Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ապրիլեան Մեր Սուրբ Նահատակները Նոր Կիրակի Յարութեան

Ապրիլեան Մեր Սուրբ Նահատակները

Նոր Կիրակի Յարութեան

Ապրիլ 11, 2021

Արդէն սրբացած են անոնք հազարաւոր հայ եկեղեցականներ որոնք իրենց Աստուծահաճոյ գործին վրայ օր ցերեկով ձերբակալուեցան ու նահատակուեցան։ Բոլորն ի մի մէկ միլիոն եւ կէս աշխարհական եւ եկեղեցական սրբացան Եղեռնի հարիւրամեակին՝ Ապրիլ 23, 2015 թուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Դոկտ.. ԶԱՒԷՆ Ա ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Նորոգեցարուք Յարութեամբն Քրիստոսի նոր ժողովուրդ»։

         Ապրիլ 11, 2021 Նոր Կիրակի է Կրկնազատիկ, Սուրբ Յարութեան տօնին յաջորդող Կիրակին, երբ շարականագիրը յատուկ Կանոնով կ՛երգէ օրուան շարականը հրաւիրելով հայ ժողովուրդը «նորոգուելու Քրիստոսի Յարութեամբ եւ նոր ժողովուրդ դառնալու»։  

         Արցախեան վերջին ահաւոր պատերազմը ընկճեց հայ ազգն ու եկեղեցին եւ այսօր անապահով եւ մտահոգ կը դիմենք մեր Ապրիլեան նորօրեայ Սուրբ Նահատակներու միջնորդութեան։ Որքան ճշմարիտ ու հարազատ կը գտնենք Շարականին տողերը, հաստատ իմանալով որ  Հայ ժողովուրդին ուղղուած են անոնք որպէս յաւերժական հրաւէր։ Հայոց դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան զոհ եւ պատարագ եղող միլիոն եւ կէս հայորդիներու սրբադասումը կատարուեցաւ ճիշդ հարիւրամեակին, եւ ահա վեց տարիներ անոնց բարեխօսութեան կը դիմենք որպէսզի մանաւանդ այսօր մեր հայրենիքն ու մեր շուարած ժողովուրդը ազատի նորօրեայ ցեղասպանութենէ։

         Յիրաւի անցնող հարիւրամեակի ընթացքին խլեակներու վերած-ուած, որբերու եւ տնանկներու կարաւանները հետզհետէ յարութիւն առին՝ Քրիստոսի Յարութեան աւետիսով, ու դարձան նոր ժողովուրդ։ Տասնամեակները իրենց կարգին կեանքի վերածեցին ինչ որ մահաբեր եւ ամպամած խորշակները խեղդած էին սփիւռքի տարածքին որբացած հայ ժողովուրդը։

         Չմոռնանք երբեք մեր վերապրող հայ թանկագին հոգեւորական եւ աշխարհական ազգակիցները։ Ինչ հրաշք, երբ անոնք կերտեցին հերոսական պատմութիւնը հայոց, վկայեցին անցեալ դարու քսանական թուականներուն որպէս Արմաշական  հոգեկրօն կրօնաւորներ,  վերա-կանգնելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռը, եւ 1926 թուին վերապրող բարերարներ ու մտաւորա-կաններ հիմնեցին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը Գրիգոր ու Կարապետ Մելգոնեան բարերարներու եւ ՀԲԸ Միութեան անմիջական օժանդակութեամբ։

Սահակ Բ Խապայեան Կիլիկիոյ Հայրապետը, Եղիշէ Դուրեան եւ  Զաւէն Տ. Եղիայեան Պատրիարքները, Բաբգէն Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսն ու Թորգոմ Գուշակեան եւ Մեսրոպ Նարոյեան Պատրիարք-ները, որոնք դարձան մերօրեայ դիւցազուն կրօնապետերը, Արմաշէն եւ Սիսէն հալածուած, Սիսի Աջապահեան տոհմի սերնդակիցներ, եկան կերտելու Սփիւռքի կրօնական եւ կրթական հաստատութիւնները։ Որքան ճշմարիտ են սրբազան շարականագիրին խօսքերը, թէ անոնք նորոգուեցան Յարութեան աւետիսով ու հաւատքով եւ նորոգեցին հայութեան կեանքը անմիջական անցեալի մահաբեր խորշակներէն դարձնելով զանոնք նՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ։

Քրիստոսի թափուր գերեզմանը լոյսի եւ յոյսի վերածուեցաւ, երբ առաջին կանայք սարսափով չգտան մարմինը Խաչեցեալին։ Եւ սակայն Յարութեան աւետիսը Յարուցեալ Փրկչին քառասնօրեայ բազմիցս երեւումներով, լրացուցին Անոր գերեզմանէն ո՛չ թէ ուղիղ երկինք բարձրանալը, այլ իսկապէս գերեզմանէն իսկոյն դուրս գալը եւ առաքեալներուն հետ հանդիպումները։ Կանայք փութացին Վերնատուն աւետելու Առաքեալներուն իրենց գերեզմանին մէջ չգտածը, եւ փոխարէն՝ Յարուցեալ Փրկչին առաջին հանդիպումը, երբ Ան կ՛ըսէր Մագդաղենացի Մարիամին, «կին դու, ինչո՞ւ կուլաս, զո՞վ կը փնտռես» եւ թերահաւատ Թովմաս Առաքեալին որ «ետես եւ հաւատաց»։

Առաքեալներ շփոթած վազն ի վազ դէպի գերեզման փութացին, եւ շարականագիրին բառերով, Պետրոսն ու Յովհաննէսը այնքան զարմա-ցած ու շփոթած էին, որ մին մէկ ուղղութեամբ եւ միւսը հակառակ ուղղութեամբ ,ընդ հակառակս ընթացեալե կը վազէին՝ աւետիսը առնելու եւ տանելու աճապարանքին մատնուած։ Յարութեամբ նորոգուեցան բոլորը, ո՛չ միայն առաջին օրը՝ Միաշաբաթին, որ Կիրակին էր, այլ լման քառասուն օրերուն, հաւատալով կամ շփոթելով, նոյնիսկ չհաւատալով եւ ապացոյց փնտռելով կը շօշափէին Վարդապետին ոտներն ու ձեռքերը։ Արդիւնքը Յարուցեալ Փրկչին իսկական ներկայութիւնը եղաւ Առաքեալներուն եւ Վերնատան մէջ հաւաքուած հարիւրէ աւելի հետե-ւորդներու նորոգութամբ։

Այսօր, Ապրիլ ամսուն, կանգնած մեր մերձաւորագոյն Սուրբ Նահատակներու յիշատակին առջեւ, Հայաստանեայց Եկեղեցին իր հաւատաւոր ժողովուրդով կը վերանորոգուի ճիշդ այնպէս ինչպէս մեր նախորդ սերունդի նուիրեալներ վերանորոգեցին յետ¬եղեռնեան հայ ժողովուրդը՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի տարածքներուն։ Հայաստան երկիրը պահ մը ոտքի կանգնեցաւ այդ օրերուն, եւ սակայն իսկոյն ինկաւ հզօր Սովետական մականին ներքեւ, այո՛ խոնարհելով բարձրացաւ, սակայն դիմացաւ ի վերջոյ կանգնելու վճռակամութեամբ՝ մինչեւ նոյն պետականութեան աւելի ցանկալի յառաջդիմութեամբ, մինչեւ վերջնա-կան անկախութիւն։

Այժմ հերթը մե՛րն է։ Հերթը մե՛րն էր նաեւ նախորդ քսանհինգ տարիներուն։ Յիշեալ հոգեւորականները ի՛նչպէս յոռեգոյն պայմաններու տակ, ո՛չ մախաղ, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ գրպան, ո՛չ դրամ, շերտ մը հացը իրենց գերազանց իմաստութեան կողքին որպէս դրամագլուխ վերականգնեցին անշունչ խլեակները, հասան իրարու, հասկցան ճգնաժամին միութիւնը ու յանձնեցին մեզի, յետնորդներուս ժառանգը որպէս աւանդ։ Այսօր դաս ունինք առնելու իրենցմէ։

Այսօր հայրենիք ունինք, ցանկալի հայրենիք եւ սակայն վիրաւոր հայրենիք, ինքն իր մէջ խռոված հայրենիք, եւ այսօր կը հասկնանք թէ ունենալը չի բաւեր, անոր տէրն ըլլալը նոյնիսկ չի բաւեր, այլ հայրենիքին անսակարկ ծառայութիւնն է միակ գրաւականը որ բաւական պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի միացեալ վերանորոգութեան։ Փառք եւ պատիւ հինգ հազարներուն որոնք երէկ ինկան մեր աչքերուն առջեւ։ Անոնցմէ ամէն մէկը լուսատու եւ պահապան ջահ մըն է կանգնած Հայաստանի սահմաններու երկայնքին։ Սփիւռքը կը կարծենք թէ կը փայլի եւ սակայն հայրենի հողն է կենսականը որուն փայլքը Քրիստոսի Յարութեան լոյս գերեզմանէն պէտք է ճառագայթէ։ Փառք Սրբոց Նահատակացն ազգիս հայոց որք անկան վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց երէկ եւ այսօր։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ