Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Փառաւոր Հարիւրամեակ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Թերթի մը եւ կամ կազմակերպութեան մը երկարակեցութիւնը ինքնին յաջողութիւն մըն է, որը պէտք է նշուի արժանավայել կերպով։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան օրկան՝ Նոր Օրը, այսօր հարիւր տարիէ ի վեր կը գտնուի պատնէշի վրայ եւ կը պայքարի վասն հայապահպանման եւ հայրենիքի ու Սուրբ Էջմիածնի գոյատեւման համար։

Նոր Օրը նաեւ կրցաւ քայլ պահել ներկայ պայմաններուն հետ, անգլերէն բաժին մըն ալ աւելցնելով՝ որպէսզի երիտասարդ սերունդն ալ հաղորդուի հոն արծարծուած նիւթերով եւ մաս կազմէ արտասահմանի մէջ որպէս հայ, մեր գոյատեւման սրբազան պայքարին։

Հայ մամուլին առաքելութիւններէն մին է նաեւ հայ լեզուին ուսուցումը՝ քերականական կամ ուղղագրական կանոններու ճշգրիտ գործածութեամբ։ Ան ռահվիրան դարձաւ արեւմտահայերէնի կարեւորութեան եւ լռելեայն պայքար մղեց՝ անոր գոյատեւման համար։

Նոր Օրը՝ քաղաքական կուսակցութեան մը օրկանը ըլլալով հանդերձ, քաղաքական իր հմուտ մեկնաբանութիւններու կողքին, եղաւ նաեւ մշակութային հանդէս մը, անդրադառնալով մշակութային դարաւոր եւ  հարուստ մեր ժառանգին զանազան բնագաւառները ներկայացնող հարցերուն։ Բան մը որ զինք կանգուն պահեց, յարմարելով ժամանակակից մեր դժուարին պայմաններուն։

Նոր Օրը կ՛արծածէ ոչ թէ միայն գաղութս յուզող հարցերը, այլեւ կ՛անդրադառնայ նաեւ հայրենիքի քաղաքական թէ ընկերային հարցերուն եւ կը ջանայ լուծում մը գտնել՝ մեր հայրենի ժողովուրդին բարւոք կեանք մը ապահովելու նպատակաւ։

Արցախը եւ անոր դիմագրաւած սպառնալիքները ու պատերազմական իրավիճակը վերջերս կիզակէտը դարձած էր Նոր Օրի խմբագրականներուն եւ քաղաքական վերլուծումներուն։ Նոր Օր կը հաւատայ որ Արցախը անբաժան մէկ մասն է Հայաստանին եւ անոր գոյատեւումը որպէս ինքնավար շրջան՝ չի կրնար ենթարկուիլ դրացի երկիրներու իշխանաւորներուն հողային զիջումներ կատարելու անընդունելի առաջարկներուն։

Նոր Օր նաեւ անընդունելի կը գտնէ հողային միջանցք մը յատկացնելու Ատրպէյճանին, որպէսզի թշնամին կարողանայ հեշտութեամբ միացնել Ատրպէյճանը Նախիջեւանին՝ որ պատմականօրէն կը պատկանի Հայաստանին։

Նոր Օրը եւ անոր ետին կանգնող ՌԱԿ դարաւոր կուսակցութիւնը չի կրնար հաշտուիլ կարգ մը ընդիմադիր խմբակներուն հետ, որոնք կ՛ուզեն որ Հայաստան բանայ սահմանը մեր դարաւոր թշնամիին՝ թուրքիոյ հետ։

Սահմանային այդ համաձայնութիւնը պիտի ըլլայ ի նպաստ թուրքիոյ եւ Հայաստան պիտի տուժէ տնտեսապէս, որովհետեւ թրքական աժան ապրանքները պիտի ներխուժեն Հայաստան եւ պիտի տկարացնեն մեր արտադրողական արդիւնաբերութիւնը։

Նոր Օր նաեւ կ՛անդրադառնայ սփիւռքի այլ գաղութներու քաղաքական, մշակութային թէ ընկերային կեանքի ելեւէջներուն եւ արձագանքը կը հանդիսանայ անոնց, առանց նախապաշարումներու տեղեկութիւն տալով եւ վերլուծելով ու յարկն ու պատշաճը ներկայացնելով։

Առ այդ՝ Սուրիան ու Լիբանանը առիւծի բաժինը վերցուցին Նոր Օրի քաղաքական մեկնաբանութեանց եւ վերլուծումներուն, վերջին տասնամեակի ընթացքին, հոն տեղի ունեցած քաղաքական եւ ընկերային վերիվայրումներուն պատճառաւ։

Հարիւրամեակը պատմական անկիւնադարձ մըն է Նոր Օր շաբաթաթերթին համար եւ անշուշտ զայն հովանաւորող կուսակցութեան համար ալ։ Ես՝ որպէս երկար տարիներու պարզ աշխատակից մը, հպարտ կ՛զգամ որ մաս կազմած եմ այս թերթին եւ համեստ բաժինս բերած՝ անոր գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան, սփիւռքեան այս դժուարին պայմաններուն մէջ։

Առ այժմ՝ լաւագոյն մաղթանքներով բարի երթ Նոր Օր-ին, դէպի յաջորդ հարիւրամեակը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ