Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Ազգի Յենարանը

Մեր ազգային արժէքները միշտ  եղած են այն յենարանը, որուն շնորհիւ ապրած ենք հազարամեակներ եւ եկած հասած ենք այս օրերուն։  Եղած են անհանգիստ եւ անկայուն ժամանակներ, եղած են հարիւրամեակներով պետականութենէ զուրկ ժամանակաշրջաններ։  Եղած են վտանգով եւ սպառնալիքով լեցուն ժամանակաշրջաններ։ Հայ ազգը որպէս ազգ, Հայաստանը որպէս երկիր, միշտ գոյութիւն ունեցած է, որովհետեւ հաւատարիմ մնացած իր ազգային արժէքներուն։  Եկեղեցին, ընտանիքը , մշակոյթը , լեզուն.  ասոնք արժէքներ են, որոնք անխախտ պէտք է ըլլան, վայրիվերումներն ու անհանգիստ ժամանակները դիմագրաւելու համար։ Որքան  շատ են պատմութեան մէջ այն դէպքերը, երբ հայերը  նախընտրած են մահանալ, բայց կրօնափոխ չըլլալ։  Փախուստի ատեն նախ փրկած են Աստուածաշունչը։ Ծնողները նախընտրած են իրենց ձեռքերով  սպաննել հարազատ զաւակը, բայց երբեք չեն հանդուրժած այլակրօն այլազգիի կողմէ բռնի ուժով կնութեան առնելը։

Միշտ եղած են ժամանակներ, երբ դաւաճան կամ հեշտասէր հայեր իրենց կեցութիւնը դիւրացուցած են օտարին ծառայելով կամ օտարի շահը պաշտպանելով, բայց անոնք հայ ազգը բնորոշողները չեն։ Հայ ազգի  դիմագիծն է այն հայը, որուն համար հայրենիքն ու ազգային արժէքները վեր են  ամէն տեսակի բարեկեցութենէն, նոյնիսկ մահէն:

Հիմա ալ հանգիստ ժամանակ չէ հայապահպանութեան եւ հայրենակերտութեան տեսանկիւնէն։ Հայեցի դաստիարակուած երեխաներն ու հայ աւանդական արժէքներով  հաստատուած ընտանիքներն են, որ ամուր պիտի պահեն հայու ողնաշարը։ Լեզուն  եւ  եկեղեցին անձեռնմխելի արժէքներ են, որոնք պէտք է փայփայել ու ամուր պահել։

Մեր ազգը դժուար ժամանակներու ատեն գոյատեւած է ազգային արժէքներու շնորհիւ։ Թող ապագային ալ այդ արժէքները միշտ վառուող ազդանշան ըլլան՝ բոլորիս համար։ 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ