Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Դոկտոր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Գրիգորեանի Դպրեվանքեան Յուշերը

90ամեակ Ծննդեան

(1932-2022)

1952-1956

 Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա ՔՀՆՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Վերջերս Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Գրիգորեանի եղբօր Զաւէն Գրիգորեանէ հաճոյքով ստացայ Սրբազանին «Օրագիր Յուշեր»ը եւ հետաքրքրութեամբ կարդացի։ Սրբազանը Անթիլիասի Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի երախտաւոր սաներէն էր, դասարան մը երէց ինձմէ, այնպէս որ իր յուշերը ժամանակակից են եւ արդէն անունս  շատ յաճախ յիշուած ու մասնակցութիւնս ալ արձանագրուած Կիլիկեան Աթոռի 1956 թուի Կաթողիկոսական Ընտրութեանց դժուար տարիներուն։

Երբ Անթիլիաս հասայ որպէս սան 1949-ի աշնան, առաջին առիթով մտերմացայ  Գէորգ Եումուրթաճեանին հետ որ իմ վրայ հետզհետէ լուրջ բանասէրի եւ աշխատանքի նուիրուած ուսանողի տպաւորութիւնը գործեց։ Պէտք է խոստովանիմ որ եթէ իմ կարգին աւելի ուշ մատենագիտութեամբ զբաղող մը եղայ ու մասնագիտացայ Հայ Եկեղեցւոյ վերջին շրջանի պատմութեան մէջ, երկու անձինք խանդավառեցին զիս, նախ մեր ուսուցիչը Սիմոն Սիմոնեան եւ ապա Գէորգը, որ գրասեղանին առջեւ, մինչ ուրիշներ խաղավայրի դաշտին վրայ, լրջօրէն կը պրպտէր մեր հին մատենագիրները եւ շատ երիտասարդ տարիքին արդէն հրատարակած էր իր առաջին ուսումնասիրութիւնը։ Իրմէ տպաւորուած եւ քաջալերուած, եւ այս ինք ինձմէ լսեց տարիներ ետք, Համալսարանի մէջ գիտական աստիճան ստանալու համար թարգմանեցի Ղեւոնդ Պատմիչի երկը անգլերէնի, եւ աւելի ուշ գրեցի երեք հատորնոց «Ազգապատում» երկասիրութիւնը որպէս ուղղակի շարունակութիւնը Օրմանեան Մաղաքիա Պատրիարքի երեք մեծադիր հատորներուն։

Վերջին երեք առիթներով հանդիպեցանք իրարու, առաջինը երբ Վիեննա յատուկ այցելութեամբ իր հիւրը եղայ, եւ երբ ինք Ֆիլատելֆիոյ Համալսարանին կողմէ ծրագրուած գիտաժողովին , 7-րդ դարու Սեբէոս հայ Պատմիչի մասին ուսումնասիրութիւն մը կարդաց։  Վերջին անգամ զինք տեսայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին երբ տեղի կ՛ունենար Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին պատմական այցելութիւնը։ Միասին էինք նաեւ երբ Ուաշինկթընի Ներկայացուցիչներու Տան ժողովի բացումը աղօթքով կատարեցի իր ներկայութեանը։

Զաւէն եւ Ալիս Գրիգորեաններու կատարած շնորհակալ աշխատանքը վերա-կենդանացնելու Սրբազան Հօր «Օրագրութիւնները» մեծապէս գնահատելի են։  Անոնց բովանդակութիւնը ոչ միայն օրագրութիւններ, այլ մանաւանդ ականատեսի վկայութիւններ են մեր եկեղեցական կեանքի վերջին շրջանի ամենէն իրատես եւ ուսանելի, չտարածուած մանրամասնութիւններով յագեցած, բոլորն ալ մեր վերջին շրջանի եկեղեցական-ազգային կեանքի վերաբերեալ։ Տողերս գրողը միակն է որ կը մնայ այսօր իբրեւ ականատես  միաբանակից վկայելու համար Մեսրոպ Սրբազանի տեղեկութեանց հարազատութիւնը  իբրեւ ճիշդ եւ անկողմնակալ։

Օրագրութեանց այս գիրքը ծանր կը կշռէ մանաւանդ իր պատմագիտական արժէքով երբ կը յիշատակէ մեծագոյն դէմքեր որոնք այցի եկած են Դպրեվանք ու դասախօսած։ Ոչ մի այլ միաբան կատարած է նման յուշագրութիւն երբ հոն այցելած են ու դասախօսած գրագէտ Արշակ Չօպանեանը, ուսուցչապետ Շահան Պէրպէրեանն ու Փրոֆ. Աշոտ Աբրահամեանը։ Վերջինս վկայած է թէ «տեսնում եմ որ Միաբանութեան մէջ միակն էք որ իսկապէս հետաքրքրւում էք հայագիտութեամբ» նկատի ունենալով Սրբազանին ուսանողական  շրջանի աւարտին ցուցակագրած 100 ձեռագիր մատեանները Անթիլիասի ձեռագրատան մէջ որպէս Վարդապետական աստիճանի աւարտաճառ։ Մեսրոպ Վարդապետ իսկոյն ընդունուած է Անգլիոյ Durham University-ի պատմագիտական կաճառէն ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալով ստացած է Doctor of Philosophy-ի  կոչում։

Ներկայ Օրագրութեանց հատորը կը մանրամասնէ յիշեալ մեծանուն եւ այլ գրական  ու  բանասիրական դէմքերու տուած դասախօսութեանց ներքին ծալքերը՝ նիւթերն ու անոնց վերլուծումները, բոլորն ալ ուսանողի ակնոցով դիտուած։ Անոնց կարգին յիշած է 1952-ի նոյեմբերին տեղի ունեցած Արշակ Չօպանեանի 65-ամեայ գրական գործունէութեան հանդիսութիւնը Անթիլիասի մէջ ու մեծ գրագէտին տուած բանախօսութիւնները հակիրճ մանրամասնութիւններով։ Զանոնք ուրիշ տեղ գտնել դժուար պիտի ըլլայ։

Յատկապէս ներկայ գիրքը Սրբազանին Շահան Պէրպէրեանի հետ 1954 թուի Յունուարին ունեցած խօսակցութեամբ եւ ուսուցչապետին տուած պարզ եւ իմաստուն, իր հին սերունդի գրագէտներու կեանքէն քաղուած դրուագներով համեմուած է։ Հեղինակ Սրբազանը կրցած  է պարզ դիտարկումները հինէն կամ նորէն փայլեցնելու ու ընթերցողին հրամցնելու  որպէս դիւրահաղորդ ատաղձ։ Այս ծիրէն ներս Շահան Պէրպէրեանի հնաւանդ վերյիշումները այլապէս պիտի մոռցուէին եթէ Մեսրոպ Սրբազան, թէկուզ ուսանող տակաւին, չփրկէր զանոնք։

Յուշերուն ամենէն ակնառու դէպքը Ամենայն Հայոց Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա Կաթողիկոսի 1956 թուի պաշտօնական այցելութիւնն էր Անթիլիաս ուր հրաւիրուած էր նախագահելու ընտրութեան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին։ Մեսրոպ Հայր Սուրբ եղաւ Նորին Սրբութեան գաւազանակիրը երբ Վեհափառը պատմութեան մէջ առաջինն ըլլալով  բարձրացաւ Կիլիկեան Աթոռի գահը Փետրուար ամսուն։ Իմ հնօրեայ նկարներէն մին կը վկայէ ճիշդ այն պահը, ուր Հայրապետը գահին կանգնած, իր կողքին ունէր Մեսրոպ Վարդապետը՝ հայրապետական բարձր գաւազանը ձեռքին։

 Մանրամասնօրէն ականատեսի վկայութիւններ զիրար կը յաջորդեն Վազգէն Հայրապետի կարճ միայն մէկ շաբաթ Անթիլիաս կեցութեան դժուարին օրերուն,  յարատեւ ժողովներու եւ ընտրութեանց ներքին ծալքերով, անյաջողութիւններով եւ վերջապէս Հայրապետին մեկնումովը Գահիրէ ուր Եպիսկոպոսական առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ։ Անախորժ դէպքեր, որոնց ականատես եղած եմ նաեւ ես, Սրբազանը ուզած է դիպուկ իր  յատուկ ոճով արձանագրել։

Հայրապետի աչքէն չէր վրիպեր Մեսրոպ Վարդապետ որուն առաջին  պատեհութեամբ Մայր Աթոռ հրաւիրեց 1957 թուին, եւ աւելի ուշ զինք եպիսկոպոս ձեռնադրեց երկար տարիներու Վիեննայի համայնքը հովուելէ ետք ուր կառուցանել տուաւ առաջին հայ եկեղեցին զոր Հայրապետը օծեց 1968 թուին։ Եղաւ Հայրապետական Պատուիրակ Կեդրոնական Եւրոպայի, ստացաւ արքեպիսկոպոսութեան պատիւը ու Մայր Աթոռի անվերապահ ու խղճամիտ պաշտպաններէն հանդիսացաւ։

Շատ հազուադէպ է որ հայ հոգեւորականներ օրագրութիւն պահած եւ ապա հրատարակութեան տուած են։ Մեսրոպ Սրբազանին այս երկը բարի օրինակ ըլլայ մեզի կատարելու պարզ նկատուած եւ սակայն պատմութեան համար նախընտրելի սոյն նախաձեռնութիւնը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ