Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Յետադարձ Ակնարկ 44-օրեայ Հայրենական Պատերազմին

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Մի քանի ամիս էր արդէն աշխարհն ամբողջ արգելափակումի մէջ էր այդ անիծեալ «Քորոնա» կոչուած ժահրին պատճառով: Հեռուստատեսիլի պաստառներուն առաջ գամուած, կը հետեւէինք մէյ մը հայրենական, մէյ մըն ալ աշխարհի զանազան երկիրներու անցուդարձները, Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Ամերիկա,  այդպէսով լրացնելով մեր ժամանակը մինչեւ կէս գիշեր:

Պատերազմի սկզբնական օրերուն այնքան հպարտ էինք հայրենի լուրերով, «յաղթական ենք, յաղթելու ենք» եւ այլ խրախուսական կոչերով, որոնց մասնակից էինք բոլորս, այստեղ, Ամերիկայի մէջ, ներառեալ նաեւ՝ թոռնիկս, Պետիկը, հազիւ 12 տարեկան:

Այնքան հետաքրքիր հետեւողականութեամբ մեզի հարց կու տար «ի՞նչ եղաւ տէտէ, ինչո՞ւ թուրքերը մեր վրայ կը յարձակին, ասիկա արգիլուած չէ՞, Ամերիկան, Ռուսիան կամ Եւրոպական Միութիւնը ինչո՞ւ չեն օգներ մեզի, ասիկա մարդկային իրաւունքներու դէմ չէ՞, ասիկա «ճէնօսայտ» չէ՞» եւ այլ հազար ու մէկ հարցումներ, որոնք իր այդ մատղաշ տարիքին չէին համեմատեր այնքան լուրջ հարցերու տարափով:

«Լա՜ւ տղաս, ի՞նչ կրնանք ընել, մենք հազարաւոր մղոններ հեռու ենք հայրենիքէն, մեր կարելին կ՝ընենք օգտակար դառնալու համար» ըսի: «Օգնութիւն կ՝ուզե՞ն» հարցուց, «այո ինչո՞ւ չէ» ըսի: «Լա՜ւ, ես կ՝երթամ կռուելու եւ պաշտպանելու մեր հայրենիքը, ես զէնք գործածել սորված եմ եւ կրնամ գոնէ անոնց զէնքերուն մէջ փամփուշտ լեցնել » ըսաւ: Ապշահար, բոլորս իր կողմ դարձանք, շատ լուրջ էր եւ ոտքի կանգնած, կարծես հիմա պիտի գործադրէր ըսածը: Մայրը, որպէս սփիւռքահայու մայր, անմիջապէս մէջ մտաւ, «տեղդ նստիր այ տղայ, դուն ուր պատերազմի երթալը ուր» ըսելով: Անշուշտ, հայրենիքի մէջ ապրող մայր մը նման արտայայտութիւն պիտի չ՝ունենար: Մշակոյթի եւ հայրենիքի կամ սփիւռքի մէջ ապրելու մտածելակերպի տարբերութիւնն էր որ կը խօսէր: Հաւատացէք, սիրտս խայտաց այդ տղուն արտայայտութիւնէն: Ամերիկա ծնած եւ մեծցած տղեկ մը, այսօր հայութիւն կը բուրէր, հակառակ անոր որ մի քանի բառ կը խօսէր:

Միտքս ակամայ տարուեցաւ երկու օր առաջ հայրենիքի մէջ «ծանօթի» մը հետ համացանցային խօսակցութեան: Նիւթը անշուշտ, «ինչպէ՞ս էք, լաւ էք, բանի մը պէտք ունիք» եւայլն էր: Բայց վրդով հարց  ստեղծուեցաւ մէջս երբ իմացայ թէ տան երիտասարդը «պահուըտած» է եւ կը փնտռուի կառավարութեան կողմէ, զինուորական ծառայութիւնէն խուսափելու յանցանքով:

Անկարելի էր ընկալել նման արտայայտութիւն որ կու գար հայրենիքի մէջ ապրող ծնողքէ մը: Այնտեղ, հայրենիքի սահմանին վրայ, հայ երիտասարդներ իրենց կեանքի գնով, հայրենիքը պաշտպանելու համար զոհած էին կեանք ու ապրուստ, որպէսզի կանգուն մնայ այն ափ մը հողը որ տակաւին կը տուայտէ իր չորս դին սփռուած չարիքներուն դէմ պայքարելով: Իսկ այս երիտասարդին նման բազմաթիւ անողնաշարներ, որոնք շոյուած ու փայփայուած կեանքի հետամուտներ եղած են իրենց կեանքի ընթացքին, զանազան քաղաքական, անհատական, դաւադրական կամ այլ պատճառներով, ո՜չ միայն կը խուսափին հայրենիքի պաշտպանութեան ծառայութիւնէն, այլ նաեւ կը ջանան հայրենիքին խիստ զբաղ եւ ամենակարօտ պահի առիթը շահագործելով, այս կամ այն կազմակերպութեան մէջ մխրճուելով, դաւադրութիւններ սարքել, պարզապէս… «այդ աթոռին» տիրանալու սիրոյն: Բայց, արդեօ՞ք այդ աթոռը կանգուն պիտի մնար պատերազմէն ետք, կամ՝ հայրենիք պիտի մնա՞ր տակաւին, իրենց հարստահարումները շարունակելու համար անմեղ ժողովուրդի մը գլխին:

Խոր մտահոգութիւն է մեր ազգին համար այս պարագան, որ տակաւին կը շարունակուի պատերազմի դադարեցման օրերէն ետք եւս, մինչեւ այսօր:

Անցեալ օր, համացանցէն ծաղրանկար մը կը ստանայի աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ նախագահական ընտրութիւններու անուանացանկով: Հաւատացէ՜ք որ ըսեմ թէ՝ միա՜յն Հայաստանի մէջ կային 100-է աւելի թեկնածուներ:

Մենք մեր վրայ կը ծիծաղինք միշտ եւ յաճախ եւ տակաւին ո՜չ մէկը ստանձնած է այն քաջարի քայլը որ կը տանի միաւորման: Արդեօ՞ք «քինկ Արթըրը» պէտք ունինք, այս պարագային՝ մեծ արջը:

Իսկապէս: Հայրենիքի մէջ մենք կարիքը ունի՞նք  100-է աւելի կուսակցութիւններու:

Ամէն մէկ թաղի անկիւն մէկ կուսակցութիւն հիմնուած է, որուն ծրագիր կանոնագիրը նոյնիսկ անյայտ է, ի բաց առեալ լարախաղաղացութենէ:

Այսօր, աշխարհի տարածքին, նման կացութիւն չկայ: Հայրենի իշխանութիւններ, խօսքս ձեզի,  միթէ կարելի չէ՞ ամփոփել այդ կուսակցութիւնները գոնէ միայն 5 կուսակցութեանց մէջ:

Աշխարհէն օրինակ կրնանք առնել, եւ Ազգային Ժողովին մէջ կամ դուրսը, 100 կուսակցակականի փոխարէն 5-ին խօսքը կրնանք լսել, որը բաւարար է եւ արդար հայ ազգին միակամ գործունէութեան համար:

Մնացեալը՝ յաջորդին:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ