Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Մեծ Եղեռնի Տարեդարձի Նախօրեակին

ՊԱՐՃԸՆ ԵԻՆԱՆՃ

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ապրիլեան տարեդարձի անմիջական նախօրեակին, Մ. Նահանգներու Քոնկրէսի անդամներէն մէկը, ձեռնարկած է գործունէութեան՝ ստորագրութիւններ հաւաքելով երեսփոխաններէն՝ դիմումնագրի տակ, որ պիտի յղուի նախագահ Ճօ Պայտընի, որպէսզի այս վերջինը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնը կը զուգադիպի, վերջերս Ուաշինկթըն ժամանած թուրք նոր դեսպան Մուրատ Մերքանի առաջին շաբթուան գործունէութեանց։ Այս վերջինիս համար, լաւ զուգադիպութիւններ չէին իրերայաջորդ ժխտական զարգացումները։

Վերոյիշեալ դէպքերէն որեւէ մէկը վստահաբար պիտի խանգարէր նոր դեսպանին քունը։ Ատիկա կը վերաբերէր, Շերիտան պողոտայի շրջապատին մէջ, չորս տարիներ առաջ, 2017-ին նախագահ Թ. Էրտողանի Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան առիթով կազմակերպուած, հայ ցուցարարներու հաւաքին։

Էրտողանի անձնական ապահովութեան ոստիկանները միջամտած էին, վիրաւորելով հայ ցուցարարները, որոնք քաղաքացիական իրաւունքի դատ բացած էին։

Վերոյիշեալ դէպքին կապակցութեամբ բացուած դատին հարցով, Նահանգային Արդարադատ Ատեանը, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ու Գաղտնի Ոստիկանութեան հարց տուած էր, թէ Թրքական Ահահովութեան ոստիկանները կը վայելէի՞ն մասնակի շնորհ (immunity), ինչպէս կը պնդէին ունենալ պաշտպան փաստաբանները՝ Թրքական Ահահովութեան Գործակալութեան։

Մարտ 9-ին, Ամերիկայի Արդարադատութեան Սպասարկութիւնը հրապարակեց իր հետեւեալ տեսակէտը, պատճառաբանելով թէ Էրտողանի հանդէպ լուրջ վտանգի մը բացակայութեան, գործակալները չէին կրնար մասնակի շնորհ վայելել։

Յիշեալ որոշումի հրապարակումէն առաջ, Ծերակոյտը ու Ներկայացուցիչներու Տունը Մարտ 5-ին նամակ մը յղած էր Պետական Քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, բռնադատելով (urging) վարչութիւնը յստակացնելու համար, թէ օտար ապահովութեանց անձնակազմը չէր կրնար մասնակի շնորհ վայելել, քանի բողոքները կը վայելէին խաղաղ ցոյցի իրաւասութիւն։

Ասիկա երրորդ նամակն էր որ Ծերակոյտին կողմէ կ՚ուղարկուէր վարչութեան՝ Թուրքիոյ մասին։ Մինչ այդ, անցեալ ամիս ալ երկու նամակներ ղրկուած էին Ծերակոյտին, եւ ապա՝ Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ եւս, պահանջելով որ վարչութիւնը նախապատիւ նկատէ մարդկային իրաւունքները ու ռամկապետութեան հարցերը՝ Թուրքիոյ մէջ։

Ծերակյտը Կը Թախանձէ Պայտընին Որ Ընդառաջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումին

Կը թուի թէ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբին կողմէ ճամբայ ելած է չորրորդ դիմում մը, որուն տակ ստորագրութեանց արշաւ մը ծայր տուած է. տեմոքրաթ եւ հանրապետական ծերակուտականներու կողմէ ստորագրուած դիմումը կոչ կ՚ընէ նախագահ Պայտընին, ընդառաջելով՝ ճանաչում տալու Հայոց Ցեղասպանութեան կոչերուն։

Մերքանը, որ Մարտ 2020-ին երբ կը գլխաւորէր պատուիրակութիւն մը Ուաշինկթընի մէջ, Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Կոմիտէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշում մը կ՚առնէր։ Մերքանը ներկայիս գիտակցելու է, որ այս տարի Ապրիլ 24-ը կը զուգադիպի իր ժամանումին Ուաշինկթըն։ Թուրքիան այլեւս չի կրնար վստահիլ իր երկրին ռազմագիտական կարեւորութեան։ Որովհետեւ ամերիկեան բանակը անցեալին նման պիտի չմիջամտէ։

Զուգահեռաբար, մինչ կը սպասուի Թուրքիա-Իսրայէլ փոխյարաբերութեանց բնականոնացման, լաւագոյն պարագային, կ՚ակնկալուի հրէական լոպիին չէզոքութիւնը, որ գրեթէ կարելի չէ մինչեւ յառաջիկայ Ապրիլ 24։

Դէպի «բնականոնութիւն», թէեւ տարբեր կարելիութիւն մըն ալ կայ, որպէսզի նախագահ Պայտըն ընտրական իր խոստումը չպահէ… ատիկա Թուրքիա-Հայաստան փոխյարաբերութեանց փոփոխութիւնը կրնայ ըլլալ…։

Կասկած չկայ, սակայն, որ ներկայիս, Հայաստանի նուաստացումը – Ատրպէյճանի զինուորական յաղթանակին (2020, Նոյեմբեր) ու զինադուլին հետեւանքով, որ առաջնորդած է երկրին մէջ քաղաքական տուայտանքի։ Սակայն, Հայաստան չի կրնար կռնակ դարձնել, եթէ արեւմտեան երկու կարեւոր երկիրներ միջամտեն Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ…։

Այս հանգրուանին, նախագահ Մաքրոն կրնայ նման դերակատարութիւն մը ունենալ։ Մ. Նահանգներու եւ Ռուսաստանի հետ, Ֆրանսա անդամներէն մէկն է Մինսքի Եռանդամ Մարմնին, որ անցնող երկար տարիներու ընթացքին ձախողեցաւ դիւանագիտական լուծում մը գտնել Նակորնօ-Ղարաբաղի հարցին։

Ֆրանսայի Կեցուածքը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց ֆրանսական ծերակոյտին անցեալ տարուան մէկ որոշումը, որ կը ստիպէր կառավարութեան ճանչնալու Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը։

Այլ դիտանկիւնէ, չկայ ուրիշ որեւէ երկիր քան Ֆրանսան, որ համոզէ Երեւանը, որ ձեռնարկէ յարաբերութիւններու բնականոնացման Թուրքիոյ հետ։ Ֆրանսայի ներքին հարցերով ժողովրդականութիւն կորսնցուցած նախագահ Մաքրոն, թերեւս նախաձախնդիր է, շրջանային նման կարեւոր դեր մը վերցնելու։ Չմոռնանք նաեւ, որ իր առաջին երկու տարիներուն, գործակցական յարաբերութիւններ հաստատած էր Էրտողանի հետ։

Յայտնենք նաեւ, թէ Մարտ 5-ին, հեռաձայնային իրենց վերջին խօսակցութեանց ընթացքին, Անգարա ակնարկեց, այլ շրջաններու կարգին Կովկասի, ուր Էրտողան ու Մաքրոն կրնային գործակցիլ, խաղաղութիւն ու կայունութիւն յառաջացնելու համար։

Հետեւաբար, Փարիզի թուրք պատուիրակը, իր հաւատարմագիրը ներկայացնելու առիթով Ֆրանսայի նախագահին, զարմանալի պիտի չըլլար, եթէ իբրեւ նախկին դասընկերներ չարծարծեն խաղաղութեան վերահաստատումը Ղարաբաղի մէջ։

Անիրապաշտ պիտի ըլլար հաստատ զարգացումներ ակնկալել մինչեւ Ապրիլի վերջը։ Վարագոյրներու ետին, եթէ դիւանագիտութիւնը յաջողի բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ, մինչեւ յառաջիկայ Ապրիլ, նախագահ Պայտըն պիտի պարտաւորուի մտածելու, ճանաչում տալու համար Հայոց Ցեղասպանութեան։

Թուրքիա արդէն պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ պատրաստակամ է բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի հետ։

Թերեւս կրնանք ակնկալել նաեւ, թէ բան մը պատրաստուելու մէջ է նաեւ դիւանագիտական խոհանոցին մէջ։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ