Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանդիսութիւն՝ Նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալու Մահուան 850ամեակին

2023 թուականին լրանում է մեր ժողովրդի ու եկեղեցու ամենանշանաւոր գործիչներից մէկի՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի մահուան 850-ամեակը։ Այդ առիթով Հոկտեմբերի 20-ին, Առաջնորդարանի Արմէն Համբար սրահում կազմակերպուեց յատուկ հանդիսութիւն, որը, ինչպէս աւելի ուշ իր խօսքում ասաց Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, նախատօնակն է Ներսէս Շնորհալուն նուիրուած միջոցառումների շարքի, եւ նպատակ ունի Շնորհալուն մօտեցնելու մեր ժողովուրդին (Ստորեւ, Սրբազան հօր խօսքը կը հրատարակենք ամբողջութեամբ)։

Հանդիսութիւնը սկսեց Արեւմտեան թեմի Առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց մայրավանքի «Շնորհալի» երգչախմբի հոգեւոր կատարումներով, Արթուր Սրկ. Վարդանեանի ղեկավարութեամբ եւ Գեղամ Աշճեանի նուագակցութեամբ։ Ապա հանդիսութիւնը վարող Նորայր Պօղոսեանը համառօտ ներկայացրեց հիմնական բանախօսին՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանին եւ նրա «Մեր լաւագոյններէն մէկը՝ Ս. Ներսէս Դ. Շնորհալի կաթողիկոս» մենագրութիւնը, որ տպագրուել է Երեւանում եւ շուտով կը լինի Առաջնորդարանում։

Հանդիսութեան հիմնական բովանդակութիւնը Հայր Տաճատի բանախօսութիւնն էր, որ մանրամասն ներկայացրեց Շնորհալի Հայրապետին պատմական, աստուածաբանական, մատենագրական, եկեղեցական առումներով, խօսեց յատկապէս Շնորհալու մեծ հեղինակութեան, միջկրօնական յարաբերութիւններում ունեցած մեծ ազդեցութեան եւ այլ հարցերի մասին։ «Շնորհալին կարծես աստուածային նախախնամութեամբ եկաւ՝ լուսաւորելու մեր հոգիները։ Անոր երկերը ծնուած են եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի հանդէպ ունեցած սիրուց։ Շնորհալին հաւատքի մարդ էր, հմուտ աստուածաբան, խոնարհ անձ։ Իր երգերը երկիրը երկնքին կապող միջոց եղան», ի մասնաւորի բանաձեւեց Հայր Սուրբը։

Իր ամփոփիչ խօսքում Թեմակալ Առաջնորդ Յովնան Արքեպիսկոպոսը գնահատանք ուղղեց «Շնորհալի» երգչախումբին, ապա յատկապէս Հայր Տաճատին՝ ասելով. «Հայր Տաճատի խօսքը մեր հոգիներու մէջ կը վերարթնացնէ Ս. Ներսէս Շնորհալի մեծ հայրապետի՝ կաթողիկոսական տիրական դէմք ըլլալու հանգամանքը, որպէս ճշմարիտ հոգեւորականը, աստուածաբանն ու ծառայականը։ Հայր Տաճատի դասախօսութիւնները ըմբոշխնելով՝ լաւագոյնս կ’ըմբռնենք, որ Շնորհալի հայրապետը հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքը հարստացնող անկրկնելի ու առաջնորդող դէմքն է եղած» (Յովնան Արք. խօսքը ամբողջութեամբ տե՛ս այստեղ)։ 

Յովնան Արքեպիսկոպոսը նաեւ յայտնեց, որ ծրագրուած է յառաջիկայ տարւոյ մէջ կազմակերպել գիտաժողով՝ նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին։

Հանդիսութիւնն աւարտուեց հիւրասիրութեամբ։

Դիւան Առաջնորդարանի

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՄԱՀՈՒԱԾ 850-ԱՄԵԱԿԻՆ

Շնորհալի մեծ հայրապետի վախճանման 850-ամեակին նուիրուած այս երեկոյեան հանդիսութիւնը իրօք մեր հոգիներու մինչեւ խորքը կ’ամրացնէ սէրն Աստուծոյ նկատմամբ, մեր խոնարհումը՝ մեր նախնեաց յանուն հաւատքի պատարագեալ կեանքին ընդառաջ։

Արդարեւ, կարօտ ենք հոգեւորին, որուն քաղցրահամ ճաշակը մեզի կը հիւրասիրէ Շնորհալի հայրապետը իր շարականներով ու աղօթքներով, որոնց զօրութիւնը անչափելի է մարդն առ Աստուած բարձրացնելու տեսանկիւնէն դիտուած։

Մեր ջերմ գնահատութիւնը առաջին հերթին մաեստրո Արթուր Սրկ. Վարդանեանին եւ իր ղեկավարած երգչախումբին, ովքեր երեկոյին բացումը կատարեցին կոմիտասաշունչ մի քանի երգերով։ Մեր հիացումը մեր սարկաւագին եւ «Շնորհալի» երգչախումբին, ի մասնաւորի իրենց մշտական ներկայութեան ու ս. պատարագներու քաղցրահնչուն երգեցողութեան համար։

Ես այս պահուն քաղցրութեամբ կը յիշեմ իմ մանկութեան տարիները, երբ Պէյրութի Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանի առաւօտեան ժամերուն կը երգէինք Շնորհալի հայրապետի «Առաւօտ լոսոյ»ն։ Ահաւասիկ այսպիսի հոգեւոր ապրումներով կ’առաջնորդուէին մեր կեանքի առաջին հանգրուանները։

Այս երեկոյ ի մասնաւորի երախտապարտ ենք մեր սիրելի Հայր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի, որ իր ճոխ դասախօսութեամբ մեզ բոլորս աւելի մօտեցուց Շնորհալի հայրապետին։

Հայր Տաճատի դասախօսութիւնները ըմբոշխնելով՝ լաւագոյնս կ’ըմբռնենք, որ Շնորհալի հայրապետը հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքը հարստացնող անկրկնելի ու առաջնորդող դէմքն է եղած։ Հայր Սուրբը ստուգապէս Շնորհալի հայրապետով ներշնչուած ներհուն հոգեւորականն է, որը բոլորս կը հրաւիրէ իւրացնելու Ս. Ներսէս Շնորհալիի աղօթքներն ու շարականները։

Հայր Տաճատի խօսքը մեր հոգիներու մէջ կը վերարթնացնէ Ս. Ներսէս Շնորհալի մեծ հայրապետի՝ կաթողիկոսական տիրական դէմք ըլլալու հանգամանքը, որպէս ճշմարիտ հոգեւորականը, աստուածաբանն ու ծառայականը։

Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին նուիրուած այս երեկոյի հանդիսութիւնը դասենք որպէս նախատօնակ յառաջիկայ տարւոյ մէջ նախատեսուած գիտաժողովին՝ նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին։

Շնորհալի հայրապետը ողնաշարն է եղած հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան հոգեւոր կառոյցին։ Պատկերացուցէք մարդը՝ առանց ողնաշարին, որ բնականօրէն ոտքի կանգնելու հնարաւորութիւն պիտի չունենար։ Նոյն մասով հայ եկեղեցւոյ ծէսն ու արարողութիւնը իրօք չափազանց աղքատ պիտի ըլլար առանց Շնորհալի հայրապետի աղօթքներուն ու շարականներուն։

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ