Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Գիրքերու Հետ

«ՌԱԿ-ի Անխոնջ Խմբագրապետը՝ Նուպար Պէրպէրեան»

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան մատենաշարէն լոյս տեսաւ «ՌԱԿ-ի Անխոնջ Խմբագրապետը՝ Նուպար Պէրպէրեան», 501 էջերէ բաղկացած պատկերազարդ գիրքը, խմբագրութեամբ Պայծիկ Գալայճեանի եւ Յակոբ Վարդիվառեանի։

Որպէս ներածական՝ «Նուպար Պէրպէրեանի հրապարակագրական ժառանգութիւնը»  ստորագրած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ  Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Երուանդ Ազատեանը։

Ազատեան արդարօրէն կը վկայէ թէ «Այս հատորը, որքան կը ցոլացնէ Նուպարին անհատականութիւնը, նոյնքան ալ կը վերակենդանացնէ անոր ապրած ժամանակը, իր վերիվայրումներով, պայքարներով, յաջողութիւններով, ու նաեւ վիշտով։»

Դոկտ. Նուպար Գ. Պէրպէրեանի կենսագրականը ներկայացուցած է Յակոբ Վարդիվառեանը։

Նուպար Պէրպէրեան ծնած է Գահիրէ, 1922 թուականին։ Իր հայեցի կրթութիւնը ստացած է Գահիրէի Նուպարեան ազգային վարժարանին մէջ։ Ֆրանսական Պաքալորիայի առաջին եւ երկրորդ մասերը յաջողութեամբ անցնելէ ետք, հետեւած է իրաւագիտութեան եւ վկայուած որպէս փաստաբան 1944 թուականին։

Դոկտ. Պէրպէրեան իրաւագիտութեան տոքթորայի երկամեայ շրջանը բացառիկ յաջողութեամբ աւարտելով՝ 1947-ին կը ստանայ միջազգային իրաւագիտութեան ճիւղին Տոքթորայի վկայականը, Փարիզի պետական համալսարանի իրաւագիտական ֆաքիւլթէ-էն։ Ան՝ 1947-48-ին, յաջողութեամբ աւարտած է նաեւ Փարիզի լրագրութեան դասընթացները։

Դոկտ. Պէրպէրեան 1947-ին ստանձնած է Փարիզի «Ապագայ» երկլեզուեան շաբաթաթերթին, 1948-58` Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին, 1958-60, Ֆրեզնոյի «Նոր Օր» եռօրեային եւ 1961-82` Պոստոնի «Պայքար» օրաթերթին խմբագրապետի պատասխանատու պաշտօնները։

Դոկտ. Պէրպէրեան հիմնադիրներէն մին եղած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանակին։ Ան Միութեան հիմնադրութենէն մինչեւ իր մահը ծառայած է անոր Կեդրոնական Վարչութեան մէջ։ Իսկ  2011-ին, ան պարգեւատրուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն, «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանով եւ հայրապետական կոնդակով։ Ան իր հոգին աւանդեց Պոստոնի մէջ՝ 23 Նոյեմբեր, 2016-ին։

Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան իր թողոնը՝ 340,000 տոլար, ամբողջութեամբ կտակեց ԹՄ Միութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի շրջանակին, հաստատելով «Թ. Մ. Միութեան Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան անբեկանելի հիմնադրամը», որուն միջոցներով կը հրատարակուի իր յօդուածներու եւ խմբագրականներու այս հատորը, եւ որուն տարեկան եկամուտներէն մրցանակներ կը շնորհուին դիմորդ ամէն հայ համալսարականի, որ կը մասնագիտանայ միջազգային իրաւունքի կամ քաղաքագիտութեան ճիւղերուն մէջ։

Գիրքը կը բաղկանայ խմբագրականներէ, որոնք կը բաժնուին եօթը հիմնական մասերու՝ ազգային, ազգային-հասարակական, սփիւռքահայ մամուլ, գիտական, մշակութային, քաղաքական եւ եկեղեցական։

Ազգային խմբագրականներու շարքէն՝ ինծի համար ուշագրաւ էր «Սարդարապարտէն Էջմիածին»-ը։ Խմբագիր Պէրպէրեան կը թելադրէ որ հայ զբօսաշրջիկը պէտք է երկու անգամ այցելէ Էջմիածինը։ Նախ՝ Ծիծեռնակաբերդէն Էջմիածին, որպէսզի հայ նահատակներու վերյիշումով ընկճուած ոգին վերապրի՝ հայ ժողովուրդի յարութեան հրաշքը դիտելով։

Իսկ երկրորդ անգամ Սարդարապատէն Էջմիածին՝ որպէսզի Սարդարապատի յուշարձանի խորհուրդով հաղորդուելէ ետք, ներշնչուի Էջմիածինի նուիրական հողէն եւ սրբաօծ կամարներէն։

Քաղաքական խմբագրականներու շարքէն՝ զիս տպաւորած է «Պատերա՞զմ թէ Խաղաղութիւն»-ը։ Խմբագիր Պէրպէրեան ճշգրտօրէն կը լուսաբանէ Ասուանի բարձր ջրամբարը կառուցանելու թնճուկը։ Նախագահ Կամալ Ապտէլ Նասէր կը նախընտրեր որ Ամերիկան կառուցանէր զայն, սակայն Այզընհաուր/Տալըս ընդիմութիւնը՝ պատճառ դարձաւ որ արաբական աշխարհը հեռանայ Ամերիկայէն։

Մշակութային խմբագրականներու շարքէն՝ ինծի համար հետաքրքրական էր յաճախ արծարծուած հարց մը, «Նիւթերու Ընտրութեան Հարցը»։ Դասախօսը պէտք է զգոյշ ըլլայ իր նիւթը ընտրելու կապակցութեամբ։ Օրինակ՝

          Պէ՞տք է քաջալերեր Հայրենադարձութիւնը։

          Պէ՞տք է քաջալերեր Արտագաղթը Հայաստանէն։

Առաջինը՝ դիտել Կու տայ Պէրպէրեան, կառուցողական հիմ ունի. իսկ երկրորդին կը պակսի բարոյական հիմը, որ պայման է ձեռնարկի մը յաջողութեան։

Եկեղեցական խմբագրականներու շարքէն՝ զիս կլանեց «Բաց Նամակ Զարեհ Եպիսկոպոսին»-ը։ Պէրպէրեան կ՛ակնարկեր անշուշտ պատմական այդ խոցելի դէպքին, որ պատճառ դարձաւ հայ եկեղեցւոյ բաժանման։ Ան՝ Զարեհ Եպիսկոպոսէն կ՛անկնկալեր «անկարելին» …

Եզրափակելով՝ կ՛ուզեմ մէջբերում մը ընել Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանէն, որ տակաւին կը մնայ այժմէական։

Հայ Դատը ո՛չ միայն ազգային կուսակցութեանց  նպատակներուն գլուխը կը գտնուի, այլ պէտք է գլուխը գտնուի ամէն հայու հետապնդած ազգային նպատակներուն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ