Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Հոգեւոր Լոյսի Երգիչը

Խորէն Պալեան, «Լոյս Ի Լուսոյ», Երեւան, 2022

Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

1960-70-ական թուականներուն Հայաստանի մշակութային կեանքին երկնակամարին վրայ փայլող բազմաթիւ աստղերէն կ՚առանձնանային երկնահրաշ ձայնի տէր Լուսինէ Զաքարեանի ու Խորէն Պալեանի  խնկաբոյր մեկնաբանութիւնները։ Անոնց համերգներուն ներկայ կ՚ըլլար արուեստասէրներու ընտրանի մը, որուն համար հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը ի նորոյ կը յայտնաբերուէր՝ անցեալ եօթանասուն տարիներու հակակրօն եւ անառողջ քաղաքականութեան հետեւանքով։

Լուսինէն ամէն Կիրակի Ս. Էջմիածին էր։ Իր ներկայութիւնը ինքնաբերաբար հրաւէր մըն էր հայ հաւատացեալներուն ծնրադրելու Ս. Էջմիածնի խորանին առջեւ եւ վերանալու Լուսինէի «Սուրբ սուրբ»ով, իսկ երբոր Խորէն-Լուսինէ զոյգը կ՚երգէր Ֆիլհարմոնեայի բեմէն, արուեստասէրներու հայեացքները յաճախ կ՚ուղղուէին օթեակներու կողմը, ուր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. հիացական ծափողջոյններով կ՚արտայայտէր Նորին Վեհութեան հիացմունքը։

Խորէն Պալեան եւ Լուսինէ Զաքարեան կ՚ամբողջացնէին զիրար։ Մենք՝ ԵՊՀ-ի Հայ բանասիրութեան ուսանողներս գրեթէ ամէն օր կը տեսնէինք Խորէն Պալեանը՝ այս անգամ որպէս բանասիրականէն ներս գրաբարի դասախօս։ Ես այն բախտաւորներէն էի, որ յաճախ օրուան մէջ երկու անգամ կը տեսնէի զինք, այս անգամ որպէս բանասէր, Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանի սրահներուն մէջ։ Ահա եւ այսպէս, Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մէջ կատարած խոր ուսումնասիրութիւններու արդիւնքն է, որ վերջերս լոյսին եկաւ «Լոյս ի լուսոյ» վերնագրով հատորը։

515 էջերէ բաղկացած «Լոյս ի լուսոյ»ն կազմած, խմբագրած եւ առաջաբանը գրած է հմուտ գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանը։ 30 էջերէ բաղկացած համապարփակ խմբագրականին մէջ կը ներկայացուին հեղինակի կենսագրութեան ընդմէջէն 60-80-ական թուականներուն տիրող մթնոլորտը, ազգային մշակութային կեանքի մէջ յայտնուած եռուզեռը, իշխող գաղափարախօսութեան արգելակումները եւ ի հեճուկս այս բոլորին՝ հայրենասէր սերունդի մը եւ յատկապէս մտաւորականութեան համբերութեամբ դիմագրաւումը։ 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն ետք նոր վերելք մը կրցաւ արձանագրել այդ սերունդը, որուն

յառաջամարտիկներէն էր նաեւ Պետական Համալսարանի սիրուած երիտասարդ արեւելագէտ դասախօսներէն, հասարակական գործիչ Գուրգէն Մելիքեանը։ Խորէն Պալեանի եւ Գ. Մելիքեանի սերտ բարեկամութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ առաջինի մահէն ետք։ Եւ այսպէս է որ «Գուրգէն Մելիքեանի՝ Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքների հիմնադրամ»ի ջանքերով  իրականացած է «Լոյս ի լուսոյ»ի հրատարակութիւնը։ Տեղին է յիշել նաեւ թէ հրատարակուած պատկառելի հատորը լոյսին եկած է շնորհիւ եղբօրորդիի՝ բժիշկ եւ հասարակական գործիչ Ռաֆֆի Պալեանի մեկենասութեան։

Ներկայացուող աշխատութիւնը կ՚ընդգրկէ լեզուաբան, գրաբարագէտ, երաժիշտ եւ երգիչ Խորէն Պալեանի հրապարակած յօդուածները (1960-ականներու վերջ-2007, թուով 47), ելոյթները, հարցազրոյցները եւ «Ժամակարգութիւնք Հայաստանեայց Առաքելական  Ս. Եկեղեցու» աշխատութիւնը։

«Լոյս ի լուսոյ»ն կու գայ շարունակելու Մակար Եկմալեանի, Կոմիտաս Վարդապետի, Նիկողայոս Թահմիզեանի, Արսէն Սայեանի եւ այլ երախտաւորներու գործը։ Ժողովածուին մէջ իւրայատուկ մեկնաբանութիւններով կը ներկայացուին միջնադարեան երաժիշտ հայրերու (Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ, Յովնան Օձնեցի, Ստեփանոս Սիւնեցի, Սահակդուխտ, Շնորհալի եւ ուրիշներ) շարականներու եւ այլ հոգեւոր երգերու առանձնայատկութիւնները, որոնց հիման վրայ իրենց կազմաւորումին հասաւ հայ աշուղական եւ դասական երաժշտութիւնը մեր մէջ։  Պատահական չէ որ հայ մեծագոյն երգահան Արամ Խաչատուրեան բարձր գնահատելով այդ ժառանգութիւնը, ստեղծագործաբար ընդելուզած է իր երաժշտական յօրինումներուն մէջ։

Այսքանէն ետք ափսոսանքով ակամայ ականատես կ՚ըլլանք իսկական հայ երգի կատարեալ աղաւաղումին քիչ մը ամէն տեղ, ի մասնաւորի այս մեծ երաժիշտները ծնած երկրին մէջ։ Ինչպէ՞ս Խորէն Պալեանի հետ չտխրիլ կարդալով այս տողերը. «Ռաբիսութիւնը, անճաշակութիւնը դարձել են ճաշակ ու հեղեղել փողոցներն ու տները, ճաշարաններն ու սրճարանները, հեռուստաեթերն ու համերգասրահները…Իսկ արաբա-թուրքա-պարսկա-հնդկական կլկլոցներն ու դրանց հայերէն (հայերէ՞ն) կրկնօրինակումները ականջ են սղոցում…» (*)։ Ընդամէնը երեսուն տարի եւ մեր համերգասրահները փոխեցին իրենց էութիւնն ու նպատակը՝ անճանաչելի դառնալու չափ։ Կը յիշենք մեր տասնամեակները, երբ դասական, բարձրարուեստ էստրադային (ժամանակակից) համերգներուն դժուար կ՚ըլլար տոմս գտնելը, հապա Գոհար Գասպարեանի, Լուսինէ Զաքարեանի,  Խորէն Պալեանի համերգներու առթիւ քաղաքը կը խօսէր…

Այս ի՜նչ խորխորատը ինկան մեր մշակութասէր քաղաքաբնակները…

Այս կարճ գրախօսականը կ՚աւարտեմ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի կողմէ Խորէն Պալեանի շիրմաքարին վրայ գրուած երեք տողով.

ՀՈԳԻԴ ԱՍՏԾՈՒՆՆ ԷՐ,

ՍԻՐՏԴ ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԳԻՆ,

ԵՒ ԱՆՈՒՆԴ՝ ԱՍՏՂԵՐԻՆ։  

(*) Ռաբիզ.- ռուսերէն բառերու յապաւում, որ կը նշանակէ «բանուորական արուեստ», որ դժբախտաբար վերածուեցաւ կատարեալ անճաշակութեան՝ յատկապէս հայ երգարուեստի մէջ։

«Լոյս ի լուսոյ», «Լուսինէի նման երգում էր միայն Լուսինէն», էջ 503:

Լոս Անճելըս

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ