Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024

Շաբաթաթերթ

Սարտարապատեան Ղօղանջներ

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ազդարարութիւնները Ատրպէյճանին, որ փոխանակ զինեալ նոր արշաւանքներով, կամ՝ զէնքի ուժով գործադրելու նպատակադրած իր նոր ծրագիրները, բանակցութեանց սեղանին շուրջ հասկացողութեան մը գայ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, խնդրոյ առարկայ այլազան տարակարծութեանց ուղղութեամբ։

Ռուսական Դաշնութեան հաւանութեամբ, Ատրպէյճան այս անգամ դիմեց ծայրայեղօրէն յոյժ վտանգաւոր այլ միջոցառումի մը։ 2022 Դեկտեմբեր 12-ին փակեց Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի անցքը, որ թթուածին կը ներարկէր 120,000 հաշուող Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան։ Մինչեւ այսօր, միանգամ ընդմիշտ դադրած են կենսական կարիքներու – դեղորայք, ուտեստեղէն, եւլն. – ներածումը։

Ստեղծուած է ահազանգային գոյավիճակ մը, որ նախադուռն է Հայաստանի ճակատագրական գոյատեւման եւ ի մասնաւորի Արցախի հայաբնակչութեան ցեղասպանութեան։

Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկարամեայ դաշնակից, Ռուսաստանը ոչ միայն իր յանձնառութիւնները չէ գործադրած, այլ ընդհակառակը, անիկա գաղտնի համաձայնութիւններով կը գործակցի Ատրպէյճանին հետ, Թուրքիոյ ալ օրհնութեամբ։

Ռուսաստանի պաշտօնական ծանօթ խօսնակ Տիկ. Զախարովան, վերջերս աներեսաբար հարց տուաւ Հայաստանին, թէ անիկա յստակօրէն պարզելու էր հետեւելիք իր ընդհանուր քաղաքականութեան նախընտրութիւնը՝ ռուսակա՞ն թէ արեւմտեան։ Այս հարցումը արժանի է թրքատիպ ծանօթ պատասխանին։

Այսպէս, ռուսական դիւանագիտութիւնը ճնշումի ենթարկած է Հայաստանի ազատական ձգտումները, ինչպէս նաեւ՝ Արեւմուտքի հետ անոր գործակցական շփումները բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս։ Լաչինի միջանցքի փակումին երկարաձգումը լաւագոյն դրսեւորումն է ռուսական կողմնակալ կեցուածքին ի նպաստ Ատրպէյճանին։

Ռուսական Դաշնութիւնը ի յառաջագունէ նպատակադրած է տիրապետել Զանգեզուրի միջանցքին, միանգամ ընդմիշտ ջլատելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան ձգտումները, աստիճանաբար ինքնիշխան դառնալու, եւ աւելի՛ ազատօրէն գործակցելու Եւրոպական երկիրներուն ու Մ. Նահանգներուն հետ։

ՆՊԱՍՏԱՒՈՐ ԿՈՉԵՐ

2020 Դեկտեմբերի կիսուն, Հայկական Համագումարին նախաձեռնութեամբ, Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տան ու Քոնկրէսի հայանպաստ համախմբումը, նամակով մը դիմած էր նախագահ Պայտընի վարչակազմին, որպէսզի վերցնել տայ Լաչինի անցքին խափանումը Ատրպէյճանի կողմէ։

Միաժամանակ, Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը, ընդառաջելով Հայաստանի կոչին, հաշտարարութեան կոչ ուղղէր Ատրպէյճանին։

ՆՊԱՍՏԱՒՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Հայաստանի ի նպաստ զարգացումներէն մէկը ա՛յն էր, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը, խորհրդարանով ու պետական այլազան միջոցառումներով, դատապարտելէ ետք Ատրպէյճանի քինախնդիր քաղաքականութիւնը, թիկունք կը կանգնէր Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր ընծայելով միաժամանակ շօշափելի օժանդակութիւններ այլազան մարզերէ ներս։

Իւնիսէֆի միջոցով դեղորայքի ապահովում կատարուեցաւ Արցախին, միաժամանակ օժանդակելով նաեւ կարգ մը ծանր հիւանդներու  տեղափոխութեան Հայաստան։

Եւրոպական դատարանի դատապարտումի կոչը, ազերիական անմարդկային արարքներուն նկատմամբ։

Միացեալ Նահանգներու կոչը Քերըն Տոնֆրիտի յայտարարութեամբ, վերականգնելու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջոցով։

Եւրոպական Խորհուրդի կոչը Ատրպէյճանին՝ յարգելու մարդկային հիմնական ազատութիւնները։ Նաեւ կը մնայ ապահովել ՄԱԿ-ի, Ապահովութեան Խորհուրդի միջամտութիւնը՝ այլազան կարելիութիւններով, որոնցմէ մէկը միջազգային դիտորդներու տեղադրումը պիտի ըլլայ, Հայաստան – Ատրպէյճան սահմաններուն վրայ։

Ատեն-ատեն ժողովրդային հրապարակային ցոյցեր ալ կազմակերպելու է հայահոծ գաղութներէ ներս։

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ֆրանսայի կառավարութիւնը, խորհրդարանով ու պետական այլազան կառոյցներով, դատապարտելէ ետք Ատրպէյճանի քինախնդիր քաղաքականութիւնը, թիկունք կը կանգնի Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր ընծայելու շօշափելի օժանդակութիւններ։ Անիկա անցեալ Նոյեմբերին, ի միջի այլոց, պաշտօնական ներկայութիւն փափաքած է ունենալ Արցախի մէջ։

***

2022 Նոյեմբերի վերջերը, արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին, Չեքոսլավաքիա 1 միլիառ 30 միլիոն դրամի յատկացում կատարած է Հայաստանի վիրաւորներուն։

***

Զուիցերիա 960,000 զուիցերիական յատկացուցած է Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերուն։

***

Հայաստանի աղէտները նուազեցնելու համար, Եւրոպական Միութիւնը եւս իր աջակցութիւնը կը շարունակէ բերել։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

Մարզերու զարգացումին համար, վերջերս 1 միլիառ 342 միլիոն դրամ յատկացուած է պետութեան կողմէ։ Սկսելով բնակելի նոր շէնքերէն, դպրոցներէն ու մանաւանդ ճամբաներէն, ջրատարներու նորոգութենէն, մարզերու ընդհանուր զարգացում յառաջացած է։

Յիշեալ բուռն շինարարութեան զուգահեռ, միաժամանակ արձանագրուած է տնտեսական աճ ու բարգաւաճում։

Հասանելի առողջապահութեան եւ որակաւոր մասնագիտական կրթութեան կողքին, կատարուած են նաեւ կենսաթոշակի եւ աշխատանքի աշխատավարձքի զգալի յաւելումներ։

ԱՆՆՊԱՍՏ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայ-ատրպէյճանական երկկողմանի բարձր եւ այլ մակարդակի հանդիպումները հետզհետէ ձեւական դարձած են, ու տակաւին մնայուն խաղաղութեան մը չեն յանգած։

ա) Գլխաւոր պատճառներ արգելք կը հանդիսանան համաձայնութեան մը կնքումին։ Արդարեւ, արեւմտեան գլխաւոր երկիրները կը շարունակեն տնտեսական հիմնական, գերակշիռ շահեր ունենալ Ատրպէյճանի մէջ։ Անոնցմէ ամէնէն կարեւորը քարիւղային ներածումներն են։

բ) Մ. Նահանգներու 2022-ի  Նոյեմբերի վերջին ընտրութեանց, Ներկայացուցիչներու Տան մեծամասնութիւնը անցաւ հանրապետականներու տիրապետութեան տակ։ Մտահոգիչ ու վտանգաւոր կը դառնայ կացութիւնը Հայաստանի համար, եթէ Հանրապետական Կուսակցութիւնը որդեգրէ մեկուսացման քաղաքականութիւն մը հարաւային Կովկասի նկատմամբ։

գ) 2018-էն ետք, Հայաստանի մէջ կազմակերպուած խորհրդարանական երկու յաջորդական ընտրութեանց, փոքրամասնական ընդդիմադրութիւնը, դժբախտաբար երկրին մէջ կը շարունակէ գործել որպէս հինգերորդ զօրասիւն Ռուսական Դաշնութեան։

դ) Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնն ալ փրո-ռուսական արեւելում որդեգրած է։

ե) ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները, գլխաւորութեամբ Պելառուսի, յայտարարած են թէ Հայաստան – Ատրպէյճան հակամարտութեան ու Լաչինի անցքին փակման առիթով, որեւէ պարտաւորութեան տակ չեն գտնուիր։

զ) Ռուսական բանակի տեղատուութիւնները Ուքրանիոյ այլազան ճակատներուն վրայ, Ալիեւը դարձուցած են Հայաստանի նկատմամբ աւելի պահանջկոտ եւ սպառնական, իսկ Շուշիի անցքին վրայ՝ բացարձակատիրական, իսկ Հայաստանէն դէպի Արցախ ելեկտրականութիւն հայթայթող միակ գիծն ալ պարբերաբար խանգարելով։

է) Ժխտական կարեւոր իրողութիւն է դիրքորոշումը ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ, որ զինուորական օժանդակութիւն կ՚ընծայէ Ատրպէյճանին, մանաւանդ օդուժի մարզէն ներս, ինչպէս նաեւ հայթայթելով վարձկան զինեալներ Ատրպէյճանի։ Լրացուցիչ կերպով, ռուս-ուքրանական ընթացող պատերազմին մէջ, Սեւ Ծովի երթեւեկութեան եւ հսկողութեան, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ ցորենի պաշարներու արտածումին ուղղութեամբ գերակշիռ ազդեցութիւն  ունի։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է

Հայաստանի մանաւանդ տնտեսական գոյավիճակը սերտօրէն կապուած ըլլալով Ռուսաստանի հետ բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս, դժուար է անկէ ձերբազատուելով անկախ ուղղութիւն մը տալ անոր։

Հետեւողականօրէն ճկուն եւ ազատ տնտեսութիւն մը իրականացնելու  համար, շօշափելիօրէն տոկուն յենարան կերտուելու է։

Հարաւային Կովկասի մէջ զօրանալու է Արեւմուտքին ազդեցութիւնը, ստեղծելով արեւմտեան զինուժի գօտիներ, ինչ որ ներկայիս շօշափելիօրէն կը բացակայի։

Սակայն կարելիութիւնը կայ զայն վերականգնելու հիւսիսային Իրաքի եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ։

Ռազմագիտական արեւմտեան քաղաքականութեան մաս կը կազմէ Արաբական Թերակղզիի քարիւղային հորերու շահագործումը, ու նաֆթի արտածումը դէպի Եւրոպա։

Զուգահեռաբար, ռազմականօրէն եւս Հայաստան կը կարօտի ինքնազօրացման։ Բանակի հիմնական զարգացումին համար, անհրաժեշտ է զինուորական քատրերու յառաջացած պատրաստութիւնը ու ռազմագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ընդհանուր արդիականացումը բանակին։ Արուեստական արբանեակի ու տրոններու պատրաստութիւնը եւ օգտագործումը, առաւելութիւն մըն է զինուորական բախումներու ընթացքին։

Պահն է հայ ժողովուրդի ընդհանուր զօրաշարժի։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ