Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Հայաստանի միջազգային պահուստները նուազած

Այս տարուան Յունուարի վերջաւորութեան դրութեամբ, Հայաստանի միջազգային պահուստները կրճատուած են 133 միլիոն տոլարով, կամ՝ վեց առ հարիւրով։

Միջազգային պահուստներու կրճատման զուգահեռ, աճած է Հայաստանի պետական պարտքը։ Յունուարին պարտքը աւելցած է 27,2 միլիոն տոլարով։

 

Նոր խորհրդական

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի որոշումով, Սամուէլ Սանամեան նշանակուած է ՀՀ վարչապետի խորհրդական։

 

Հայ որբերու յուշեր՝ Տէրեանի գրիչով

Առաջին անգամ ըլլալով հրատարակուած է բանաստեղծ Վահան Տէրեանի անյայտ նախաձեռնութիւնը՝ հայ որբերու յուշերը։ 1916-ին Երեւանի Ցարսկայա փողոցի որբանոցին մէջ, Վահան Տէրեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած 27 երեխաներու՝ 10-15 տարեկան, յանձնարարած է գրի առնել յիշողութիւնները Ցեղասպանութեան եւ գաղթի ճամբուն մասին։ 100 տարի անց, կը տպուին այդ յուշերը Տէրեանի ծոռ՝ գրականագէտ Գէորգ Էմին-Տէրեանի կողմէ։ Գիրքին անունն է «Տէրեանի անյայտ նախաձեռնութիւնը. հայ որբերի յուշերը»։ Շնորհանդէսը տեղի ունեցած է Փետրուար 9-ին՝ Տէրեանին ծննդեան օրը։

 

«Ելք»-ին եռեակը

«Ելք» դաշինքի համասնական ցուցակը պիտի գլխաւորէ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Էդմոն Մարուքեանը։ Ցանկին երկրորդ անունն է՝ Հանրապետութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեան, իսկ երրորդը՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ Նիկոլ Փաշինեան։ Այս որոշումը յետ քուէարկութեան ընդունուած է Երեքշաբթի օր։

 

«Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինք

Վերոյիշեալ անունով կազմուած դաշինքը կը գլխաւորեն նախկին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան եւ «Համախմբում» կուսակցութեան ղեկավար Վարդան Օսկանեան։ Անոնց հրապարակած համաձայնագրին մէջ կը նշեն, որ իրենց ծրագիրն է նոր որակի իշխանութեան ձեւաւորումը։ Հոն կը խօսուի տնտեսութեան, Արցախի, արտաքին քաղաքականութեան, Սփիւռքի, ուժային կառոյցներու, քաղաքական համակարգի, տեղական ինքնակառավարման, մարդու իրաւունքներու, մամուլի ազատութեան, եւ այլ հարցերու մասին։

 

Լրագրողներու համահայկական համաժողովի նիստ

Փետրուար 10-ին  տեղի ունեցած է Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի 2017-ի անդրանիկ նիստը, գլխաւորութեամբ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է, որ սփիւռքահայ մամուլը տարածեց «Դու ինչ ես անում Ղարաբաղի համար» շարժումը։ Խօսուած է նաեւ «2017-ը Արցախի տարի» հռչակելու ծրագիրին մասին։

 

«Զբօսաշրջիկութիւնը Հայաստանում եւ Արցախում» քննարկում

Փետրուար 10-ին Սփիւռքի նախարարութենէն ներս տեղի ունեցած է «Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանում եւ Արցախում – Սփիւռքահայերը զբօսաշրջութեան ոլորտում» քննարկում։

 

Սփիւռքահայ ներդրողներու կլոր սեղան

Փետրուար 9-ին  Սփիւռքի նախարարութեան  մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստանում ներդրումներին՝ սփիւռքահայերի մասնակցութիւնը» նիւթով կլոր սեղան քննարկում, որուն մասնակցած են աւելի քան 40 գործարար։ Նախարար Յակոբեան ողջունած է անոնց ներկայութիւնը, նշելով, որ անոնք չվախցան դժուարութիւններէ, Հայաստան գալէ եւ ներդրումներ կատարելէ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ