Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

95-ամեակի Խորհրդածութիւններ

Տարեդարձներն ու ամեակները հրաշալի առիթներ են, որ առանձնակի աղօթքի մէջ ունենանք մտորումներ ու անդրադարձումներ՝ ըլլայ անոնք անհատական մեր կեանքի մասին եւ կամ տուեալ հաստատութեան մասին։

Առաջին զգացումը զորս պարտ ենք փայփայել այն մեր սրտի երախտագիտութիւնն է առ Աստուած մեզի շնորհուած կեանքի համար եւ ապա ուղղեալ այն տեսլապաշտ անձանց, ովքեր դարձած են բարի պատճառը տուեալ հաստատութեան։

Արեւմտեան Թեմի 95 ամեակը անձնապէս ինձ համար եւ անտարակոյս Թեմի հոգեւոր ու աշխարհիկ սպասաւորաց եւ հաւատացելոց համար հրաւէր է անդրադարձումի, սերտելու համար Թեմի պատմութիւնը եւ ապա ունենալու հեռանկար գալիքի նկատմամբ։ Արեւմտեան Թեմը, այս տարի կը տօնախմբէ իր հաստատման 95 ամեակը եւ սակայն պատմութենէն տեղեակ ենք, որ Հայց․ Առաքելական Ս․ Եկեղեցին  իր պաշտօնական ծնունդը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ամրագրած է դեռեւս 1898 թուին Մկրտիչ Ա Խրիմեան Հայրապետի Սրբատառ կոնդակով։ Աւելի ուշ 1927 թուին, երբ Արեւմտեան ափի համայնքները կը սկսին աճել եւ նկատի առնելով բազում այլ հանգամանքներ եւս, Գէորգ Ե Սուրէնեանց Ամենայն Հայոց Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակով կը հաստատուի ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան Թեմը։

Անցնող 95 տարիներուն Արեւմտեան Թեմի մէջ կը զարգանայ եկեղեցական եռուն կեանքը, համայնքներու կազմակերպութեամբ եւ զանազան հաստատութիւններու ծնունդովը։

Թեմը իր առաւել աշխոյժ գործունէութեան ընթացքը կ՛արձանագրէ, երբ գաղթականները կը հասնին Արեւմտեան Ամերիկա  ի մասնաւորի Միջին Արեւելքի անկայուն քաղաքական իրավիճակի հետեւանօք, եւ ապա Հայաստանէն ժամանած նոր հոսանքներով, գլխաւորաբար, որպէս հետեւանք ժամանակի խորհրդային տարիներու ծանր պայմաններու։

Բարեբախտութիւն է, որ Թեմը իր հաւատացեալներով ու նուիրեալ ազգայիններով կը զարգանայ բոլոր առումներով․ եկեղեցաշինութեամբ եւ ազգային հաստատութիւններով, որոնք բոլորն ալ իրենց յատուկ աշխատելաոճով կը միտին պահպանել հայրենի նկարագիրը նորահաս սերունդներու մէջ՝ անոնց կեանքը կամրջելով Մայր Հայրենիքին ու Ս․ Էջմիածնին։

 Այսօր կը գտնուինք ժամանակի նոր մարտահրաւէրներու առջեւ, եւ սակայն երբեք չպիտի տկարանանք մեր տեսլականը կեանքի կոչելու եւ շարունակենք մեր կեանքը ապրել, որպէս առաքելութիւն՝ որոշակի կոչումով եւ պարտականութիւններով։

Այսօր պահն է վերանորոգելու մեր հաւատքի կեանքը, նոր ուխտ կատարելու Աստուծոյ ներկայութեան, որ կեանքը պիտի ապրինք Քրիստոնէական սուրբ Հաւատքով` Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ դառնալով Քրիստոսի առաքեալներ, որպէսզի.

  1. Հաւատացեալը կարողանանք մօտեցնել Աստծուծոյ` հազարումէկ արդար ճանապարհներով:
  2. Եկեղեցիները դարձնենք ճշմարտապէս Աստուծոյ Տուն, ուրկէ ներս մտնող իւրաքանչիւր հաւատացեալ իր մէջ կրէ Աստուծոյ սէրն ու իմաստութիւնը:
  3. Հաւատքի, աղօթքի եւ առաքելական կեանքի կիզակէտը դարձնենք  նոր քահանաներու հոգեւոր պատրաստութիւնը, որպէս հովիւներ իրենց հօտին, ուր պարտին խոնարհ ծառայութեամբ նմանակից դառնալ Քրիստոսի կեանքին:
  4. Հոգեւոր հովիւներու պատրաստութեան հետ համատեղ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը պարտ ենք փոխանցել հաւատաւոր մեր ժողովուրդին, բոլոր տարիքներուն անխտիր` նրանց հետ մասնագիտական հոգեւոր լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք տանելով:
  5. Նոր ժամանակներու մէջ ծնունդ առնող խոտոր երեւոյթները պիտի մերժենք` յստակ եւ որոշակի հոգեւոր պատգամներով, որոնք իրենց հերթին գործական սիրոյ արտայայտութիւնը պիտի ըլլան մեր հաւատացեալներուն:
  6.  Պարտ ենք բարեկարգել մեր Եկեղեցին: Բարեկարգել ըսելով կը հասկնանք ոչ թէ կրճատել կամ այլափոխել մեր ունեցած ժառանգութիւնը, ինչպէս ժամանակին եղաւ Արեւմտեան «Բարենորոգչական- Բողոքական» շարժման ժամանակ, այլ եղած սրբազան Գրքերը, Աւանդութիւնները եւ բարոյական արժէքները մատուցանել, մեկնաբանել եւ փոխանցել մեր հաւատացելոց` ինչպէս այդ ըրին մեր Թարգմանիչ Սուրբ Վարդապետները:
  7. Եւ, վերջապէս, պարտ ենք վերադառնալ մեր սրբազան ակունքները եւ անդադրում աշխատել, քանզի հաշիւ պիտի տանք մեր Տիրոջը` մեզ վստահուած տնտեսութեան համար: 

Ունինք մեր հայրենիքը՝ Մայր Հայաստանը, որուն սրտին է հաստատուած Աստուածահիմն Ս․ Էջմիածինը, եւ որուն հողին վրայ կերտուած է պատմութիւն ու մշակոյթ, եւ անցեալ սերունդները իրենց կեանքը նուիրած են վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց իրենց արեան կանչը ներդնելով մեր հոգիներու մէջ։

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ