Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Մայք Յակոբեանի Նկարչական Գիրքին Շնորհանդէսը

Մօտ Օրէն

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլ Մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ Մայք Յակոբեանի նկարչական գիրքին շնորհանդէսն ու նկարներու ցուցահանդէսը՝ Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան սրահին մէջ։

Գիրքը պիտի ներկայացնէ Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան։ Այս առթիւ տեղի պիտի ունենայ նաեւ խնամքով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը, կատարողութեամբ փորձառու արուեստագէտներու եւ Փասատինայի Պլեռ երկրորդական վարժարանի Հայկական Ճեմարանի ուսանողներուն։

Գաղութիս արուեստասէր հասարակութիւնը սիրով հրաւիրուած է այս միջոցառումին, որ տեղի պիտի ունենայ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 75 ամեակին նուիրուած տօնակատարութեանց ծիրէն ներս։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ