Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Պոլիս. Պիտի կազմուի պատրիարքի ընտրութիւնները կազմակերպող յանձնախումբ

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ Յուլիս 4ին պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանի գլխաւորութեամբ յատուկ նիստ մը գումարուեցաւ, որուն ընթացքին կազմուեցաւ նախաձեռնող խումբ, որ պիտի ղեկավարէ նոր պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացը, կը յայտնէ «Ակօս»:

Նախաձեռնող խումբին մէջ կան նաեւ հոգեւորականներ։

Նշենք, թէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական ընդհանուր ժողովը Յունիս 28ին որոշած էդ  դադրեցնել Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշյանի լիազօրութիւնները որպէս պատրիարքական փոխանորդ: Որոշումը կայացած է 22 կողմ և երկու դէմ ձայներով: Որոշումէն ետք Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեան արդէն պաշտօնապէս ստանձնած է տեղապահի իր պաշտօնը, որ այդ պաշտօնին ընտրուած էր Մայիս 24ին 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ