Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոյս Տեսաւ «Ի Պէտս Դպրապետաց» Հատորը

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ի Պէտս Դպրապետաց» հատորը՝ խմբագրութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանին։ Հատորը «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին մաս չի կազմեր, նկատի ունենալով անոր բովանդակութիւնը։ Ինչպէս խորագիրէն յայտնի է, ներկայ հատորը կը միտի դիւրութիւն ընծայել դպրապետներուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն։ Ան միայն շարականներ չի բովանդակեր, ինչպէս է պարագան «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին։ Այս հատորին մէջ կը գտնենք ժամերգութիւններու ընթացքին երգուող զանազան տեսակի երգեր, մեղեդիներ, շարականներ, սրբասացութիւններ եւ սաղմոսներ։

«Ի Պէտս Դպրապետաց» հատորը բաժնուած է չորս մասերու եւ կ՚ընդգրկէ «Կիրակամուտ»ի Երեկոյեան, Գիշերային ու Առաւօտեան ժամերգութիւններէն եւ Սուրբ Պատարագի երգեցողութենէն առանձնացուած զանազան երգեր։ Ան նաեւ ունի «Յաւելուած» բաժին մը, ուր կը գտնուին զանազան սաղմոսներ, տօներու ժամամուտներ եւ ճաշու ալէլուքներ՝ առանց նօթագրութեան։

Նշենք, որ նօթագրութեան համակարգիչի վրայ պատրաստութիւնը կը պատկանի Սարգիս Յովհաննէսեանին։ Հատորը կը հրատարակուի ազնիւ մեկենասութեամբ Գօգօ Թօփալեանի, ի յիշատակ իր ծնողներուն՝ Ներսէս եւ Աղաւնի Թօփալեաններուն։

Յայտնենք, որ սոյն հրատարակութիւնը կրնաք ձեռք ձգել Անթիլիասի Մայրավանքի գրախանութէն եւ կամ այցելելով https://ciliciabookstore.com/ գրախանութին պաշտօնական կայքը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ