Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Ռուսիոյ հայութեան թիւն է շուրջ 2,5 միլիոն

Ռուսիոյ մէջ 2,5 միլիոն հայեր կ՚ապրին, յայտարարած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանը Փերթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցող միջազգային տնտեսական համաժողովին ընթացքին։ «Մեր տուեալներով Ռուսիոյ մէջ կ՚ապրին 2էն 2,5 միլիոն հայեր, որոնց շարքին՝ Ռուսիոյ քաղաքացիներ։ Ի դէպ, Ռուսիոյ քաղաքացի հայերը աւելի շատ են, քան՝ Հայաստանի քաղաքացիները Ռուսիոյ մէջ։

 

Ատրպէյճանի հերթական սուտը եւ Կարմիր Խաչին պատասխանը

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակը տեղեակ չէ, թէ ուրկէ քաղելով իր տեղեկութիւնը Ատրպէյճանի ընտանիքի, կանանց եւ երեխաներու խնդիրներով զբաղող պետական յանձնաժողովի նախագահ Հիճրան Հիւսէյնովան յայտարարած է, իբրեւ թէ 27 ատրպէյճանցի երեխաներ տակաւին կը գտնուին գերութեան մէջ։

Ստեփանակերտի գրասենեակէն յայտնած են, որ ընդհանրապէս այդ մասին տեղեկութիւն չունին։

 

Սերժ Թանքեանը կը փափաքի երաժշտական միջազգային փառատօն հիմնել

«Միշտ երազած եմ Հայաստանի մէջ միջազգային երաժշտական փառատօն հիմնել», ըսած է «Սիսթըմ օֆ է Տաուն» խումբի երգիչ եւ երաժիշտ Սերժ Թանքեան։ Ան յոյս ունի, որ փառատօնը կը ներգրաւուի եւրոպական ամառնային փառատօններու շրջանակէն ներս։

 

Գնդակոծուած է Տաւուշի մարզի Բաղանիս շրջանը

Անցեալ շաբաթ, Ատրպէյճան կրակ բացած է Հայաստանի վրայ։ Գնդակոծուած է Տաւուշի մարզի Բաղանիս շրջանը։ Վնասուած է երկու տուն։

 

Նիքոլա Ազնաւուր մկրտուեր է Տաթեւի մէջ

Անցեալ շաբաթ Հայաստան գտնուող Շարլ եւ Նիքոլա Ազնաւուրները այցելեր են Տաթեւի վանական համալիր, ուր մկրտուեր է կրտսեր Ազնաւուրը։ Ազնաւուր շատ հպարտ էր իրենց այս քայլով եւ յայտնած՝ «ծնողներս որքան ուրախ պիտի ըլլային իմանալով, որ զաւակներս Հայաստանի մէջ մկրտուած են»։

 

ՎիվաՍէլ-ՄՏՍը հիւրընկալած է սփիւռքահայ երիտասարդներ

Յունիս 3ին ՎիվաՍէլ-ՄՏՍ բջջային հեռաձայնի ընկերութիւնը հիւրընկալած է աշխարհի տարբեր երկիրներէ Երեւան ժամանած 20-32 տարեկան կամաւոր սփիւռքահայեր։ Հանդիպումին ընթացքին, ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիքեան ծանօթացուցած է իրենց աշխատանքին։

«Յաջողութեան հասնելու համար պէտք է ունենալ յստակ տեսլական՝ նպատակներու եւ անոնց հասնելու քայլերուն վերաբերեալ», ըսած է ան։

Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, Պրազիլէն, ԱՄՆէն, Ռուսիայէն, Սուրիայէն, Աւստրալիայէն եւ Քանատայէն ժամանած քսան երիտասարդ կամաւորները կիսած են իրենց տպաւորութիւնները։ Հարց ու պատասխանէ ետք, անոնք շրջած են գրասենեակները։ Կամաւորները աշխատանքներ կը տանին տարբեր մարզերու մէջ «Դէպի Հայք» հիմնադրամին միջոցով՝ ՎիվաՍէլի աջակցութեամբ։ 2004էն ի վեր 1400 հայ կամաւորներ Հայաստան եկած են 47 տարբեր երկիրներէ այս նոյն ծրագրով։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ