Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ուսումնական Աշուն»

Աշնան նախօրեակը եւ սկիզբը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ  ուսումնական նոր տարուան հետ կը համընկնի։ Տարբեր երկիրներու կրթական օճախներու եւ ուսումնական հաստատութիւններու աշխատանքը սկիզբ կ’առնէ տարբեր ժամանակաշրջաններուն, տարբեր իրադարձութիւններով, տարբեր ձեւով տօնելով կամ յիշելով, սակայն բոլորի նպատակն ու գաղափարը նոյնն է՝  շեշտել ուսման կարեւորութիւնը եւ ճիշդ ձեւով  ծառայել անոր իրագործման բարդ գործին։

Ուսումնական նոր տարին միշտ իր հետ կը բերէ նոր գիտելիքներ, նոր կարողութիւններ, նոր հմտութիւններ, նոր կենսափորձ, օգտակար տեղեկատուութեան նոր սպասելիքներ եւ…  կրթական հաստատութիւններու կարեւորագոյն կենսական աշխատանքն է՝ ճիշդ լուծել խնդիրը։

Դպրոցը, նախակրթարանը, համալսարանը  մեր կեանքի կարեւոր կռուաններն են։  Մեր կեանքի առաջին տարիներուն, շատ կարողութիւններ եւ գիտելիքներ ձեռք կը ձգենք մեր ծնողներէն, բայց դպրոցը կայ ու կը մնայ մեր կեանքի գիտելիքներու հիմնական աղբիւրը։ Այն գիտելիքը, որ ուսուցիչէն կը ստանանք, այսպէս թէ այնպէս մեր ամբողջ կեանքի համար ուղեցոյց կը դառնայ: Անկէ փոխանցուած մարդկային եւ իմացական արժէքները լուրջ հետք կը ձգեն  մարդ-անհատի ձեւաւորման մէջ:

Կը կործանի այն սերունդը, որ տկար ուսուցիչի սան կը դառնայ։

Իւրաքանչիւր ուսուցիչի աշխատանքին մէջ կայ առաքելութիւն եւ մեծագոյն պատասխանատուութիւն՝ ապագայի հանդէպ։ Երկրորդ ծնողք հանդիսացող, երբեմն՝ ծնողքէ աւելի մեծ հեղինակութիւն ունեցող ուսուցիչի կերպարը,   մարդկային կերպարի կերտման օրինակը կը հանդիսանայ։

Դպրոցը  ապագայ ուսուցիչի, բժիշկի, ծրագրաւորողի, տիեզերագնացի, նկարիչի, ոստիկանի, նախագահի սերմնացանն է։ Այն ինչ կը ցանենք այսօր, կը քաղենք  տարիներ ետք. այն ինչ հիմա կը քաղենք, սերմացանի վատ կամ լաւ սերմերու արդիւնքներն են։ Սերմ կայ՝ գիտութեան աստղ դարձած է, սերմ կայ՝ չարիքի օճախ։

Կրթութիւնն ու գիտութիւնը իւրաքանչիւր ազգի դիմագիծն է։ Կրթութեան դերը արժեւորելը եւ ճիշդ ընթացք տալն ու զարգացնելը պետութիւններու պատասխանատուութիւնն է: Կրթութիւնն ու գիտութիւնը սակաւաթիւ ժողովուրդ ունեցող կամ բնական պաշարներէ զուրկ  փոքր պետութիւններու հզօրացման եւ առաջընթացի երաշխիքը եղած են եւ… ե՛ն:

Խորին յարգանք աշխարհի բոլոր ուսուցիչներուն։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ