Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

«Կը Յիշենք եւ Կը Պահանջենք»

«Կը Յիշենք եւ Կը Պահանջենք»

Հայոց չճանչցուած ցեղասպանութիւնը մեծ սեպ մըն է, որ խրուած է պատմութեան մէջ, ու արգելք կը հանդիսանայ պատմութեան էջը թերթելու՝ արժանապաուութեամբ: Այն , ինչ տեղի ունեցաւ անցեալ դարու սկիզբը, արդէն աւելի քան հարիւր տարիէ, անպատիժ մնացած Թուրքիոյ համար ստեղծեց պարարտ հող, որպէսզի միշտ իրագործէ իր նուիրական նկրտումները։ Անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնը թոյլ տուաւ, որ նոյն տիպի ոճիր գործէ նաեւ 21-րդ դարուն։ Ազրպէյճանի կեցուածքի եւ արարքի մեծ մասը պայմանաւորուած է իր մշակութային առանձնայատկութեամբ՝ բարբարոսութեամբ եւ յանդգնութեամբ։ Երեւի չեմ սխալիր, եթէ ըսեմ, որ անոնք կը վարուին ըստ իրենց ժառանգած ազգային յատկութիւններուն, քաջ գիտակցելով, որ ինչ ալ ընեն՝ ոչ ոք պիտի դատապարտէ, ինչպէս չդատապարտուեցաւ Թուրքիան՝ մեծ ոճիրը գործելէ ետք:

Յաղթել ամէն գինով, ոչնչացնելով ամէն ինչ,անտեսելով բարոյական, կրօնական եւ մարդկային ամէն տեսակ սահման. ահա՛ այն ազգային արժէքը, որ իրենց մէջ կը կրեն։ Եղեռնի օրերէն մեզի հասած սարսափելի տեսանիւթերը, պատկերները, որոնք պահպանած էին որպէս վաւերագրութիւն, հպարտանալու եւ սերունդներուն փոխանցելու համար, այսօր կը գտնուին թանգարաններու մէջ. անոնք ինքզինք քաղաքակիրթ համարող իւրաքանչիւր մարդու սարսուռ կը պատճառեն: Սակայն երբ գործնական քայլեր առնելու պահը կը հասնի, այդ նոյն վաւերագրական դրուագներէն սարսռաց հանրութիւնը, չես գիտեր ինչո՛ւ՝ կը լռէ: Յանցագործութիւնը տեսնողը լռելով ու չդատապարտելով այդ արարքը, համաներումի եւ թոյլտուութեան համար բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծէ:Ազրպէյճանը պատերազմական գործողութիւններու սահմռկեցուցիչ եւ ստորնացուցիչ տեսարանները համացանցով հպարտօրէն կը տարածէ։ Այդ բոլորը մեծ հպարտութեամբ կ’ընէ, մեզի նուաստացուցիչ պայմաններու մէջ դնելէն հաճոյք ստանալով։ Շուշի ոտք դնելէն անմիջապէս ետք պղծեցին հայկական կրօնական եւ մշակութային յուշարձանները, եկեղեցին, նոյնիսկ բնակելի շէնք-շինութիւնները։ Այս անգամ զոհերու թիւը 1,5 միլիոն չէր, բայց այս պատերազմի ժամանակ իրենց գործածը ցեղասպանութիւն չէր՞։ Մարդկային եւ մշակութային ցեղասպանութիւն էր։

Ազրպէյճանը անպատիժ կ’ընէ այն ինչ կ’ուզէ որովհետեւ 100 տարի առաջ իր նախահայր Թուրքիան ըրաւ այն ինչ ուզեց, ստացաւ այն ինչ ուզեց ու ոչ ոք դատապարտեց։

Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին քանի մը նախագահական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւներու ատեն առատ խոստումներ կու տային ցեղասպանութեան ճանաչումի վերաբերեալ, հայկական համայնքի ընտրաձայները ստանալու համար։ Յիշենք Պ. Օպամայի տուած եւ չկատարած խոստումը։ Թարմ են հիմա Ճ. Պայտընի խոստումները։ Արդեօ՞ք պահանջելու ժամանակը չէ հասած, որ վերջնականապէս լուծում ստանայ այս անլուծելի հարցը։

Ամուր պետականութիւն կերտելու համար, ոտքերու վրայ ամուր կանգնելու հնարաւորութիւնը պէտք է ունենալ։ Ինչպէ՞ս կրնանք ամուր պետութիւն կառուցել, երբ կանգնած ենք պատմական փլատակներու վրայ ու գրեթէ մեծ մասամբ կախուած ենք միջազգային հանրութեան քմահաճոյքներէն։

Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է որ ճանչցուի։ Մենք պարտաւոր ենք, առաւել՝ պահանջելու իրաւունքը ունինք: Պահանջել խօսքով եւ գործով։

Մենք պարտաւոր ենք լուծելու մեր կուտակած պատմական խնդիրները, որպէսզի կարենանք երկիր կառուցել։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ