համաժողովները, իրենց բարի եւ լաւ մօտեցումներով հանդերձ, չկրցան իսկական նախաձեռնութիւններ իրականացնել… Սփիւռքահայը մնաց իր նոյն վիճակին մէջ, մեզի օտար նկատեցին…պետական գործերու մէջ չներգրաւեցին, միայն ըսին որ բիզնես բացէք, այդ ընողներուն ալ գողցան… կրկին շատ ու շատ հայեր զզուեցան եւ հեռացան հայրենիքէն…իրականութիւններ են, որ կ’ըսենք, կրնաք չընդունիլ… եւ այսօր իսկական մտերմիկ կապը, որ վաղուց պէտք էր որ ըլլար հայրենիքի հետ ՉԿԱՅ, քանի որ վստահութիւն չկայ, այս չկայ, այն չկայ… ուրիշ այլ բաներու կողքին: Պիտի փոխուի՞նք:

Զ.ՍՓԻՒՌՔԻ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑ:

Մեր մասնագէտ աւագ ընկերներէն մէկը երբ ըսածս լսեց,

ըսաւ. «ռոմանտիկ բաներ են, անիրականանալի»… ճիշդ էր, ըսածս այն էր, որ երբ տարբեր գաղութի մը մէջ (վերջին 50 տարին) դպրոց մը փակուեցաւ, այդ դպրոցի շէնքը կամ կալուածը ծախուեցաւ, գումարը ՊԷՏՔ էր փոխանցուէր այլ գաղութի մը, որպէսզի նոր դպրոց մը կառուցելու ծառայէր… չըրինք, չկրցանք իրականացնել, քանի որ բոլորը անհամերաշխ են, իրար հանդէպ վստահութիւն չունին, իրար գործերը չեն յարգեր, եւ այլն: Եւ հիմա լուրջ հարցը հետեւեալն է, այդ ծախուած կալուածներուն գումարը ո՞ւր ծախսուեցաւ, ո՞վ կամ ո՞վքեր կրնան պահանջել, որոնք են պատասխանատուները: Այս մասին կրկին գրած եմ տարինե՜ր առաջ:

Վերը մեր նշած միասնական մարմնի չգոյութեան պատճառով շա՜տ բաներ կորսնցուցած ենք, եւ դեռ կը կորսնցնենք… ինչո՞ւ, որովհետեւ չենք ուզեր ըմբռնել (չենք ըմբռնած) որ այսպէս շարունակել կարելի չէ, «Սփիւռքի տարի» եթէ ըսինք, վերոնշեալներէն բան մը պիտի փոխուի՞… ովքեր կրնան հաշուել թէ, միայն վերջին 20 տարուայ ընթացքին քանի հարիւր հազար հայ հեռացած է հայկական ինքնութենէն, սփիւռքի տարածքին, խնդրեմ ըսէք…:

Քանի՞ միլիոն է Սփիւռքի հայութիւնը, ճիշդ տուեալներ ունի՞նք… Ո՛Չ: Ազգային ռազմավարութեան բացակայութիւնը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի… դեռ կրնամ բազմաթիւ այսպիսի հարցել տալ:

Ցաւով է որ կը գրեմ այս տողերը, ազգային այսպիսի տարբեր նիւթերու մասին շա՜տ գրած եւ խօսած եմ, բան մը չէ փոխուած եւ դեռ կը խօսինք լաւատեսութեան մասին…:

Լուծումներ տուած եմ տարբեր յօդուածներուս եւ դիմատետրի իմ հոլովակներուս մէջ, խնդրեմ կարդացէք եւ դիտեցէք… ամէն ինչ այստեղ կրկին գրելը իմաստ չունի:

Լ. Անճելըս, Սթիւտիօ Սիթի
գրուած է Մայիսին, վերանայուած է
Օգոստոս 2022-ին:
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ