Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մշակութային Ցեղասպանութեան Ազգային եւ Միջազգային Հետեւանքները

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Մշակոյթի հասկացողութիւնu՝ գէթ ակադեմական մակարդակի վրայ, սկսաւ երբ Հայկազեան համալսարանի ուսանող էի։ Դասացուցակին մէջ ներառուած էին չորս միջ-մշակութային նիւթերու դասապահեր։ Իւրաքանչիւր դասապահին մէջ կային միջազգային մշակոյթի տարբեր բնագաւառներ եւ զանոնք ընկալելու համար համապատասխան նիւթեր։ Իսկ մշակութային արժէքներու գիտակցութիւնս եւ անոնց կիրարկումը սկսաւ երբ գործիս տարածաշրջանը տեղափոխուեցաւ Արաբական Ծոցի երկիրները։

Աւելի քան հարիւր եւ յիսուն տարբեր ազգութիւններու եւ մշակոյթներ պարունակող այս երկիրները դարձան «մշակութային դպրոց»։ Դպրոց մը, ուր սկսայ սորվիլ, թէ մշակոյթը կ՚ընդգրկէ ամբողջ մարդկային կեանք մը՝ իր կենցաղով, արուեստով, ապրելակերպով, հաւատքով ու տակաւին։ Սորվեցայ ճանչնալ ուրիշը, անոր ազգային արժէքները, ապրելակերպը եւ կենցաղը։

Ուրիշին մշակութային արժէքներուն հետ ունեցած հաղորդակցութիւններուս մէջէն սկսայ սորվիլ եւ արժեւորել իմ ազգային մշակոյթս։ Սորվեցայ թէ մշակութային արժէքներու գիտակցութիւնս ճամբայ պիտի հարթէ ուրիշներուն արժէքներուն գիտակցութիւնը։ Այս փոխադարձ եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ հասկացողութիւններու մէջէն համերաշխութիւն մըն է, որ կը ստեղծուի մարդկային կեանքերու մէջ։

Ընկերաբաններ մշակութային տարբերութիւններ հասկացողութիւնը կը համեմատեն բազմամշակոյթ ունեցող հաւաքականութեան մը իրականութեան հետ։ Մշակութային տարբերութիւնները կը սահմանուին երբ կան տարբեր մշակոյթներ եւ գիտակցութիւնը զանոնք ընդունելու, յարգելու, արժեւորելու, քաջալերելու եւ գնահատելու։ Մարդ կը սորվի ուրիշէն եւ անոր կեանքին փորձէն եւ արժէքներէն։ Բազմամշակոյթ երեւոյթը կ՚օգնէ, որպէսզի ուրիշին տեսակէտը յարգել եւ ընդունիլ նոյնիսկ երբ այդ տարբեր է։ Այս գործընթացքը կ՚օգնէ, որպէսզի հաւաքականութիւն մը զարգանայ եւ յառաջխաղացք արձանագրէ։ Տարբեր մշակոյթներ եւ հաւաքականութիւններ կ՚օգնեն մարդկութեան մտածողութեան զարգացման։

Ահա թէ ինչու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները հիմնած է Հանդուրժողութեան նախարարութիւնը։ Անոր գլխաւոր նպատակն է երկրին մէջ ապրող աւելի քան հարիւր եւ յիսուն տարբեր մշակոյթներուն եւ ազգութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւն եւ հանդուրժողութիւն ստեղծել, զարգացնել եւ պահպանել։ Այսօր այս հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է այս երկրին յառաջխաղացքին եւ բարօրութեան մէջ։

Հարիւր եւ ինիսուն երկիր եւ աւելի քան եօթը միլիառ բնակչութիւն կը հաշուէ աշխարհը ներկայիս։ Այս պիտի ենթադրէ համաշխարհային համակարգին մէջ ստեղծուած տարբեր մշակոյթները իրենց հսկայական տարբերութիւններով եւ այլազանութիւններով։ Եթէ պիտի ուզենք ստեղծել աշխարհ մը, ուր բոլորս միասին ենք, այս պիտի ենթադրէ այլազանութիւնը եւ տարբերութիւնները յարգել, ընդունիլ եւ պահպանել։

Համիտեան ջարդերէն՝ սկսած 19-րդ դարու վերջաւորութեան, եւ հասնելով Ատանայի ու 1915-ի Ցեղասպանութեան, հայը տուաւ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակ, կորսնցուց մեծ հողատարածք եւ մշակութային աւանդ։ Ատալեան այսպէս կը բացատրէ. «Երբ հայկական հողը դատարկուեցաւ իր ժողովուրդէն, անոր մշակութային բոլոր լծակները՝ դպրոց, վանք, արուեստի կոթող եւ պատմական վայրերը կործանուեցան Օսմանեան կառավարութեան կողմէ։ Մէկ տարուան մը ընթացքին հայը կորսնցուց իր երեք հազարամեայ պատմութեան ժառանգը։ Հայը կրցաւ պահել միայն այն, որ կու գար իր հաւաքական յուշերէն։ Յուշերուն մէջ կար իր լեզուն, բանաստեղծութիւնը, երգը եւ ողբերգական ճակատագիրը՝ իմմա հայուն եւ իրեն մնացած մշակոյթը»։ Ատալեանի յիշատակութիւնը՝ մշակութային ցեղասպանութիւնը, մէկ մեծ եւ ցաւալի ու դժբախտ հետեւանքն է հայուն կրած այս մեծ ոճիրին։ Հայը կորսնցուց։ Արդեօք միայն հա՞յը։ Հապա միջազգային քաղաքակրթութի՞ւնը։

Ռաֆայէլ Լեմգին կը բացատրէ. «Աշխարհը կը ներկայացուի մշակութային եւ մտաւորական ուժով մը, որուն միջոցաւ ալ ան ստեղծուած է, անոր մաս կազմած ազգային միաւորներու ներդրումովը։ Այս իմաստով, ազգի գաղափարը կը հիմնուի, երբ ան կը կառուցուի համագործակցութեան մը վրայով նոյնինքն այս միաւորներու ինքնուրոյն եւ ինքնատիպ ներդրումներու միջոցաւ եւ իրենց աւանդութիւններու, մշակութային եւ լաւ զարգացած հոգեբանութիւններու մէջէն։ Հետեւաբար, ազգի մը ու անոր մշակոյթի ոչնչացումը կը ստեղծէ այն իրականութիւնը, որ աշխարհ կը կորսնցնէ այդ նոյն ոչնչացուած իրականութեան ներդրումը։ Այս հետեւողականութեամբ համաշխարհային քաղաքակրթութիւններ իրենց յառաջխաղացքը նուաճած են, երբ ազգային իւրայատուկ մշակոյթներու նկատմամբ եղած է յարգանք եւ գնահատանք։ Այս մշակոյթին եւ անոր համաշխարհային քաղաքակրթութեան բերած նպաստը պէտք չէ համեմատել ազգային այլ տեսակի ուժի մը եւ անոր հարստութիւններու հետ»։ Լեմգինի տրամաբանութիւնը եւ վերլուծումը յստակ է։ Մարդկային կեանքի մէջ ակնյայտ են մշակոյթներու փոխ յարաբերութիւնները։ Զիրար ամբողջացնող եւ զիրար շինող գործընթացք մըն է, որ կը լիցքաւորէ համաշխարհային համակարգը իր արժէքի գրաւականովը։

Հայը իր սփիւռքեան իրականութիւններուն մէջէն փորձեց վերակենդանացնել իր մշակոյթը։ Հայը կերտեց «փոքրիկ Հայաստաններ»։ Այս Հայաստաններուն մէջէն հայը կը շարունակէ իր նպաստը բերել համաշխարհային մշակոյթին, նոյնիսկ երբ իր պատմութեան ընթացքին ան չարժանացաւ անոր յարգանքին եւ գնահատանքին։ Այս հայուն ապրելու վճռակամութիւնն է, բայց նոյնքան նաեւ իր նպաստը շարունակել բերել համաշխարհային քաղաքակրթութեան։

Այսօր տակաւին կը շարունակուի մշակութային ցեղասպանութիւնը։ Պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ եկեղեցիներ ու կոթողներ կը ոչնչանան։ Նախիջեւանէն մինչեւ Ղարաբաղ-Արցախ հայկականը կը քանդուի եւ կամ կը վերածուի Ալպանականի։ Տակաւին կը շարունակուի սրբապղծութիւնը հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու՝ Մակարա վանք եւ հայ աւետարանական եկեղեցիի եկեղեցաշէնքը, բռնագրաւուած Կիպրոսի տարածքին։

Արդեօք ինչքան տեղ կը գրաւեն մշակութային ցեղասպանութիւնը եւ անոր կանխարգիլման միջոցառումները միջազգային ընտանիքներու եւ անոնց համապատասխան կառոյցներուն համար։ Եթէ դրական աշխարհ մը պիտի ուզենք ստեղծել, անհրաժեշտ է յարգել եւ գիտակցիլ իւրաքանչիւր ազգային մշակութային ժառանգը, որովհետեւ այդ պիտի նպաստէ համաշխարհային մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան յառաջխաղացքին եւ մէջտեղ պիտի բերէ համերաշխութիւն եւ հանդուրժողականութիւն։

Մշակութային ցեղասպանութիւնը ունի իր ժխտական ու բացասական անդրադարձը ազգային եւ միջազգային ընդհանրական կեանքերուն վրայ։ Անհրաժեշտ է, որ միջազգային ընտանիքը շատ աւելի լուրջ եւ անշահախնդիր մօտենայ այս հրատապ հարցին։ Քաղաքական վարկածներէ եւ հաշուարկումներէ շատ աւելի վեր պէտք է դասել մշակութային ժառանգութիւնը եւ անհրաժեշտ միջոցառումներ որդեգրել պահպանելու համար զանոնք։

Ներհայկական ու ազգային մակարդակներու վրայ անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը եւ վերահաստատէ մշակոյթի նախարարութիւնը։ Մեր ազգային մշակութային հարստութիւնը՝ իմմա փափուկ ուժը, պէտք է պահպանուի եւ պաշտպանուի։ Կարելի չէ ներկայ մարտահրաւէրները տնօրինել յանձնակատարի մակարդակի վրայ, ինչ որ է պարագան ներկայիս։

Մեհմեդ Ալի Բիրանդ, թուրք լրագրող եւ քաղաքական մեկնաբան, 1984 թուի «Միլիեթ» թերթին մէջ կ՚ըսէ. «Հեշտ չհամարէք հայկական հարցը։ Այդ ոչ Կիպրոսի խնդրին կը նմանի ոչ ալ Եգէյական կղզիներու խնդրին։ Հարցին տեսանելի մասը թերեւս փոքր է, բայց անտեսանելի մասը մեծ սառնակոյտի նման է, որ իր հետ կը բերէ ուրիշ աւելի մեծ եւ կարեւոր խնդիրներ։ Այս մեծ հարց մըն է, որուն հաշուեցուցակը շատ ծանր կրնայ նստիլ մեր վրայ»։

«Մեր վրան» կ՚ընդգրկէ թուրքը բայց նաեւ բոլորը։ Թէ ժողովուրդի մը ոչնչացումը պիտի ունենայ իր յետադարձ եւ ժխտական անդրադարձը նոյնինքն զայն գործադրողին վրայ։ ժխտական անդրադարձ իր կեանքին, մշակոյթին եւ արժանահաւատութեան վրայ, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը իր մարդկային, ընկերային, մշակութային եւ պատմական հետեւանքները ունի եւ կը շարունակէ ունենալ ազգային եւ միջազգային լծակներու եւ դիտարկումներու մէջէն։

Եթէ աշխարհ պիտի աճի, զարգանայ, եւ կերտէ համերաշխ եւ հանդուրժող կեանք, պարտի յարգէ, գիտակցի, ընդունի եւ պահէ տարբեր մշակոյթները։ Այլապէս աշխարհ պիտի կրէ հետեւանքները եւ պատասխանատուութիւնը։

Այս պարագային հայուն մշակութային ցեղասպանութիւնը։ Եթէ հայուն ի վնաս է, նոյնքան աշխարհի։

Մինչ այդ պատմութիւնը կը շարունակէ վկայել, թէ մշակութային ցեղասպանութիւնը ունի իր ազգային եւ միջազգային հետեւանքները։

Քուէյթ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ