Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Սիրան Սեզայի Վէպերու Շնորհանդէսը Երեւանի Մէջ

(«Գիրք ծննդոց», «Խորտակուած Կեանքեր»)

Տարի մը անց կրկին գտնուեցանք Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի (ԳԱԹ) յարկի տակ երկու նպատակով, հակառակ որ Հայրենիքի մէջ կը տիրէր թշնամիներու կողմէ հերթական նախայարձակման մտալլկիչ  մթնոլորտ մը:

Յիշեցնենք որ անցեալ տարի Սեպտեմբերին սփիւռքահայ գրող Սիրան Սեզայի գրական հարուստ արխիւը ԳԱԹ-ին յանձնեց Վահագն եւ Անի Քիւփէլեան ամոլը (Սեզայի որդին եւ հարսը)՝ ընկերակցութեամբ Փրոֆ. Սիլվա Գարայեանի եւ բանասէր Նազելի Գոճայեանի, համոզուած ըլլալով որ արխիւի վերջնական հանգրուանը Հայրենիքն է:

Այս տարի եւս նոյն կազմով Տէր եւ Տիկ. Քիւփէլեանները իրենց հետ բերած էին ոչ միայն Սեզայի հրատարակած «Երիտասարդ հայուհի»ի պարբերաթերթի ամբողջ հաւաքածոն, արխիւային այլ նիւթեր, ինչպէս նաեւ Սեզայի վաղամեռիկ բանաստեղծ եղբօր՝ Մատթէոս Զարիֆեանի նամակները, որոնք համալրեցին նախապէս ղրկուած արխիւային նիւթերը: Նշենք, որ պարբերաթերթի հաւաքածոն յանձնուեցաւ Ազգային Գրադարանին:

Սոյն տարուայ Սեպտեմբեր 15-ին ԳԱԹ-ի սրահին մէջ կայացաւ Սեզայի վերջերս առաջին անգամ հրատարակուած երկու վէպերու շնորհանդէսը՝ տնօրէն Վահագն Սարգսեանի օժանդակութեամբ:

Շնորհանդէսի յայտագիրը վարեց Գայիանէ Սամուէլեանը՝ ելոյթներու ընդմէջէն հատուածներ ընթերցելով Սեզայի վէպերէն: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Վ. Սարգսեանը, որ կարեւորեց Սեզա երեւոյթը սփիւռքահայ կեանքին մէջ, քաջալերելով որ մօտիկէն ծանօթանան այս մեծ հայուհիի ստեղծագործութիւններուն:

Բանասէր եւ պատմաբան Գէորգ Եազըճեան հանգամանօրէն ներկայացուց Ս. Սեզայի կենսագրականն ու ազգային-հասարակական եւ գրական բեղուն գործունէութիւնը։ Գ. Եազըճեան հետեւողականօրէն կը զբաղի նաեւ Սեզայի նամակներու ուսումնասիրութեամբ՝ հրատարակելու համար զանոնք։

Զոյգ վէպերու խմբագիր Դոկ. Մինաս Գոճայեանի խօսքը՝ «Սեզան եւ սփիւռքահայ կինը մեր հասարակութեան մէջ» ներկաներուն մատուցուեցաւ Նազելի Գոճայեանի ընթերցումով: Խօսքին մէջ շեշտուած էր Սեզայի վիթխարի ներդրումը առհասարակ կանանց եւ ի մասնաւորի հայ կանանց ընկերային-հասարակական դիրքի կարեւորման գործին մէջ։

Շնորհանդէսի հիմնական բանախօսն էր Բանասիրական գիտութիւններու Դոկտոր Մարգարիտա Խաչատրեանը։ Ան հիմնական շեշտը դրաւ  «Անցեալի մեր չսովորած դասերից եւս մէկի» վրայ: Բանախօսը ցոյց տուաւ ազգային-քաղաքական այն սխալներն ու թերացումները, որոնց մասին ատենին արտայայտուած էր մեծ գրագիտուհին, սխալներ, որոնք կը կրկնուին մեր օրերուն՝ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայրենիքի մէջ:

Ընտանիքի կողմէ խօսք առաւ որդին՝ գործարար Վահագն Քիւփէլեանը, որ զանազան դրուագներով ներկայացուց մօրը յախուռն ու անզիջող բնաւորութիւնը, եւ իր ընտանիքի երախտիքի խօսքը ուղղեց ԳԱԹ-ի տնօրէնին եւ շնորհանդէսի բոլոր մասնակիցներուն ու ներկաներուն:

Շնորհանդէսը իր պատշաճ ու բարձր մակարդակի լրումին հասաւ շնորհաշատ երգիչ Արսէն Համբարեանի Կոմիտասեան երգերու հրաշալի կատարումով:

Հանդիսութեան վերջաւորութեան եղաւ գիրքերու մակագրում եւ հիւրասիրութիւն:

Ն. Գ.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ