Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Արշակ Չօպանեան. Ազգային-Հասարակական Գործիչը եւ Քաղաքական Մտածողը

                                         ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

        Արշակ Չօպանեանը քաղաքականութեամբ սկսաւ զբաղուիլ տակաւին Պոլիսէն չհեռացած։ Ան մի քանի նամակներ յղեց Փարիզի իր բարեկամներուն, որտեղ կը նկարագրէր հայութեան վիճակը, համիտեան ջարդերու պատկերը։ Այդ նամակներէն որոշները հրատարակուեցան ֆրանսական մամուլի մէջ։ Պոլիսէն հեռանալէն յետոյ ան ամբողջովին նուիրուեցաւ իր ազգի շահերը քաղաքականապէս պաշտպանելու գործին։ Եւրոպայի մէջ Չօպանեանի ամբողջ մշակութային-քարոզչական գործունէութիւնը, ուղղակի հրապարակային ելոյթները տարբեր քաղաքական եւ հասարակական հաւաքներուն ու մամուլին մէջ, ուղղուած էին այդ միակ քաղաքական նպատակին։

         Երբ 1898-ին ձեռնարկեց «Անահիտ» հանդէսի հրատարակութեան, Չօպանեան սկսաւ աւելի հիմնաւոր խորամուխ ըլլալ քաղաքական հարցերուն մէջ։ Ան առաջիններէն էր, որ մանրամասնօրէն վերլուծեց  հայոց ճակատագրին հետ կապուած քաղաքական խնդիրները, «Հայկական Հարցի» սկզբնաւորման եւ ձեւաւորման շրջանին։ Եւ որ խիստ կարեւոր է, ան մատնանշեց մեր քաղաքական միտքի ու դիւանագիտութեան գործառոյթին մէջ տեղ գտած լուրջ սխալներն ու վրիպումները։

         Չօպանեանի քաղաքական հաւատամքը կը բովանդակէր իրար հետ սերտօրէն առնչուած հարցերու երեք խումբ ՝

        Ա) Ազգային-ազատագրական պայքար

        Բ) Միջազգային վեհաժողովներ եւ ռազմավարական ճիշտ դաշնակիցի ընտրութիւն

         Գ) Սովետական Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ

        – Չօպանեան անվերապահօրէն արդարացի եւ ճիշտ գտնելով հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը, լուրջ տարակարծութիւններ ունէր իր ժամանակներուն արդէն գործունէութիւն ծաւալած հայ աւանդական երկու կուսակցութիւններուն հետ։ Անոր քննադատութիւնը ուղղուած էր ոչ թէ շարժման էութեան, այլ գործադրման եւ ղեկավարման մարտավարութեան, թոյլ տուած սխալներու դէմ։ Ազգային-ազատագրական պայքարի հանգրուաններու Չօպանեանական պարբերացումը բնաւ նկատի չ՚ ունի Թուրքիայի, հետեւաբար եւ Արեւմտահայութեան ընկերա-տնտեսական վիճակի խնդիրները, այլ ըստ իրեն, անոնք ամբողջովին կը բխին քաղաքական ու բարոյա-գաղափարական նախադրեալներէ։ Ըստ Չօպանեանի, հարցի արմատը ոչ թէ Թուրքիայի տարածքին մէջ բնակուող ոչ-թուրք տարրերու հնազանդ կամ անհնազանդ վարքագիծի մէջն է, այլ թուրքականութեան առարկայօրէն առաջացած բուն էութեան մէջ, որ կոչուած է ստեղծելու միատարր ազգ-պետութիւն, թրքացնելով կամ իր սահմաններէն դուրս վտարելով ու բնաջնջելով բոլոր այլ տարրերուն, ըլլան անոնք հայ, յոյն, քիւրտ թէ ասորի։

Գլխաւոր տարակարծութիւնը ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՅԺԵՐՈՒ ՄԻԱՒՈՐՄԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ խնդիրն էր։ Չօպանեանի տեսակէտով, ազգային-ազատագրական պայքարի հանգրուանին անհրաժեշտ էր բոլոր ոյժերու համազգային միաւորում։ Այնուհետեւ, ան կտրականապէս կը մերժէր եւ կը դատապարտէր տարանջատ գործողութիւններու, լրջօրէն չնախապատրաստուած ելոյթներու մարտավարութիւնը, որու միակ նպատակը Եւրոպայի ուշադրութիւնը հրաւիրելն էր։ Ընդհակառակը, Չօպանեան կը պահանջէր լուրջ նախապատրաստութիւն, արագ, գաղտնի եւ պատեհ ժամի ճիշտ ընտրութեամբ, միասնաբար եւ կարեւոր հանգրուանի մը ժամանակ հանդէս գալ զինեալ ինքնապաշտպանութեամբ։

  • Չօպանեանի քննադատական գրիչէն հեռու չմնացին նաեւ հայ քաղաքական թէ կրօնական ղեկավարութեան թոյլ տուած ահռելի սխալները, միջազգային տարբեր վեհաժողովներուն ընթացքին։ Արդարեւ, Չօպանեան Պեռլինի վեհաժողովի մասին հետեւեալը           կ ՚ըսէ.-«Ապշեցուցիչ բան մըն է, որ քսան տարիէ ի վեր ոչ մէկ հայ գաղափարը ունեցած չէ մանրամասնաբար քննել Պեռլինի վեհաժողովին միջոցին հայոց ձեռնարկած գործունէութեան պատմութիւնը։ Եւ սակայն, վիթխարի սխալներ գործուած են այդ միջոցին եւ այդ սխալները երեւան հանելը պէտք էր առաջինն ըլլար մեր ջանքերուն»։

Իր պարբերացման առաջին հանգրուանին, նոյնպէս թոյլ տրուած էին սխալներ ՝ ժողովուրդի միակողմանի ոգեշնչումը նախնիների փառքով, առանց ժամանակակից Հայաստանի մասին որոշակի գաղափար տալու, առանց հայ մարդուն նախապատրաստելու զինուած ինքնապաշտպանութեան համար, այնուամենայնիւ ստեղծուած էր մեծ առիթ, որ պսակուեցաւ ռուս-թուրքական պատերազմի աւարտին Սան-Սթեֆանոյի դաշնագրի 16-րդ յօդուածով։

       Ըստ Չօպանեանի, այդ շրջանի հիմնական բովանդակութիւնը այն էր, որ Արեւմտահայութիւնը կտրուկ շրջադարձ կատարեց դեպի Ռուսաստան։ Այս առիթով Չօպանեան հետեւեալը կ՚ըսէ.-«Սան-Սթեֆանոյի ժողովին ուղղած դիմումով Ներսէս պատրիարք Վարժապետեանը իր «փառքի տիտղոսը» ստեղծեց, «նոր թուական» մը բացաւ հայ ժողովուրդին, կրօնական գոյութիւն ունեցող ազգը քաղաքական կռուանի մը վրայ դրաւ, հայուն շահերուն Եւրոպական հզօր պաշտպան մը գտաւ, ռուսը»։ Ինչպէս կը տեսնենք, Չօպանեան հայ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ թոյլ տուած սխալներու հիմնական բովանդակութիւնը կը կապէ ժողովուրդի եւ շարժման ղեկավարութեան քաղաքական կողմնորոշման հետ։ Եւ եթէ ճիշտ կը համարէ Վարժապետեանի առաջին քայլը, ապա խստօրէն կը քննադատէ անոր յետագայ քայլերու ճակատագրական հետեւանքները հայ ժողովուրդի ֆիզիքական իսկ գոյութիւնը պահպանելու տեսակէտէն։

         Իսկ իրականութիւնը այն էր, որ Սան-Սթեֆանոյէն մինչեւ Պեռլինի վեհաժողովը, անցած մի քանի ամիսներու ընթացքին թուրք կառավարութիւնը խորամանկ եւ ճարպիկ քաղաքականութեամբ կը յաջողցնէ համոզել Ներսէս Պատրիարքին եւ անոր մերձաւոր խորհրդականներուն, թէ իբր թէ «Թուրքիան շատ աւելին պիտի ընէ հայութեան համար քան Ռուսաստանը», իսկ «Վարժապետեան, Օտեանը եւ ուրիշներ անգիտակցաբար ծուղակն ինկան»,                           կ ՚ եզրակացնէ Չօպանեան։

      Եւ ահա, ղեկավար այդ շրջանակը որոշում կը կայացնէ Ռուսաստանի փոխարէն դիմել Եւրոպական վեց երկիրներուն, որոնց օժանդակութեամբ կը ձգտի «ստանալ» հայկական անկախութիւն։ Ժամանակին գտնուեցան սակաւաթիւ հայեր, որոնք զգուշացուցին Ներսէս պատրիարքին որպէսզի խուսափի նման քայլ մը կատարելէ, սակայն «Ներսէս գործեց առանց անոնց կարծիքը հաշուի առնելու եւ «իր էֆենտիներուն հետ գլուխ գլխի որոշեց ամէն բան եւ գործադրեց անկախաբար, ըստ էութեան անոնք ամէն ինչ թողեցին սուլթան Համիտի ախորժակին» կը գրէ Չօպանեան։

        Չօպանեան խստօրէն քննադատած եւ մեղադրած է թէ՚  Պոլսոյ շրջանակը եւ թէ՚ պատգամաւորութիւնը, որ անվերապահ կը կատարէ Պոլիսէն եկած հրահանգները, որոնք զբաղուած են ինքնախաբէութեամբ, գաղտնի շփումներ կ ՚ունենան Անգլիոյ ղեկավար դէմքերու հետ յուսալով որ «Անգլիան եւ Եւրոպան հայոց պիտի շնորհէր թագաւորութիւն մը, ռուսին առջեւ պատնէշ կանգնելու համար»։ Այնուհետեւ Չօպանեան կը շարունակէ.-«Ինչ որ անվիճելի կը թուի ինձ, այն է, որ Ներսէս Վարժապետեանի խումբը Անգլիոյ վրայ չափազանց յոյս դնելու սխալը գործած է։ Անհրաժեշտ էր նկատի ունենալ այդ ահագին կշիռ ունեցող տարրը, բայց պէտք է ըմբռնել թէ անգլիական դիւանագիտութիւնը «թշնամի» էր հայոց ներքին ամենէն սուրբ բաղձանքներուն, մինչ ռուսը իր շահերուն բերմամբ ՝ դաշնակից է հայուն»։

        Ռուսական կողմնորոշման ջատագով մըն էր Չօպանեան, ոչ թէ հայասիրութեան կամ  կոյր ռուսասիրութեան կեղծ եւ անիմաստ «փաստարկներէ» մղուած, այլ երեւոյթներու խորքը թափանցելով տեսնելու համար որ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու շահերու համընկնում կար այդ հանգրուանին այդ տարածքաշրջանին մէջ։

       Երկու դարերու սահմանագիծին մէջ Չօպանեան լրջօրէն մտահոգուած էր նաեւ այն հարցով, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ հայութեան վերաբերմունքը դրացի պետութիւններու եւ ժողովուրդներու նկատմամբ։ Ան համոզուած էր վրացիներու, արաբներու, պարսիկներու հետ բարեկամական, հաշտ դրացիական յարաբերութիւններ զարգացնելու մէջ։ Քրտական Հարցին վերաբերեալ, ինք կը դնէր քիւրտերու հետ դաշնակցելու խնդիրը՝ ընդհանուր թշնամիին դէմ պայքարելու։ Ան միշտ շեշտած է թուրքական իրակութեան հետ առնչուիլը, անոնց լեզուն, մշակոյթը, տնտեսութիւնը, գաղափարաբանութիւնը, բարքերը, հոգեբանութիւնը, ապագայ զարգացման միտումները ՝ լրջօրէն ուսումնասիրելու անհրաժեշտութիւնը, հաստատ համոզուած ըլլալով որ «անկարելի է հակառակորդի հետ պայքարիլ առանց անոր մասին խոր ու բազմակողմանի գիտելիքներու կամ աւելի վատ, նման գիտելիքներու փոխարէն նախակարծիք ու պարծենկոտ արհամարհանք դրսեւորել»։ Չօպանեան չէր բացառէր բնականոն յարաբերութիւններ թուրքերու հետ եւս, երբ «սպառազէն վաչկատուներու ջոկ մը ըլլալու» փոխարէն, դառնան քաղաքակիրթ ազգ»։

  • Խորհրդային Հայաստանի քաղաքական լաւագոյն բարեկամներէն մէկը եղաւ Չօպանեանը, անոր տնտեսական, մշակութային-գիտական-կրթական նուաճումներու քարոզողը ՝ ամբողջ Սփիռքի տարածքին։ Միաժամանակ հարկաւոր է նշել, որ բնաւ չբաժնելով հայրենիքի մէջ տիրող գաղափարախօսական հայեացքները, յաճախ հրապարակաւ կը քննադատէր զանոնք։ Օրինակ, երբ Հայաստանի Համայնավար Կուսակցութեան որոշումով ստեղծուեցաւ ՀՕԿ-ը (Հայ Օգնութեան Կոմիտէ) եւ այն վերածուեցաւ «դասակարգային» շերտաւորման քաղաքականութեան իրականացման նպատակի, Չօպանեան անվարան մերժեց համայնավար կուսակցութեան կողմէ թելադրուող այդ քաղաքականութիւնը եւ մերժեց որ ՀՕԿ-ի մասնաճիւղերը Սփիւռքի մէջ վերածուին տարբեր երկիրներու մէջ համայնավար կուսակցութիւններու գործունէութեան խարիսխներու։

             1923 թուականէն սկսեալ Չօպանեան կը սկսի նամակագրական կապ հաստատել Սովետական Հայաստանի գործիչներու հետ եւ նոյն տարուայ Ապրիլին Պօղոս Մակինցեանին իր գրած նամակին մէջ ան կը յայտնէ որ ինք կը ձգտի գաղութահայութիւնը դարձնել դէպի Հայաստան։ Ազգային Պատուիրակութեան հրաւէրով կայանալիք համաժողովի օրակարգի համար որպէս հիմնական հարց, ան կ ՚առաջարկէ քննարկել «արտասահմանի գաղութներուն մէջ ազգային կեանքը վառ պահելու եւ այդ գաղութները Հայաստանին հետ կապելու գործը»։

           1922-ին Չօպանեան հանդէս կու գայ «Արեւ» (Եգիպտոս), «Ազգ-պահակ» (ԱՄՆ) թերթերուն մէջ գաղութահայութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու երիտասարդ Սովետական Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութիւն կազմակերպելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Չօպանեան շատ աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն կ ՚ունենայ Հայաստանի օգտին կատարուող հանգանակութիւններու եւ ուրիշ միջոցառումներու կազմակերպման գործին մէջ։ 1924 թուականին Չօպանեան յատուկ դիմում կ ՚ընէ սփիւռքահայութեան , ջերմօրէն պաշտպանելով ՀՕԿ-ի հրապարակած կոչի գաղափարները եւ «Երիտասարդ Հայաստանին օգնութեան հարցը» կը համարէ «ամենակենսական խնդիրը»։ 1926 թուականին Փարիզի սովետական դեսպանատան մէջ Չօպանեան հանդիպում եւ զրոյց կ ՚ունենայ Սովետական Միութեան արտաքին գործոց նախարար Չիչերինի հետ եւ այդ առիթով կը գրէ հետեւեալ յօդուածաշարքը.- «Մասնակցեցանք «Հայաստանի վերաշինութեան» խորագրով ։ 1926-27 կ ՚այցելէ Ամերիկա, որտեղ կը կատարէ բանախօսութիւններ եւ կը կազմակերպէ հանգանակութիւններ այս անգամ երկրաշարժէն տուժած Լենինական քաղաքի օգնութեան նպատակով, նաեւ ամենուրեք  կը կազմակերպէ ցերեկոյթներ, երեկոյթներ եւ բանախօսութիւններ նոյն նպատակին համար։ Այս ընթացքին ամերիկեան «Ուսթր Տէյլի Թելեկրաֆ» իր Նոյեմբերի 17-ի համարին մէջ կ ՚անդրադառնայ Չօպանեանի Ամերիկա այցելութեան եւ իր կատարած նպաստաւոր գործին հայրենիքի վերածնունդին եւ տնտեսական բարգաւաճումին։

      Չօպանեան մինչեւ 1921 եղած է Ազատական Կուսակցութեան անդամ, իսկ 1921-ի Հոկտեմբեր 1-ին խումբ մը իր գաղափարակից ընկերներուն հետ Պոլսոյ մէջ  կը միանայ նորաստեղծ  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ կը դառնայ  մինչեւ իր կեանքի վերջը անոր ամենաերեւելի գործիչներէն մէկը։ Բազմիցս եղած է Կուսակցութեան Եւրոպայի Շրջանային Վարչութեան ղեկավարը, նաեւ երկու ժամկէտ պաշտօնավարած է իբրեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ։ Իր ամենագործուն մասնակցութեամբ մշակուեցաւ եւ ի գործ դրուեցաւ ՌԱԿ-ի հաւատոյ հանգանակը, որու կարեւորագոյն ատաղձն էր հայ ազգի գոյապահպանութիւնը Սփիւռքի եւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։

      ՌԱԿ-ի ստեղծումէն ընդամէնը 2 շաբաթ անց, Չօպանեան հրապարակաւ կը յայտարարէ թէ «ելլելով հայ ժողովուրդի աշխարհաքաղաքական կացութենէն, կոչ կ ՚ընէ գործակցիլ այն բոլոր ոյժերու հետ, որոնք կրնան օգտակար ըլլլալ անոր փրկութեան համար»։ Ան, իր վերջին համդիպումը կ ՚ունենայ Սովետական Հայաստանի մէջ հայ Կոմկուսի ղեկավար Աղասի Խանճեանի հետ, որմէ ետք անհասկնալի պատճառներով Հայաստան իր մուտքը կ ՚արգիլուի որպէս «անբաղձալի տարր»։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ