Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

«Սալամ Ալալ Մալիք»…

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Առաջուայ խառն դատարանի շէնքին քովէն իջնող, եւ մինչեւ Էզպէքիայի պարտէզները երկարող պողոտան ,դեռ այն ատեն, նախկին թագաւորի հօր անունով Ֆուատ կը կոչուէր եւ Գահիրէի մէջ ամենէն շքեղներէն էր:

Մաքուր ասֆալտապատ փողոցին վրայ, Շեմլա, Սիքիւրել, Օրեքքօ մեծ վաճառատուներու կողքին, կային նաեւ ճաշակաւոր աւելի պզտիկ ուրիշ խանութներ, ուր ապակիէ ցուցափեղկերու մէջ բարձր որակի ապրանքներ կը ծախուէին : Այդ խանութներուն պատճառաւ, հաճելի էր անցնիլ շաբաթ կամ կիրակի օրերու կէսօրէ վերջերը Ֆուատ Ա.ի պողոտայէն, եւ ամառ թէ ձմեռ առանց աճապարանքի դիտել ցուցափեղկերուն մէջ շարուած ճաշակաւոր ապրանքները , որոնց գեղեցկութենէն, կարծես եւրոպական հով կը փչէր դիտողին…:

Սակայն շաբթուան մէջ լուր օրերուն ,երբ մեծ վաճառատուներուն դեռ չհասած՝ դպրոցին օթոպիւսները երբեմն Սոլիման փաշայի երթեւեկի լոյսին առջեւ կանգ կ’առնէին, ուշադրութիւնս Ֆուատի խաչմերուկին վրայ գտնուող մասնաւոր խանութի մը վրայ կը կեդրոնանար :

Անոր պատի երեսին շարուած վարդագոյն կրանիթէ փայլուն քարերէն վեր, ես ամեն օր <Brazilian Coffee> կը կարդայի : Գեղեցիկ էր խանութը ու շարունակ բացուող- գոցուող մութ գոյն ապակիէ դուռը, եւ անդադար մտնող- ելլող յաճախորդները այն տպաւորութիւնը կու տային , թէ ներսը ծախուած սուրճը համով ըլլալու էր :

Այն տարիներուն ես դեռ Պրազիլական սուրճի մասին գաղափար չունէի եւ մտքիս ծայրէն ալ չէր անցներ, թէ առանց այդ սուրճին համը փորձած ըլլալու, պարագաներու բերմամբ, օր մը ընտանիքով Պրազիլ պիտի գաղթէինք :

Մայրս տան մէջ ուրիշ երկիրներէ եկած սուրճ կը գործածէր,որ համով էր եւ ես Պրազիլական սուրճին համը փորձելու համար, երբե՛ք չէի երեւակայեր մինակս <Brazilian Coffee> ծախող խանութը մտնել , որովհետեւ դեռ պզտիկ էի այն ատեն:

Սակայն յետագային ալ երբ մեծցայ եւ շատ առիթներով այդ խանութին առջեւէն անցայ,զարմանալիօրէն չմտածեցի մտնել եւ հոն ծախուած սուրճին համը փորձել : Փոխարէն՝ կիրակի օրերու կէսօրէ վերջերն ալ երբ բարեկամներով շարժանկարի ներկայացումներու երթայինք, գրեթէ միշտ կը նախընտրէինք անկէ ետք դիմացը գտնուող A L’Americaine էն անցնիլ եւ կարկանդակի համով կտոր մը փորձել …

Սոլիման փաշան, Ապտէլ Խալիք Սարուաթը, Քասր էլ Նիլը , Էմատ էլ Տինը եւ անոնց շրջակայքը , Գահիրէի գեղեցիկ եւ կարեւոր փողոցներէն էին :

Հոն կը գտնուէին զբօսանքի լաւ վայրեր, գոց կամ բացօթեայ սինեմաներ, սրճարաններ եւ ճաշարաններ ուր մարդիկ ներսը ապակիէ պատուհաններու ետեւ նստած՝ կամ ալ դուրսը մայթին վրայ սեղաններու շուրջ հաւաքուած, կը ճաշէին եւ սուրճ կը խմէին …Սակայն հոն գտնուողներուն համար կարեւորը ճաշարաններու մէջ ուտել –խմելը չէր միայն : Անոր չափ եւ թերեւս անկէ ալ աւելի ,փողոցին եւ մայթերու վրայի եռուզեռն էր, որ խանութներու լոյսերուն, անցնող կառքերու շչակներու աղմուկին, եւ շարժանկարի սրահներու ճակատի վառող-մարող լոյսի աչքերուն հետ ,փողոցին մէջ գիշերուայ ժամերուն կեանքը կը կենդանացնէին:

Քաղաքին գլխաւոր ճաշարաններէն Փարիզիէնը, Էքսելսիորը եւ ուրիշներ, Էմատ էլ Տինի ,Սոլիման փաշայի եւ շրջակայքի փողոցներուն մէջ , սինէ Մեթրոյի, Գայրօ Փալասի եւ ուրիշ բարձր դասակարգի սրահներու շուրջերը կը գտնուէին ,եւ այն օրերուն միշտ յաճախորդներով լեցուն կ’ըլլային:

Ես կը սիրէի շարժանկարի ֆիլմեր դիտել : Պզտիկութենէս ի վեր սիրած էի , եւ գիտնալով ատիկա, երբեմն քոյրս կամ ալ հայրս , զիս տարիքիս յարմար ֆիլմերու կը տանէին :

Սակայն մեր թաղի շարժանկարի սրահները, Սոլիման փաշայի վրայ եղածներուն պէս շքեղ չէին : Անոնք աւելի համեստ էին , եւ հոն ցուցադրուած ֆիլմերն ալ սովորաբար հին կ’ըլլային ,բայց հակառակ ատոր, եթէ տանող ըլլար ես հաճոյքով կ’երթայի :

Անգամ մը հայրս Անթարին ֆիլմը դիտելու համար զիս մեր տան մօտիկ Մասր կամ Մասրի անունով շարժանկարի սրահը տարաւ : Այն տարիներուն ես հազիւ ութը կամ ինը տարեկան տղայ ըլլալու էի, բայց կը յիշեմ, որ Եգիպտոսը միապետական վարչաձեւով կը կառավարուէր, եւ երկրի թագաւորին անունն ալ Ֆարուք էր :

Երբ սրահին լոյսերը մարեցան եւ պաստառին վրայ անմիջապէս թագաւորին ֆէսով եւ մութ գոյն ակնոցներով պատկերը երեւցաւ, :

– Շու՛տ ոտքի կեցիր,- ըսաւ հայրս

Այն օրերուն ֆիլմերու ցուցադրութիւնը սկսելէ առաջ, պարտադրական էր թագաւորին պատկերը երեւնալը…:

Ես չէի գիտեր եւ զարմացած՝

– Ինչո՞ւ,-հարցուցի

– Թագաւորին պատկերն է,-ըսաւ հայրս յարգանքով եւ մատով պաստառը ցոյց տուաւ:

Ես դեռ աթոռէս ոտքի չելած,

– Եթէ ոտքի չի կենամ ի՞նչ կ’ըլլայ,- հարցուցի

– Չես կրնար … ոտքի կեցիր

– Ի՞նչ կ’ըլլայ,- պնդեցի

– Եթէ թագաւորը գիտնայ կը պատժէ ,-պատասխանեց հայրս

Ես վայրկեանին չհասկցայ թէ թագաւորը ինչպէ՞ս կրնար ոտքի կենալէս կամ չկենալէս լուր ունենալ եւ զարմացած՝

– Պատկերը կրնա՞յ մեզ տեսնել, -հարցուցի հօրս …

Բայց յանկարծ Եգիպտական քայլերգը սրահին մէջ զօրաւոր հնչեց ,եւ հայրս ժամանակ չունեցաւ բացատրելու : Ներկաները մութին մէջ վայրկենաբար ոտքի ելան , պատկերին առջեւ բարեւի կեցան ու բոլորս միասին քայլերգին հետ «Սալամ ալա էլ մալիք» պոռացինք …

Սակայն անկէ երեք կամ չորս տարիներ յետոյ, փոխուեցան ժամանակները:

Երկրին մէջ յեղափոխութիւն տեղի ունեցաւ, եւ բանակի երիտասարդ սպաները գահընկեց ըրին թագաւորը: Ես այն ատեն մեծցած էի, եւ պատանեկութեանս առաջին տարիները թեւակոխած էի, բայց թագաւոր չկար այլեւս եւ իր պատկերն ալ արգիլուած էր ֆիլմերէն առաջ պաստառին վրայ ցուցադրել :

Յեղափոխական սպաներուն հետ նորութիւններ ի յայտ եկած էին, քաղաքին մէջ շարժանկարի ուրիշ նոր եւ գեղեցիկ սրահներ բացուած էին, բայց Ֆուատ Ա. ի յարակից փողոցներուն մէջ գտնուողները դեռ կը շարունակէին առաջուան չափ շքեղ եւ կարեւոր ըլլալ :

Հոն միայն դուրսէն եկած նոր ֆիլմեր կը ցուցադրուէին եւ Էմատ էլ Տինի սինէ Kosmo ին մէջ վերջերս եկած ֆիլմ մը, այն օրերուն քաղաքին մէջ մեծ աղմուկ հանած էր : Պատանի տղաք եւ աղջիկներ մուտքի տոմսակ գնելու համար պատուհանիկներու առջեւ երկար կարգի կը սպասէին …

Ֆիլմը <Bill Haley and his orchestra> անունով նուագախումբի մասին էր ,որուն Bill անունով խմբավարը, ուրախ եւ արագ կշռոյթ ունեցող եղանակներով մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր երիտասարդներուն մօտ :

Ֆիլմին մէջ Billը կիթառով իր ամենագեղեցիկ 0ne two three o’cklock, four o’cklock rock երգը կ’երգէր, եւ հազիւ սկսած՝ անմիջապէս կը վարակէր ներկաները, որոնք ոտքի ցատկելով աշխուժ եւ արագ շարժումներով պարել կը սկսէին …

Այն տարին մենք եօթներորդ դասարանի աշակերտ էինք եւ հակառակ մեր հազիւ տասնհինգ տարիներուն, դպրոցին մէջ «մեծ» կը նկատուէինք :

Մեծ նկատուելու գիտակցութիւնը մեզի աւելի պատասխանատու կը դարձնէր, եւ մենք ատենէ մը ի վեր նշմարած էինք, որ զբօսանքներու հսկիչ պրն Մոմճեանն ալ աւելի թոյլատու կը գտնուէր մեր երբեմնի մասնաւոր խնդրանքներուն հանդէպ :

Իսկ մեզի պէտք եղածներն ալ ի՞նչ էին որ … : Շատ բացառիկ բաներ չէին ,բայց հակառակ ատոր, միշտ իր արտօնութենէն կախում ունէին :

Մենք այդ արտօնութիւնները իրմէ քիչ անգամներ կը խնդրէինք, եւ սովորաբար միայն կէսօրին դպրոցէն դուրս ելլելու եւ Սոլիման փաշայի վրայ գտնուող պզտիկ ճաշարաններէն մէկուն մէջ ճաշելու համար կը գործածէինք : Ատոր փոխարէն յանձն կ’առնէինք կէսօրուայ կէս ժամ տեւող մեծ զբօսանքի վերջաւորութենէն առաջ դպրոց վերադառնալ :

Այս պայմաններուն վրայ պրն Մոմճեանը չէր մերժեր եւ կ’արտօնէր:

Սոլիման փաշան հեռու չէր դպրոցէն, բայց երթալ-գալու եւ ճաշելու ժամանակը առանց նշմարելու արագ կը սահէր եւ մենք ծայրը ծայրին ու վազելով, հազիւ զբօսանքի վերջաւորութեան կը վերադառնայինք դպրոց :

Սակայն հաճելի էր դպրոցի օրով երբեմն սովորականէն դուրս Սոլիման Փաշայի պզտիկ ճաշարանին մէջ ընկերներով ճաշելը եւ քրտնած ալ դպրոց վերադառնալը …:

Ի վերջոյ, չէ՞ որ դպրոցին մէջ մենք տարբեր էինք միւսներէն ու «մեծերէն» էինք…:

Օր մը մեր դասընկերներէն Ոսկան Կարապետեանը, Սերոբ Սիմոնեանին եւ ինծի առաջարկ մը ըրաւ :

– Գիտէ՞ք սինէ Քոզմոյին մէջ Bill Haley ին ֆիլմը սկսած է ,- ըսաւ …

– Գիտենք,- պատասխանեց Սերոբը

– Բայց դեռ նոր սկսած է

– Նոր սկսած է բայց արդէն ամեն մարդ գիտէ ,մենք ալ գիտենք, -ըսինք

– Դուք գացիք տեսա՞ք , լսեցի՞ք երգերը

– Ֆիլմը դեռ չտեսանք բայց երգերը լսած ենք

Ոսկանը վայրկեան մը մտածեց , եւ յետոյ ցած ձայնով՝

– Ի՞նչ կ’ըսէք վաղը միասին երթա՞նք ,- հարցուց

– Բայց վաղը դպրոց կայ ,-առարկեցինք Սերոբը եւ ես …

– Չէ , դպրոցէն վերջ ըսել կ’ուզեմ ,-շարունակեց Ոսկանը

Սերոբը եւ ես վայրկեան մը վարանեցանք : Այնչափ դիւրին չէր երեւար Ոսկանին առաջարկը եւ բան մը ըսած ըլլալու համար

– Էհ պրն Մոմճեանը պիտի արտօնէ՞ որ օթոպիւսով տուն չդառնանք,_ հարցուցինք …

– Ես հետը կը խօսիմ,- ըսաւ պատրաստաբան Ոսկանը եւ մեր երեսին նայելով պատասխանի սպասեց :

Մենք շատ գաղափար չ’ունէինք Rock’nRoll պարելու մասին : Լսած էինք երգերը եւ կը սիրէինք ալ ,բայց պարել դեռ չէինք սորված :

– Հը՛ ատկէ դիւրին բան չկայ, տեսէ՛ք,_ ըսաւ Ոսկանը : Մենք սկիզբը չհաւատացինք եւ կարծեցինք թէ կատակ կ’ընէր :

– Ուրկէ՞ եւ որմէ՞ սորված պիտի ըլլար Rock’nRoll պարելը մտածեցինք :

Սակայն Ոսկանը անհոգ ձեւով մարմինը առջեւ ծռեց ,ձեռքով երկու կամ երեք անգամ ծափ զարկաւ , յետոյ աջ սրունքը մարմինէն հեռացնելով, կրունկը գետնին դպցուց եւ ոտքը օդին մէջ արագ- արագ տարաւ բերաւ :

Մենք հիացանք :

Այնպէս կ’երեւար թէ Ոսկանը Rock’nRoll ի պարի մէջ շատ յառաջացած էր :

Յաջորդ օրը դպրոց երթալէս առաջ, առաւօտուն մօրս բացատրեցի թէ փինկ փոնկի փորձի պատճառով իրիկունը պիտի ուշանայի: Մայրս չ’առարկեց որովհետեւ գիտէր թէ դպրոցի հաւաքականին մաս կը կազմէի եւ երբեմն կը պատահէր որ փորձերու պատճառաւ ուշ տուն դառնայի :

Այն օրը երբ դպրոցի վերջին դասապահին զանգը զարկաւ, Ոսկանը,Սերոբը եւ ես աճապարեցինք եւ վազելով հազիւ սինէ Kosmo ին առջեւ շունչ առինք :

Վերնատունը անմիջապէս երեք նստարաններու վրայ քովէ քով տեղ գրաւեցինք եւ անհամբեր սպասեցինք :

Սրահը լեցուն էր :

Լոյսերը դեռ չմարած, շրջուն վաճառորդ մը նստարաններուն մէջ շրջան ըրաւ եւ վիզէն կախուած տուփի նմանող ափսէի մը մէջ շարուած շաքար, շոքոլա, սիկարէթ,եւ ուրիշ տեսակ ուտեստեղէններ սկսաւ ծախել ներկաներուն : Այն օրերուն դեռ արգիլուած չէր շարժանկարի սրահներուն մէջ ծխել կամ զովացուցիչներ ծախել եւ ուտել : Մարդը ասդին անդին քանի մը տուփ սիկարէթ եւ շոքոլա ծախելէ ետք հեռացաւ եւ յետոյ սրահին լոյսերը մարեցան:

Ոսկանը մութին մէջ յանկարծ ծռեցաւ , պայուսակը խառնեց եւ մէջէն երեք սիկառներ դուրս հանեց : Մէկը ինծի տուաւ,միւսը Սերոբին երկարեց եւ յետոյ ոտքերը առջեւ երկնցնելով՝

– Հետս բերի որպէսզի «պապա»ներու պէս ծխենք,- ըսաւ …

Ես մինչեւ այն տարիքիս սիկարէթ կամ սիկառ բնաւ չէի ծխած : Հայրս չէր ծխեր եւ մեր տան մէջ ուրիշ ծխող ալ չկար :

Ոսկանը մութին մէջ հետը բերած լուցկին զարկաւ եւ մենք սիկառները վառեցինք : Այն օրը երեքս ազատօրէն ծխեցինք այդ սիկառները , եւ գոհ ալ մնացինք, սակայն ծխելէն աւելի, անոնց պատճառած իսկական հաճոյքը, վայրկեանին մեր ունեցած ազատութիւնը վայելելուն մէջ զգացինք :

Բայց ֆիլմը երկար չտեւեց, հազիւ մէկ ժամէն քիչ աւելի, եւ անոր ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, Billին մատերը կիթառին վրայ շարունակ շարժեցան, ու գործիքին թռթռացող թելերէն ելլող ուրախ ձայներ, պաստառէն անդադար սրահին մէջ յորդեցան …

Երբ բաւական ատեն վերջ Billին մատերը շարժելէ դադրեցան, երգերը կեցան եւ ֆիլմը վերջացաւ :

Մենք երեքով փողոց ելանք:

Դուրսը մութը արդէն իջած էր : Փողոցի ելեկտրական լոյսերուն տակ ժողովուրդը առանց աճապարանքի դանդաղ կը քալէր:

Յանկարծ Սինէ Kosmo էն նոր ելած քանի մը տղաք եւ աղջիկներ մայթին վրայ քովէս անցան , եւ խանդավառուած, «Bill Haley … Bill Haley » պոռալով փողոցն ի վար ցատկռտելով վազեցին :

Փողոցին մէջ շարժանկարի շէնքին ճակատի բարձր պատին փակցուած նկարին մէջ, Billը մարմինը եւ փայլուն մազերով գուխը առջեւ ծռած՝ կիթառը ձեռքին կը ժպտէր, եւ առանց ձայնի դեռ կը նուագէր … :

Իսկ իրմէ վեր , շէնքերու ետ քաշուած բացուածքէ երկինքը կ’երեւար, ուրկէ Haley & his Comets անունով խումբ մը աստղեր, գիշերուայ մութին մէջ քաղաքին վրայ կապոյտ լոյս կը մաղէին եւ կարծես ուրախ կ’երգէին…:

Ու ինծի այնպէս թուեցաւ այդ վայրկեանին, թէ աստղերու կամ Comet ներու այդ խումբը, Rock’nRollի ուրախ պարերով պիտի երկար մնար մեր քով եւ զնգուն երգերով ու լոյսերով ողողէր, ու երկիրը հեքիաթային ձեւով դեռ շատ ատեն երիտասարդ պահեր…:

Մայթին վրայէն քիչ առաջ քովէս անցնող քանի մը տղոց եւ աղջիկներուն զիլ եւ ուրախ ձայնը, հիմա փողոցի ծայրէն դեռ « Bill Haley… Bill Haley» կ’արձագանգէր հեռուէն ….:

Քամփինաս, Պրազիլ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ