Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

«Տարօ՛ն, դու իրաւունք չունես մեզ հիասթափեցնելու»

Նման խօսքով դիմած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը հերթական անգամ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին երդուող Տարօն Մարգարեանին։ Այդ կը նշանակէ, թէ սպասելիքները մեծ են Երեւանի քաղաքապետէն, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ, թէ նախագահ Սարգսեան այդքան ալ գոհ եղած չէ Տարօն Մարգարեանի անցնող տարիներու աշխատանքէն։ Հայրենի մամուլը արդարօրէն հարց կը բարձրացնէ այստեղ, որ եթէ այդպէս է, ինչո՞ւ նոյնինքն Տարօն Մարգարեանը մնաց Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն եւ վերընտրուեցաւ։

 

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հանդիպումները Երեւանի մէջ

Շաբաթ օր ՀՀ նախագահը ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը՝ Ռուսիա, Ռիչըրտ Հոկլէնտը՝ ԱՄՆ, Սթեֆան Վիսքոնթին՝ Ֆրանսա եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը։ Անոնք խօսած հայ-ատրպէյճանեան եւ Արցախ-Ատրպէյճան սահմանային խնդիրներու մասին։ Անոնք կարեւորած են շարունակելու աշխատանքները հարցին խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։

Նոյն օրը տեսակցած են նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարին հետ։ Էտուարտ Նալպանտեան նշած է, որ Ապրիլի պայմանաւորուածութիւնը տակաւին չէ կատարած Ատրպէյճան, որպէսզի միացեալ եւ նոյն հաղորդագրութիւնները լոյս տեսնեն։ Ատրպէյճան ոչ միայն կ՚անտեսէ համանախագահներուն խօսքը, այլեւ կ՚ընէ հակառակը, ըսած է Նալպանտեան։

 

Փոփով. «Մեր նպատակը սահմանային լարուածութիւնը կանխելն է»

ԵԱՀԿի համանախագահները Ստեփանակերտի մէջ հանդիպելէ ետք Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, հանդիպած են լրագրողներու հետ։ Ռուս համանախագահ Իկոր Փոփոխ ըսած է, որ իրենց յայտարարութիւնները ուղղուած են հակամարտ կողմերուն եւ անոր նպատակն է պահպանել խնդիրին խաղաղ կարգաւորման գործընթացը։

Մինչ այդ, հանդիպումին ընթացքին, Սահակեան վերահաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի  հաւատարմութիւնը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան կարգաւորման գծով ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի աշխատանքներուն նկատմամբ։

 

Տնտեսական հանդիպում Դիլիջանի մէջ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան մասնակցած է Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցած Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի եւ Համաշխարհային դրամատան՝ Պելճիքայի եւ Հոլանտայի գլխաւորած ենթախումբի երկիրներու տարեկան հանդիպումին։

 

Ծաղկաձորի մէջ սեմինար «ՆԱԹՕն՝ որպէս կայունացնող ուժ հարաւային Կովկասի մէջ» թեմայով

ՆԱԹՕ հարթակ է այլ երկիրներու վրայ ազդելու համար, ըսած է սեմինարին ընթացքին Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕի յատուկ ներկայացուցիչ Ուիլիըն Լահիւն։ «Ամէն անգամ, երբ Հայաստան կ՚երթայ ՆԱԹՕ, կը խօսի Ղարաբաղի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մասին, աշխատելով համոզել դաշինքի անդամները Հայաստանի տեսակէտի շուրջ. հետեւաբար, այս շատ կարեւոր հարթակ է Հայաստանի համար։ Նոյնն է պարագան Ատրպէյճանի համար», ըսած է Ուիլիըն Լահիւն։

«ՆԱԹՕն՝ որպէս կայունացնող ուժ հարաւային Կովկասի մէջ. ներկայի մարտահրաւէրներն ու յառաջընթացքները» թեմայով սեմինարը անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ։

 

Հայաստանէն օգնութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին

Հայաստանէն Սուրիա ղրկուած մարդասիրական օգնութիւնը այս օրերուն կը բաշխուի Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ։ Յունիս 9ին ղրկուած օգնութեան մէկ մասը հասած է Դամասկոս։ Օգնութիւնը հագուստ եւ սննդամթերք է, որ բեռնաթափուած է Դամասկոսի թեմի Սուրբ Սարգիս հայկական առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ տարածքին։ Հայաստանի դեսպանութեան եւ հայ համայնքին ուժերով կը կազմակերպուի բաշխումը։ Դեսպան Արշակ Փոլատեան նշած է, որ հայկական համայնքը բարի համբաւ ունի Սուրիոյ մէջ եւ նման օգնութիւններ կ՚ամրապնդեն կապը սուրիացի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ։ Օգնութիւնը ռուսական հաշտեցման կեդրոնի ջանքերով պիտի բաշխուի Հալէպ, Քեսապ եւ այլ քաղաքներու մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ