Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

60 տոկոս մասնակցութիւն

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփած է Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեան քուէարկութիւնը, որուն համաձայն քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 587 հազար 706 քաղաքացիներէն 1 միլիոն 574 հազար 947 հոգի մասնակցած է քուարկութեան, որ 60,86% է։

 

Սարգսեան քուէարկելու պահուն մտածած է խաղաղութեան մասին

Հայաստանի նախագահ եւ Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 2-ին իր քուէն տալու ընթացքին  մտածած է, թէ խաղաղութենէն կարեւոր բան չկայ։ Հետաքրքրական է, որ նախագահին տասը մատներն ալ չճանչցուեցան մատնահետքի սարքին կողմէ եւ նոյնը պատահեցաւ նաեւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին հետ։

 

Սփիւռքահայ արուեստագէտները Հայաստանի մէջ

Խօսքը ընտրութիւններուն ներկայ գտնուելու եւ ժողովուրդը ոտքի հանելու մասին է եւ չունէր երաժշտական միտում։ Արուեստագէտները՝ Արսինէ Խանճեան, Ատոմ Եկոյեան, Սերժ Թանքեան, խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին եւ յորդորեցին ժողովուրդը, որպէսզի քաջաբար քաղաքացիական իր պարտականութիւնը կատարէ եւ ընտրէ իրեն յարմար թեկնածուն։

 

Սահմանը խաղաղ չէ

Մարտ 31-ին Արցախի արեւելեան սահմանի ուղղութեամբ հակառակորդին կողմէ հրադադարը հերթական անգամ խախտելով, մահացու վիրաւորուած եւ ապա մահացած է 1993-ի ծնունդ Գոռ Յովհաննիսեանը։

 

Սարգսեան այցելեց Քառօրեայ պատերազմին զոհուած Սահակեանին ընտանիքին

Ապրիլ 2-ին նախագահ Սերժ Սարսեան յարգանքի տուրք մատուցելով այցելեց 2016-ի Ապրիլ 2-ին զոհուած Ադամ Սահակեանի ընտանիքին, յայտնելով իր զօրակցութիւնը անոր ծնողներուն։

 

 

Հանրապետական, «Ծառուկեան», «Ելք» եւ Դաշնակցութիւն մուտք կը գործեն Ազգային Ժողով

 

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը հրապարակած է Ապրիլ 2-ի Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները. պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Հայաստանի նոր Ազգային Ժողովը պիտի ունենայ 105 աթոռ։

– Հանրապետական կուսակցութիւն՝ 49,12 տոկոս, 58 աթոռ

– «Ծառուկեան» դաշինք՝ 27,32 տոկոս, 31 աթոռ

– «Ելք» դաշինք՝ 7,77 տոկոս, 9 աթոռ

– ՀՅԴ՝ 6,57 տոկոս, 7 աթոռ։

Ընտրութիւններուն մասնակցած միւս հինգ ուժերը չկրցան յաղթահարել Ազգային Ժողով մտնելու նուազագոյն արգելքը։ Յիշեցնենք, որ կուսակցութիւններուն անհրաժեշտ էր առնուազն 5 տոկոս, իսկ դաշինքներուն՝ 7։

Եւ այսպէս, Ազատ Դեմոկրատները ստացան շուրջ մէկ տոկոս, Կոմունիստները՝ գրեթէ նոյնքան, Կոնգրէս-ՀԺԿ՝ շուրջ մէկուկէս տոկոս, ՕՐՕ՝ շուրջ երկու տոկոս եւ Ազգային Վերածնունդը՝ շուրջ 4 տոկոս։

Պաշտօնական տուեալներով ընտրութիւններուն մասնակցած է քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 587 հազար 706 քաղաքացիներէն՝ 1 միլիոն 574 հազար 947 քաղաքացի, կամ քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 60,86 տոկոսը։

– Միւս կողմէ, ներկայ կառավարութիւնը վար պիտի դնէ իր լիազօրութիւնները նոր խորհրդարանի առաջին նիստին օրը։ Իսկ առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանը ձեւաւորուելէն ետք, երրորդ Հինգշաբթի օրը։

 

Արձագանգներ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն

– Եւրոպական Միութիւնը կ՚աջակցի Հայաստանի կայուն, ժողովրդավարական ու բարգաւաճ ապագային։ «…Սակայն, քուէարկութիւնը արատաւորուած էր ընտրակաշառքի եւ պետական ծառայողներու ու յատուկ ընկերութիւններու աշխատակիցներու վրայ ճնշումներով, նպաստելով վստահութեան բացակայութեան։ Ընտրութիւններուն արդիւնքները, այդուհանդերձ, կ՚արտացոլան հայ ժողովուրդին ընդհանուր կամքը», ըսուած է ԵՄ-ին յայտարարութեան մէջ։

– ԵԱՀԿ-ի դիտորդ՝ Իկնասիօ Սանչէս Ամոր. «Ընտրութիւնները լաւ կազմակերպուած էին, բայց անոնց վրայ ազդեցութիւն ունեցած է ընտրակաշառքը»։

– Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Մենք խոստացել ենք աւելի ամուր, աւելի ուժեղ եւ զարգացող պետութիւն կառուցել, եւ մենք կառուցելու ենք։ Բոլորս միասին ենք անելու»։

– Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտարարած է, որ երկրէն ներս, ուր ազգային հարստութեան առիւծի բաժինը օրինական թէ անօրինական ճանապարհով կուտակուած է քանի մը տասնեակ ընտանիքներու ձեռքին, իսկ ժողովուրդը՝ դատապարտուած կատարեալ թշուառութեան, ընտրութիւններու այլ արդիւնք ակնկալելը քաղաքագիտական անգրագիտութիւն պիտի ըլլար։

– «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքին տարածած հաղորդագրութենէն. «Սա ոչ թէ ընտրութիւն էր, այլ ձայների առեւտուր եւ իշխանութիւնների կողմից կազմակերպուած համակարգային կեղծարարութիւն։ …Ընտրութիւնների արդիւնքները չեն արտացոլում մեր հասարակութեան իրական տրամադրութիւնները, չեն արտայայտում ժողովրդի շահերը»։

– Վարչապետ Կարէն Կարապետեան. «Հանրապետականների յաղթանակից յետոյ մեր կառավարութիւնը կը շարունակի բարեփոխումների կուրսը»։

– Շարլ Ազնաւուր. «Ով որ ալ ընտրուած ըլլայ իմ ժողովուրդիս կողմէ՝ ես կ՚ընդունին զայն»։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ