Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Հայաստա՞ն… թէ Արմենիա

Վերջերս Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան առաջարկած էր մեր երկրին անունը՝«Հայաստան»ը վերանուանել «Արմենիա»։ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով արձանգանգած է «անյաջող» առաջարկին, ըսելով. «Ի՞նչ է նշանակում Հայաստանը վերանուանենք Արմենիա։ Պետութիւնների ինքնանուանումները օրինաչափութիւն են, օրինակ՝ Սաքարթվելոն Վրաստանն է, Հելլասը՝ Յունաստանը, Տէօչլանտը՝ Գերմանիան, Սկիպերիան՝ Ալբանիան, Մադիարորսագը՝ Հունգարիան, Միսրը՝ Եգիպտոսը… ու այսպէս շարունակ։ Եւ վերջապէս, մենք հայ Հայկ Նահապետի զաւակներն ենք, որը յաղթեց Հին Արևելքի Տիտանեան Բէլին։ Դրա համար էլ մենք կոչւում ենք հայ, իսկ երկիրը՝ Հայաստան»։

 

Բժշկական զբօսաշրջիկութիւնը կը յառաջդիմէ Հայաստանի մէջ

Բժշկական զբօսաշրջիկութեան նպատակով Հայաստան այցելողներու թիւը այս ամառ նախորդ տարիներուն համեմատ աճած է, նշած է «Միքայէլեան վիրաբուժական ինստիտուտի» փլասթիք եւ դիմածնօտային վիրաբուժութեան բաժնի վարիչ Հայկ Ենոքեանը։ Զբօսաշրջիկները եթէ անցեալին միայն սփիւռքահայեր էին, ներկայիս անոնք կու գան Շուէտէն, Դանիայէն, եւրոպական այլ երկիրներէ, Իրանէն, Էմիրութիւններէն։ Հիմնականին մէջ քիթի փլասթիք վիրահատութեան համար կու գան, որուն մէջ Հայաստանի բժիշկները մեծ փորձ ունին։ Գինը նոյնպէս իր դերը ունի, որ քանի մը անգամ աժան է ԱՄՆի հետ համեմատած։ Աւելցնենք, որ ատամնաբուժութեան եւ հոգեբանական խորհրդատուութեան համար նոյնպէս կը մեկնին Հայաստան։

 

Արամ Խաչատրեանի անուան 5րդ փառատօն

Հոլիվուտի յայտնի դերասան, բեմադրիչ եւ հեղինակ Ճոն Մալքովիչ Հայաստանի պիտի ժամանէ Հոկտեմբեր 11ին, մասնակցելու Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային 5րդ փառատօնի բացման արարողութեան։

 

«Սուրերով պարը»՝ նոր ժապաւէն Խաչատրեանի մասին

Հայ երգահան Արամ Խաչատրեանի մասին գեղարուեստական ժապաւէն պիտի նկարահանուի 2018ին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ, որ պիտի կոչուի «Սուրերով պարը»։ Հեղինակն ու բեմադրիչն է խորհրդային տարիներէն ծանօթ անուն մը՝ Եուսուփ Ռազիքով։ Արտադրողը՝ Ռուբէն Դիշդիշիայնի «Մարս Մեդիա» ընկերութիւնը։

 

Հայաստանի մէջ 3,300 հոգի կը տառապի AIDS

Պաշտօնական թիւերու համաձայն, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, թէ այս տարուան Յունիս 30ի տուեալներով Հայաստանի մէջ գրանցուած է AIDS-ի վարակի 2731 դէպք։ Իսկ ընդհանրապէս, Հայաստանի մէջ AIDS-ով ապրող անձերուն թիւն է 3300։

 

Եւս մէկ զոհ

Օգոստոս 20ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է 1991ի ծնունդ Անդրանիկ Մկրտչեան զինծառայողին դին, որ ծնօտէն ստացած է հրազէնային վիրաւորանք։ Դէպքին հանգամանքները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ