Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Այցելութիւնը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէնին Եւ Վերապատուելիներ՝ Հայտոսթեանին Եւ Գարակէօզեանին

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեցին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) գործադիր տնօրէն՝ Տիար Զաւէն Խանճեան, ընկերակցութեամբ իր Տիկնոջ Սոնա Խանճեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Փոլ Հայտոսթեանի:

Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու հայ կեանքին պարզած այժմու կացութեան՝ Հայաստանի, Արցախի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ: Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միջեւ տասնամեակներու վրայ տարածուած սերտ գործակցութեան: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կատարած նիւթաբարոյական աջակցութիւնը Հայաստանին, Արցախին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն: Տիար Խանճեան, իր կարգին, ողջունելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը, եւ այս ծիրէն ներս միաբան հայրերու հոգեմտաւոր կազմաւորումը, պատրաստակամութիւն յայտնեց, (AMAA)ի կողմէ նպաստ յատկացնելու համալսարան ուսում ստացող միաբան հայրերուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկային մասնակից դառնալու Տէր Զօրի համալիրի վերակառուցման աշխատանքներուն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ