Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Ազատութեան հրապարակին վրայ այրած են Թուրքիոյ դրօշակը

Ապրիլ 23-ի երեկոյեան, Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն մեկնարկած է Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած աւանդական Ջահերով երթը։ Հաւաքուածները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են զոհերուն յիշատակը, ապա հրկիզած են Թուրքիոյ դրօշակը, որպէս այդ երկրին կողմէ Ցեղասպանութիւնը հերքելուն դէմ բողոքի նշան։ Այդ կրակով ալ վառած են ջահերը։

18-րդ տարին է, որ Երեւանի մէջ Ապրիլ 23-ի երեկոյեան տեղի կ՚ունենայ նման ջահերթ։

 

Կ՚ենթադրուի, որ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան պիտի վերընտրուի

«Կելափ ինթըրնէշընըլ»ի համաձայն, 1044 երեւանցիներու հարցուելէ ետք պարզ դարձած է, որ անոնց կէսէն քիչ մը աւելին հաստատած է, որ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին։ Հարցուածներուն 54,3 տոկոսը պատասխանած է, որ պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն, որոնց 61 տոկոսը իրենց ձայնը պիտի տան քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին, 11,5 տոկոսը՝ Նիկոլ Փաշինեանին, իսկ շուրջ 4 տոկոսը՝ Զարուհի Փոստանջեանին։

 

Հնդկաստանի փոխնախագահը Ապրիլ 24-ին ժամանեց Հայաստան

Հնդկաստանի փոխնախագահ Համիտ Անսարին Ապրիլ 24-ին հնգօրեայ այց կատարեց Հայաստան եւ Լեհաստան, բանակցութիւններ վարելով երկու պետութիւններու բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։ Մինչեւ Չորեքշաբթի օր, անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը գտնուէր Հայաստան, բանակցելով ՀՀ նախագահին, վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ։

Այցելութիւնը զուգադիպած է նաեւ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին։

 

ՀՀ նախագահը մասնակցած է «Ազգ-Բանակ 2017» համաժողովին

Ապրիլ 20-ին նախագահ Ս. Սարգսեան մասնակցած է ռազմակրթական ոլորտի հիմնախնդիրներուն նուիրուած «Ազգ-Բանակ 2017» խորագիրով համաժողովին, որ կազմակերպած էին պաշտպանութեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւնները։ Համաժողովը տեղի ունեցած է Երեւանի Կ. Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ։

 

Սպաննուած է ռուս զինուոր մը Գիւմրիի մէջ

Գիւմրիի Կուրսկի հրապարակի «Արգօ» խանութին քով յայտնաբերուած է ռուս զինուորի մը մարմինը։ Շիրակի մարզի դատախազութիւնը յայտնած է, որ մահացողը ռուսական 102-րդ ռազմախարիսխի զինուոր Տիմիթրի Եալփաեւն է։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ