Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահացու Թոքաբորբոքումի Կանխարգիլման Միջոց. Գիտնականներ

«Նիւթրոֆիլ»ները՝ սպիտակ արեան բջիջներու ամէնէն առատ տեսակը, մարմնի առաջին պաշտպանական գիծն են վարակի դէմ:

Օտար «փաթոճեն»ները կրնան «սթրես»ի ենթարկել մարմինը եւ աշխուժացնել «նիւթրոֆիլ»ները: Երբ կ՛աշխուժանան, «նիւթրոֆիլ»ները կ՛օգտագործեն տարբեր զէնքեր, որպէսզի պաշտպանեն մարմինը, սակայն գերաշխուժացնելու պարագային, այդ զէնքերը կրնան վնասել մարմնի սեփական հիւսուածքները: Թոքերու հիւսուածքները յագեցած են արիւնատար անօթներով, ինչ որ զանոնք կը դարձնէ խիստ ենթակայ «նիւթրոֆիլ»ներու յարձակման: Եթէ ​​թոքերու վնասը բաւական լուրջ է, անիկա կրնայ յանգեցնել զօրաւոր շնչառական հիւծման համախտանիշի (ARDS)՝ COVID-19-էն մահուան գլխաւոր պատճառը:

Հետազօտող Նիքոլաս Թոնքս եւ փրոֆ. Քերիլ Պոյս գտած են դեղ մը, որ կրնայ կանխել մահացու թոքաբորբոքումը մուկերու մօտ՝ խոչընդոտելով PTP1B կոչուող սպիտակուցը: Անոնց յայտնագործութիւնը կրնայ օգնել, ծանր բորբոքային հիւանդութիւններու բուժման համար, ինչպէս՝ «սեփսիս»ը եւ COVID-19 ը, աւելի արդիւնաւէտ բուժում զարգացնելուն:

Tonks-ի շրջանաւարտ  Տոնկիան Սոնկ  ուսումնասիրած է,  որ արդեօք  PTP1B խոչընդոտող դեղի օգտագործումը կրնայ տկարացնել մուկերու վրայ գերաշխուժ «նիւթրոֆիլ»ներու մահացու ազդեցութիւնը: Պարզուած է, որ PTP1B «ինհիպիթըր»ով մուկերու նախնական բուժումը նուազեցուցած է թոքերու հիւսուածքի վնասը: Չբուժուելու պարագային մուկերու կէսէն պակասը վերապրած է թոքերու զօրաւոր վնասուածք եւ ARDS: Սակայն նախնական բուժումէն ետք անոնք բոլորը ողջ մնացած են:

Գիտնականները օգտագործած են «նիւթրոֆիլ»ներու ծերացում կոչուող բնական գործընթացը, որ օրկանիզմը կ՛օգտագործէ դիմադրողական բջիջներու կեանքի տեւողութիւնը վերահսկելու համար: Տարիքի հետ «նիւթրոֆիլ»ները կը դառնան աւելի նուազ վտանգաւոր: Թոնքսի խումբը պարզած է, որ PTP1B խոչընդոտումը կ՛արագացնէ «նիւթրոֆիլ«ներու ծերացումը։

«Ծերացող «նիւթրոֆիլ»ը նման է առանց զէնքի զինուորի. հետեւաբար, որքան ալ «նիւթրոֆիլ»ները հեղեղեն տարածքը, ատոնք չեն կրնար լրջօրէն վնաս պատճառել»,- պարզած են գիտնականները։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ