Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Յո՞ Երթաս Հայաստան

Հայաստանը վերջին 30 տարուան ընթացքին կ’ապրէր  շինծու վիճակ մը,  որ, ինչպէս պարզ դարձաւ, իրականութեան հետ ոչ մէկ աղերս ունէր։ 44օրեայ պատերազմը մեզմէ տարաւ այն, ինչ կը կարծէինք թէ ունինք։ Իսկ գործնական ի՞նչ ունէինք:  Այն ինչ ունէինք իրակա՞ն էր, թէ մենք մեզի  համոզած էինք, որ իրական է:

Հայասատանի պետութեան տարբեր ժամանակներու ղեկավարները ժողովուրդին համոզած էին, որ ունինք ազատ, անկախ, ինքնիշխան հանրապետութիւն, հզօր բանակ, Արցախեան պատերազմի յաղթանակ, ժողովրդավարութիւն, բարեկեցութիւն, անկաշառ դատական համակարգ, տնտեսական ուղղահայեաց թռիչք, աղքատութեան ցուցանիշի ցած մակարդակ. մէկ խօսքով՝ «երազային Հայաստան»։ Կը մնար միայն, որ սփիւռքահայերը գային, դուռը բանալիով բանային, ներս մտնէին ու մեզի հետ վայելէին զարգացած, տնտեսապէս կայուն ու հզօր Հայաստանը։

Ինչքան դիւրին է խօսքով կերտել Հայաստան մը, որ իրականութեան աղճատուած ու պատկերաւոր ծամածռութիւնն է։ Պարզուեցաւ, թէ ինչքան դիւրին էր այդ բոլորը բռնի ուժով կամ ամբոխավարութեամբ համոզել ժողովրդին։ Իշխանութեան  մը  բռնի ուժով, կաշառակերութեամբ ու վախով կառավարելու ոճի եւ թաւշեայ, զուտ բառապաշարային կառավարման մէջ , պարզ դարձաւ, որ գործնական ոչ մէկ տարբերութիւն կայ։ Երկուքն ալ մեզի՝ ժողովրդին, դէպի կործանում տարին: Դիւրին է վանքի ամենաբարձր զանգակատան գլուխը նստիլ ու խօսիլ: Գործնական գետնի վրայ պարզ դարձաւ, որ  մենք՝ Հայաստանն ու հայը (հայաստանցի թէ սփիւռքահայ) պարզապէս գործիք մըն ենք, որ իշխանութեան աթոռին նստած իւրաքանչիւր ղեկավարի անձնական շահի բաւարարութեան կրնանք ծառայել:

Ի՞նչ մնաց մեզի, հասարակ ժողովրդին։ Մեզի մնաց նորէն, ոչ թէ զեռոյէն, այլ անդունդի խորքէն դարձեալ ստեղծել  Հայաստան՝ բանակ, տնտեսութիւն, ժողովրդավարութիւն, եւ ամենակարեւորը՝ պատմութիւն։ Մեզի,  այսօր ապրող իւրաքանչիւր հայուն վիճակուած է մեր երեխաներուն համար ստեղծել իրական Հայաստան կերտելու հսկայական պատասխանատուութիւնը։ Եթէ վերջին տասնամեակին սկսանք կարծել, որ Հայաստանը արդէն պատերազմէն, երկրաշարժէն եւ պետականութիւն կերտելու ծանր ընթացքէն ետք ոտքի կանգնած է եւ կ’ընթանայ դէպի տնտեսական զարգացում, գիտութեան առաջընթաց, ժողովրդավարութիւն, բարեկեցութիւն եւ «զարգացած Հայաստան»-ի  տեսլականի համապատասխան ապագայ, ապա այսօր ստիպուած ենք եւ պարտաւոր ենք ամէն ինչ նորէն սկսելու։ Մեր զաւակներուն իբրեւ ժառանգ ձգել այն, ինչ կայ հիմա, կը նշանակէ անոնց ուսին ձգել  Հայաստանի պատմութեան վաղուան էջը։ Մեր ուսերուն առնել այն, կը նշակէ երազել Հայաստանի  պայծառ ապագան, ամէն ինչ ընել, որպէսզի կերտենք այդ ապագան այսօր ու յուսանք, որ իշխանութեան աթոռին նստած ղեկավարը իր հայ ըլլալն ու հայրենիքը իր անձէն աւելի սիրէ: Կը գտնե՞նք արդեօք այդպիսի հայ մը։

Հայաստանը դէպի ո՞ւր կը գլտորի այսօր. խորխորատ մը, որմէ խօսքով, աթոռակռիւով ու մեղաւորներ փնտռելով դուրս չենք կրնար գալ։ Այդ բոլորը ձգենք ղեկավարութեան ու լծուինք մեր ձեռքերով մեր Հայաստանը կերտելու գործին, որովհետեւ ինչպէս արդէն մեր մաշկին վրայ զգացինք, երբեք ոչ մէկ իշխանութիւն պիտի չսիրէ ո՛չ Հայաստանը, եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը։ Մենք՝ Հայ ժողովուրդն է Հայաստանի գլուխը, ուղեղը եւ  երակներէն հոսող արիւնը։ Իսկ այն քաղցկեղը, որը մեզ դէպի մահ կը տանի, պիտի յաղթահարենք մեր կամքով, ոյժով ու գործով։ Այլապէս փրկութիւն չկայ։ Խօսքը երկիր կառավարելու երաշխիքը չէ, եթէ այն գործի չվերածուի։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ