ՄԱՀԱԶԴ
ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻ
28 Յունիս 1952- 5 Մայիս 2021
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մահը մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ-հօր եւ եղբօր՝ ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻ, որ անակնկալօրէն պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Մայիս 5-ի առաւօտեան ժ. 3:30-ին՝ իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Մայիս 20-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պըրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, 3325, N. Glenoaks Blvd., Burbank, California, որուն պիտի յաջորդէ թաղումը՝ Կլենտէյլի (Glendale) Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, 1712 S. Glendale Ave., CA:
Սգակիրներ՝
Տիկինը՝ այրի Տիանա Ահարոնեան
Դուստրը եւ ամուսինը՝ Ռիթա եւ Անտրէ Սարուխանեաններ եւ զաւակունք՝ Քլոին, Կապրիէլ եւ Քոլեթ
Որդին՝ Ալեքս Ահարոնեան
Քոյրը եւ ամուսինը՝ Արփի եւ Շահէ Կանիմեաններ,
Քրոջ որդին եւ տիկինը՝ Զոհրապ եւ Գարինէ Կանիմեաններ եւ դուստրը՝ Էրիս,
Քրոջ դուստրը՝ Օրդ. Թամար Կանիմեան,
Քրոջ որդին՝ Տոքթ. Շիրազ Կանիմեան
Աներորդին՝ Տէր եւ Տիկին Տիրան եւ Աննա Տեփանեաններ
եւ համայն Ահարոնեան, Տեփանեան, Սարուխանեան, Կանիմեան, Տարեան, Յովսէփեան, Քէշիշեան, Պիլեմճեան, Արթինեան, Թամեր եւ Փոլատեան ընտանիքներն ու հարազատները:
Փոխան ծաղկեպսակի ձեր նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել «Նոր Օր» շաբաթաթերթի բարգաւաճման ֆոնտին: