Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մենք Ենք Մեր Երկրի Տէրը

Մենք Ենք Մեր Երկրի Տէրը

Մենք Ենք Անոր Ապագայի Պատասխանատուն

Մայիս 9-ը մեր երբեմնի յաղթանակներու յիշեցումն է, մեզ կը յիշեցնէ, որ մենք ենք պատասխանատուն այն ամէն ինչին, որ կը պատահի մեր հայրենիքին հետ։ Անցած 30 տարիներուն, Մայիս 9-ին տօներ ենք նաեւ Շուշիի ազատագրութեան տօնը, որպէս մեր յաղթանակներու ամենավառ առհաւատչեան։ Այս տարի ոչ մէկ մարդ կրցաւ բացատրել այն, ինչ զգաց տօնի նախօրեակին. այդ օրը ճամբեցինք իրարամերժ, հակասական ու ճնշող ապրումներով, երբեմնի յաղթանակներու մասին հպարտ յիշողութիւններով, դեռ չլաւացած թարմ վէրքերու ցաւով։ Թէեւ կան ու եղած են մարդիկ, որոնք մերժած են  Հայաստանի կացութիւնը կամ անտարբեր են անոր բարօրութեան ու ապագայի հանդէպ , բայց անոր հետ մէկտեղ շատ էին այն մարդիկ, որոնք Հայաստանի ամէն կորուստի, ամէն վէրքի, ապագայի ամէն հնարաւորութեան համար ցաւ ապրած են ու կը փորձեն լուծում գտնել Հայաստանը դուրս բերելու այս նուաստացուցիչ ու կործանարար իրավիճակէն:

Շուշին ու մեր կորսուած միւս տարածքները կրնանք վերադարձնել միայն այն պարագային, երբ ունենանք զօրաւոր եւ մրցունակ իրաւական պետութիւն, որ ունի զօրաւոր տնտեսութիւն, անկէ բխող հզօր բանակ, ուր չկայ համակարգային կաշառակերութիւն, ուր մարդը գերագոյն արժէք է, իսկ մարդու իրաւունքները պաշտպանուած են պետութեան կողմէ։ Եթէ գիտակցինք բոլորս ու ջանանք միասին հասնիլ այս վիճակին, ապա համախմբուելով ու նոր թափ առնելով կը կառուցենք մեր ջլատուած հայրենիքը։ Մենք ենք տէրը մեր երկրի, մենք ենք անոր ապագայի պատասխանատուն։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ