Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2024

Շաբաթաթերթ

Մտորումներ Մնայուն Շահերու Մասին

ԱՐԵԳ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Չկան մնայուն բարեկամներ, չկան մնայուն թշնամիներ, կան միայն մնայուն շահեր:

Այսօր, աւելի քան երբեք հայ հասարակութիւնը պարտի գիտակցիլ այս իրողութեան:

2020 թ. աշնան, ազերի բանակը իր ետին ունենալով Թուրքիա, Փաքիստան, սուրիացի վարձկաններ, և օժտուած արդի բարձր ճշգրտութեամբ ԱԹՍ-երով և ապօրինի զէնքերով, 44 օրուայ մէջ յաջողեցան վերականգնել իրենց տնօրինութիւնը Արցախի մեծ մասին, ներառեալ շրջակայ 7 տարածքներուն վրայ:

Նոյն ատեն ռուս խաղաղապահներ մուտք գործեցին Արցախ և «փրկեցին» հայ բնակչութիւնը կոտորածէ, թողելով Արցախի կարգավիճակի որոշումը ապագային:

Ասիկա, ոչինչ էր եթէ ոչ նոյնինքն Լաւրովի 2015 թ. յղացուած ծրագրին պարտադրումը հայ ժողովուրդին:

Սերժ Սարգսեան 2018 թ. յայտարարած էր թէ բանակցութիւնները մտած էին փակուղի, իսկ անոր փոխարինող Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց թէ որևէ լուծում անկարելի էր ընդունիլ առանց արցախահայութեան, որ 2001 թ.էն ի վեր դուրս քշուած էր բանակցութիւններէն:

Բոլորին համբերութիւնը կարծէք հատած էր, և պահը եկած էր Ռուսաստանի, Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի որ իրենք իրենց միջև հարցը լուծեն և վերջ:

Այդ ձևով Ատրպէյճան կը վերատիրանար իր 7 գրաւուած շրջաններուն, Թուրքիա զօրաւոր հարուած մը կը հասցնէր ծունկի բերելու հայ ժողովուրդին, իսկ Ռուսաստանի առիթը կ՛ընծայէր որ Արցախ իր հսկողութեան տակ առնէր:

Եւ ինչու չէ, թաւշեայ յեղափոխութիւնով իշխանութեան գլուխ եկած Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը կանխատեսելով, Ռուսաստան իր հլու հնազանդ «նախկինները» վերադարձնելու և իր դիրքերը որոշ չափով պաշտպանելու յոյսով էր Կովկասէն ներս:

Ռուսաստանի ծրագրած միութենական պետութենէն ներս Ատրպէյճանի ևս ներգրաւելու նպատակով, ան սակարկութիւններու սկսաւ Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի հետ, Հայաստանի հաշւոյն, որ Զանգեզուրը զիջելով և Արցախի հետ միասին միանգամ ընդմիշտ անցնի պատմութեան գիրքերուն իբրև երբեմնի գոյութիւն ունեցող հայկական պետականութիւն:

Ռուսաստան փոխանակ Հայաստանի մէջ իր տեղաւորած բանակը արևելեան սահմանագիծ ուղարկելու, երևակայական ահաբեկիչներու և թմրեցուցիչի վաճառականներու Իրանէն մուտքը կասեցնելու համար, յենակէտեր կը զետեղէ Մեղրիի շրջանի երկայնքին…

Ռուսաստան կը յայտարարէ թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբ այլևս գոյութիւն չունի, Արցախի կարգավիճակի մասին ատենը չէ խօսիլ: Ան և իր գլխաւորած ՀԱՊԿը Ատրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի վրայ «միջսահմանային փախումներ» կ՛որակեն երկու երկիրներուն միջև, որոնք ըստ իրենց միայն կարելի են լուծել Ռուսաստանի հովանաւորութեան տակ եռակողմ բանակցութիւններով:

ՀԱՊԿ յստակօրէն յայտարարեց թէ Հայաստան խաղաղապահ զօրք ուղարկելու ծրագիրներ չունի՝ «ոչ երէկ, ոչ այսօր, և ոչ ալ ապագային»։ Փոխարէնը ան խոստացաւ երկու շաբաթ ետք խումբ մը ներկայացուցիչներ ուղարկել տարածաշրջան, քննելու համար կացութիւնը:

Հայաստանէն ներս, ընդդիմադիր ոյժերը չվերադարձան Ազգային Ժողով միասնական յայտարարութիւնով դատապարտելու Ատրպէյճանական յարձակումները: Փոխարէնը՝ ինչպէս միշտ, Փաշինեանի հեռացումը միակ լուծումը տեսնելով այս կացութեան:

Ընդդիմադիր ոյժերու բացակայութեան, նոյնինք իշխանութեան ներկայացուցիչներու կողմէ ընդվզումի ձայներ սկսան Ազգային Ժողով էն ներս, ուր հարց տրուեցաւ թէ ինչո՞ւ մեր «գործընկերներ»ը չեն դատապարտեր Ատրպէյճանին, բայց անդին Թուրքիան արդէն դատապարտեր է Հայաստանին…

Հայաստանի իշխանութիւններուն ի վերջոյ յայտնի դարձաւ, որ հակառակ Թուրքիոյ հանրային յայտարարութիւններուն թէ իբր թէ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները առանց նախապայմաններու են, այնուամենայնիւ, որոշակիօրէն այդ գործընթացը կը կապեն Ատրպէյճանի առաջ քաշած անընդունելի նախապայմաններուն:

Միւս կողմէ, Ֆրանսա ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի ներկայ նախագահութեան պաշտօնը օգտագործելով, ուղղակիօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանը ՄԱԿի ամպիոնէն: ԱՄՆի ԱԳՆ Պլինքըն, առանց տատամսելու նոյնպէս դատապարտեց Ատրպէյճանը և կոչ ըրաւ իր ոյժերը ետ քաշել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն:

Հնդկաստան, որ մեծ շահեր ունի Հայաստանի պետականութիւնը պահպանելու, ապահովելու համար «Հիւսիս Հարաւ» ճանապարհը, նոյնպէս հայանպաստ դիրքորոշում բռնած է: Հայաստան, այնքան ատեն որ ՀԱՊԿի անդամ է, գործնականապէս միայն Հնդկաստանէն կրնայ զէնք գնել Իրանի վրայով:

Եւ ի վերջոյ, եկաւ ԱՄՆի երրորդ պաշտօնեայի՝ Նենսի Փելոսիի պատմական այցը որ տարածաշրջանային չէր: Ան Գերմանիայէն ժամանեց, միայն Հայաստան այցելելով և իր յայտարարութիւններով կարևոր ուղերձներ յղեց Հայաստանի իշխանութիւններուն ինչպէս նաև անոր հարևաններուն:

Վերջին իրադարձութիւնները ցոյց կու տան թէ տկարացած և մեկուսացած Ռուսաստանը կարելիութիւնները չունի Ուքրանիոյ մէջ, որու հետ երկար ընդհանուր սահմաններ ունի, իր զօրքերը պահպանելու: Ալ ո՞ւր մնաց Հայաստանի օգնութեան հասնելու, երբ պէտք է Վրաստանի կամ Ատրպէյճանի վրայով անցնի …

Յոյսով ենք որ Հայաստանի արդի պատմութեան ճակատագրական այս օրերուն, երբ Անկախութեան 31րդ տարեդարձը կը նշենք, ի մտի ունենանք մեր հայրենիքին պետականութիւնը և անոր անվտանգութիւնը ամէն բանէ առաջ: 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ