Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Պաքուի Կոմունայի Անկումը Թուրքիո՞յ Գործն Էր Թէ՝ Անգլիոյ

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Տեսակէտ

Բրիտանական  յաջողած է քօղարկել շարք մը պատերազմներու մէջ իր խաղացած դերը՝ վարագոյրի ետին, ուրիշի ձեռքով իր շագանակը կրակէն վերցնելով։

Ներկայ գրութեան վերնագիրը, առաջին հայեացքով, կրնայ տարօրինակ կամ տարականոն թուիլ, բայց շատ բնական է եւ օրինաչափ, երբ նկատի ունենանք բրիտանական աղուիսագիտութեան խաղերը պատմութեան մէջ։

Կոմունայի անկումին համար Պաքու գործուղուած Զօր. Տանսթըրվիլը (Dunsterville) Պաքուի անկումին պատասխանատւութիւնը կը բեռցնէ Հայ կոմունիստ եւ դաշնակցական ռազմիկներու ուսերուն, անոնց վերագրելով՝ անկարգապահութիւն, անհամագործակցութիւն, ծուլութիւն, վախկոտութիւն (անարիութիւն), դասալքութիւն եւ անապաւինելիութիւն (unreliable)…։

Հայ բանասէր Արթին Արսլանեան ուզած է վերականգնել անկումին իրական պատճառը Անգլիոյ հանրային կարծիքին, դիւանագիտական ճկունութեամբ Անգլիոյ մեղաւոր կեցուածքը վերագրելով Զօր. Տանսթըրվիլի «սխալ»ներուն, շեշտելով հայ ռազմիկներուն արիութիւնը։ Այս նպատակով, ան գրած է ակադեմական ուսումնասիրութիւն մը, “Middle East Studies” միջազգային հանդէսի Դեկտեմբեր 1980 թուակիր համարին մէջ՝ “Dunsterville’s Adventures: A Reappraisal” խորագրով, որուն ներածական պարբերութիւնը կ՚ըսէ.

The fall of Baku to combined Ottoman and Azerbeijani forces on 15 September 1918 ended the British involvement in Transcaucasia during the World War I and resulted in the death of thousands of Armenians.

Պաքուի մէջ, տեղւոյն փոքրաթիւ ազերիներու փոքր զինուժը անկարող էր դիմակայելու Պաքուի Կոմունայի Կարմիր Պահակագունդին, եւ կարիքը ունէր Օսմանեան Երիտթուրքական Թուրքիոյ մեծածաւալ մասնակցութեան պատերազմին եւ ատոր հրամանատարութեան։ Օսմանեան բանակը պատերազմ հռչակած էր Անդրկովկասեան Դաշնութեան դէմ, եւ՝ զայն կազմող վրացիներէն, հայերէն եւ ազերիներէն կը պահանջէր լուծել զայն, հռչակել իւրաքանչիւրի անկախութիւնը որպէսզի իւրաքանչիւրին հետ կնքէր խաղաղութեան դաշնագիր։ Միաժամանակ, օսմանեան բանակը կ՚ուզէր բրիտանական զօրքէն առաջ հասնիլ Պաքու։ Ամենէն կարճ եւ արագ ճամբան Արաքսի զուգահեռ հայկական երկաթուղագիծն էր։ Բայց, Վեհիբ փաշան պարտուած էր Սարդարապատի ճակատամարտին մէջ եւ ստիպուած էր հիւսիսէն (Ղարաքիլիսայէն) արշաւել՝ աւելի երկար ու դանդաղ ճամբով հասնիլ Պաքու։ Բրիտանիա, տեսնելով Օսմանեան Թուրքիոյ այս նպատակը, առաւել արագացնելու համար թրքական այս արշաւանքը, եւ Թուրքիոյ ձեռքով իրականացնելու համար իր իսկ բուն նպատակը եղող Պաքուի Կոմունայի անկումը, սկսաւ յայտարարել թէ՝ ինք որոշած է Թուրքիայէն առաջ հասնիլ Պաքու եւ արգիլել Պաքուի անկումը Թուրքիոյ ձեռքով…։ Ուրեմն, Թուրքիա սկսաւ միակողմանի մրցավազք մը, մինչ Անգլիա՝ քօղածածկելու համար կոմունային օգնելու իր դիտումնաւոր չկամութիւնը, սկսաւ հերթական յայտարարութիւններով խաբել հայ կոմունիստներն ու դաշնակցականները, թէ՝ ի մօտոյ մեծ ուժեր պիտի ուղարկէ Պաքու, առաւել խթանելու համար Թուրքիոյ վճռակամութիւնը Անգլիայէն առաջ Պաքու հասնելու։

Արսլանեան, ճկուն դիւանագիտութեամբ, մերկացուցած է Անգլիոյ չկամութիւնը իրօք զօրք ղրկելու Թուրքիոյ դէմ Պաքուի պաշտպանութեան համար՝ ամբողջ երեք ամիսներու տեւողութեան։ Նախ՝ Տանսթըրվիլի առաքելութեան տրուած շատ փոքրաթիւ զօրքը։ Ապա՝ 3-4 ամիսներու տեւողութեան զօրավարին յաճախակի պահանջներուն փոխանակ գոհացում տալու, վերանորոգելով սուտ խոստումները…։ Եւ՝ հայերը չեն դադրած խաբուելէ ու յաջորդական հիասթափութիւններէ։

Թէ ինչո՞ւ Անգլիա կը դիմէր այս երկերեսանի քաղաքականութեան, շատ պարզ է։ Նախ՝ Ռուսաստանի դէմ իր բնական զինակիցը իր դէմ չգրգռելու համար։ Ապա՝ իր բուն նպատակը եղող, իր բուն թշնամիին (Պաքուի Կոմունային) տապալումը ձրիօրէն գանձելու համար։ Եւ հուսկ՝ առաւել սրելու համար ռուս-թրքական փոխադարձ թշնամութիւնը, անկարելի դարձնելով ռուս-թրքական ամէն մերձեցում, որ տեղի ունեցաւ երկու տարիներ ետք (1920 թուի Ապրիլի 24-ին), երբ Մուսթաֆա Քեմալ նամակ գրեց Լենինին՝ իր ցանկութիւնը յայտնելով բարեկամական յարաբերութիւններ պահելու յեղափոխական Ռուսաստանի հետ, Արեւմուտքին դէմ։ Եւ, երկու օր ետք, 26 Ապրիլին, Ազրպէյճան յայտարարեց խորհրդային իշխանութիւն՝ «Ազրպէյճանի յեղափոխական բանուորագիւղացիութեան» անունով, մինչդեռ յայտարարութիւնը կ՚ընէր Մուսաւաթ կուսակցութիւնը…։ Ասիկա կը նշանակէր, թէ՝ Քեմալ եւ Ազրպէյճան առժամաբար հրաժարեցան Փանթուրքիզմէն։

Վերադառնալով Տանսթերվիլի առաքելութեան, Արսլանեան կը նշէ, թէ՝ Պաքուի սովետը միակուսակցական պոլշեւիկեան կազմ չունէր (այլ՝ բազմակուսակցական դեմոկրատական, որուն մէջ պոլշեւիկները նոյնիսկ մեծամասնութիւն չէին)։ Պաքուի սովետի ոչ-պոլշեւիկ անդամներն էին՝ հայ ազգայնականներ, ռուս սոցիալ յեղափոխականներ եւ մենշեւիկներ, որոնց հետ Տանսթերվիլ մշակած էր սերտ կապեր…։ Պաքուի սովետի այս անդամները, Յուլիսի 31-ի սովետի նիստին, կը յաջողին մէկ ձայնի առաւելութեամբ որոշում կայացնել՝ դիմելու Բրիտանիոյ օգնութեան, որուն հակառակ էին պոլշեւիկ անդամները։ Այս որոշումին դէմ, անոնք կը հրաժարին սովետէն։ Պաքուի սովետի նոր կազմը Տանսթերվիլի կը հաղորդէ իր որոշումը, զոր ան իսկոյն կը գործադրէ։ Եւ՝ 4 Օգոստոսին արդէն Պաքու կը հասնի Բրիտանիոյ առաջին գումարտակը, որ պահանջուած չէր…։ Եւ՝ պոլշեւիկներու կարմիր պահակագունդը, որ մեծագոյնն էր տեղւոյն ուժերուն, կը հռչակէ Պաքուի Կոմունան՝ իր ռուս, ազերի եւ հայ կոմունիստ յեղափոխական ռազմիկներով, որոնց հետագային պիտի միանային Ռոստոմի գլխաւորած դաշնակցական ռազմիկները, երբ թուրք զօրքը հասաւ եւ սկսաւ քաղաքի հայերը ջարդել։

Ռոստոմի համագործակցութիւնը Ստեփան Շահումեանի ղեկավարած կոմունիստ ռազմիկներուն հետ, կը վկայէ անոր համահայկական ոգիին մասին, հակառակ իր կուսակցութեան ղեկավարութեան կամքին։ Որովհետեւ՝ այդ ղեկավարութիւնը (Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ), 5 Յունիսին, Պաթումի մէջ ստորագրած էր Թուրքիոյ պարտադրած ստրկամիտ դաշնագիրը, որ կը պահանջէր լուծարել եւ զինաթափել ոչ միայն Զօր. Անդրանիկի զինուորները, այլեւ՝ Ռոստոմի ռազմիկները։ Եւ՝ այդ ղեկավարութիւնը կը պահանջէր Ռոստոմէն «անյապաղ տուն վերադառնալ իր ռազմիկներով»։ Բայց Ռոստոմ մնաց Պաքու եւ շարունակեց կռիւը Պաքուի Կոմունայի կողքին, պաշտպանելով Պաքուի հայութիւնը մինչեւ 19 Սեպտեմբեր (այսինքն՝ մինչեւ Պաքուի Կոմունայի անկումը)։ Ռոստոմի այս կուսակցական անհնազանդութիւնը համազօր էր սրբազան համահայկականութեան…։ Ասիկա՝ մեր պատմութեան համահայկական գործակցութեան մատի վրայ համրուող ասուպային երեւոյթներէն մէկն էր։

Արսլանեան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Բրիտանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչ Մարքտոննելլի սատիզմը՝ հրճուանքով դիտելով Պաքուի ռուս եւ հայ զինուորներուն յաջորդական ոգեւորութիւնը իր տուած խոստումներուն իբր հետեւանք, եւ ապա՝ անոնց ցաւատանջ յուսալքումն ու հիասթափութիւնը՝ իբր հետեւանք իր տուած շռայլ խոստումներուն սուտ ըլլալու բացայայտումին, երբ կը պարզուէր որ Պաքու գործուղուած բրիտանական ուժերուն թիւը կը հասնէր միմիայն 1000-ի։ Մինչ թուրքերը արդէն գրաւած էին Պաքուի մեծագոյն մասը, իսկ մնացեալ մասն ալ կրնային գրաւել առանց փամփուշտ մ՚անգամ գործածելու։ Երբ Մարքտոննել կեղծ զարմանք կը յայտնէր այս իրողութեան համար, մինչդեռ ան արդէն մեծ գոհունակութեամբ ծանօթ էր դառն իրողութեան երբ այցելած էր Պաքու, բանը բանէն անցած էր արդէն…։

Արսլանեան նաեւ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ բրիտանացի զինուորականներու հրճուանքը՝ տեսնելով որ օսմանեան բանակը շղթայազերծած է յարձակողական մը Անդրկովկասի ֆետերաթիֆ հանրապետութեան վրայ, երբ արդէն նախկին ռուսական Օզակոմ կոչուած Անդրկովկասը անջատուած էր Ռուսաստանէն՝ մերժելով յեղափոխական Ռուսաստանի կազմին մէջ մնալ։ Որովհետեւ՝ բրիտանական կառավարութիւնը քաջ գիտէր որ Անդրկովկասը Ռուսաստանի ազգային անվտանգութեան գօտին էր։ Եւ թուրքերը, 1918 թուի Մայիսին, ֆետերաթիֆ հանրապետութեան տարանջատումը պահանջեցին (վրացիներէն, հայերէն եւ ազերիներէն պահանջելով բաժնուիլ իրարմէ՝ հռչակելով իրենց անկախութիւնը) որպէսզի իւրաքանչիւրին հետ կնքէ տարբեր պայմաններով խաղաղութեան դաշնագրեր (Հայաստանի հետ՝ ծանրագոյնը)։

Արսլանեան կը նշէ, որ այս հանրապետութիւնը ոչ մէկ ընդդիմութիւն ցուցաբերեց օսմանեան բանակի յարձակողականին դէմ։ Եւ երեքը, Մայիսի վերջերուն, հռչակեցին իրենց անկախութիւնը իրարմէ։ Վրացի մենշեւիկները օգտագործեցին թուրք-գերման մրցակցութիւնը՝ տիրապետելու Անդրկովկասին։ Անոնք Գերմանիոյ պաշտպանութեան դիմեցին եւ ստացան։ Այդպիսով՝ խաղաղութեան անոնց դաշնագիրը ունեցաւ հեշտ պայմաններ։ Ազերի մուսաւաթականները, որոնք կը համակրէին Թուրքիոյ թուրանական ծրագրին, պահանջեցին Թուրքիոյ պաշտպանութիւնը։ Իսկ հայ դաշնակցականները չկրցան ապահովել Գերմանիոյ պաշտպանութիւնը եւ ստիպուեցան կնքել Պաթումի ծանր պայմաններով դաշնագիրը, ենթարկուելով ստրկացուցիչ հողային եւ զինուորական զիջումներու։

Այսօր, արդեօ՞ք կրնայ գտնուիլ հայ մը, որ չըսէ թէ այդ պայմաններուն մէջ ինչո՞ւ հայերն ալ չդիմեցին Ռուսաստանի պաշտպանութեան։

Արսլանեան նաեւ՝ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Պաքուի մէջ տիրող չափազանց բարդ իրավիճակը։ Ան կը գրէ. «Անդրկովկասը կը կառավարուէր Ռուսաստանի Անդրկովկասեան Կոմիսարիատի կողմէ, որ շրջանային գործադիր իշխանութիւն մըն էր, կը կոչուէր Օզակոմ եւ կը բաղկանար վրացական, հայկական եւ ազերի ներկայացուցիչներէ, որոնք չընդունեցին Ռուսաստանի նոր պոլշեւիկեան ռեժիմը, զոր յեղափոխական Ռուսաստանը չպարտադրեց անոնց։ Ասոնք, ազատօրէն անջատուելով Ռուսաստանէն, կազմեցին Անդրկովկասեան Ֆետերաթիֆ Հանրապետութիւնը, որուն մէջ տիրող էին վրացի մենշեւիկները, հայ դաշնակցականները եւ ազերի մուսաւաթականները։ Այս հանրապետութեան մէջ գոյութիւն չունէր տիրապետող ազգային, կրօնական, քաղաքական կամ զինուորական կազմակերպութիւն մը։ Բայց, վրացի մենշեւիկները աւելի հեղինակութիւն ունէին քան միւս երկուքը՝ քաղաքական հարցերուն մէջ։ Հայ դաշնակցականները աւելի զօրաւոր էին միւս երկուքէն՝ զինուորական ուժով։ Իսկ ազերի մուսաւաթականները երրորդական կարգի վրայ էին, քանի որ Պաքուն ընդունած էր խորհրդային ռեժիմը եւ չէր ճանչնար այս դաշնակցական հանրապետութիւնը, որովհետեւ Պաքուն ազերիներու թէ մեծագոյն քաղաքն էր եւ թէ ալ քարիւղային։ Իսկ հայոց Երեւանը կը զիջէր վրաց Թիֆլիսին եւ ազերիներու Պաքուին, եւ՝ հայկական զօրքին ու Ազգային Խորհուրդին նստակայանն ու նստատեղին Թիֆլիսն էր։ Պաքու քաղաքի իրավիճակը նուազ բարդ չէր։ Հոս միակ կազմակերպութիւնը որ կրնար յաւակնիլ քաղաքի գերագոյն ուժը ըլլալու, Պաքուի սովետն էր, որ կը ճանչնար Փեթրոկրատի մէջ հաստատուած նոր պոլշեւիկեան ռեժիմը։ Այդուհանդերձ, Պաքուի սովետին մէջ մեծամասնութիւն չէին պոլշեւիկները։ Սակայն, սովետի նախագահը Ստեփան Շահումեանն էր, որ պոլշեւիկեան նոր իշխանութեան կովկասեան հարցերու արտակարգ կոմիսարն էր եւ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր Պաքուի սովետի միւս ոչ-կոմունիստ անդամներուն մօտ։ Պաքուի մէջ, Պաքուի սովետի գլխաւոր մրցակիցը Պաքուի Տուման էր, որ կը ներկայացնէր Պաքուի կապիտալիստներն ու բուրժուազիան եւ կը վայելէր նեցուկը մենշեւիկ գատէթներու եւ շատ փոքրաթիւ հատուած մը հայերու եւ ազերիներու։ Սակայն, Պաքուի սովետը ունէր իր կարմիր պահակագունդը։ Պաքուի Տուման չունէր ոչ մէկ զինեալ խմբաւորում։ Այսուհանդերձ, Պաքուի պոլշեւիկեան սովետը իր մենաշնորհը չէր դարձուցած զինական ուժը։ Քաղաքի մօտ 95,000 ազերի բնակչութեան մեծամասնութեան արտօնուած էր ունենալ իրենց սեփական զինեալ խմբաւորումը, որ վերապահութիւն կը ցուցաբերէր Պաքուի թէ՛ սովետին եւ թէ Տումային հանդէպ, եւ կը գտնուէր իսլամական Ազգային Խորհուրդի վերահսկողութեան տակ, որ մեծ ուժ մը չէր։ Աւելի մեծ ուժը Ռոստոմի ռազմիկներու խմբաւորումն էր, որ մինչեւ թուրքերու հասնիլն ու հայերը ջարդելու սկսիլը, պահպանած էր իր անջատ գործելաձեւը։ Սակայն, երբ սկսան ծրագրեալ կերպով հայերու ջարդերը, Ռոստոմի ռազմիկները, Ստ. Շահումեանի ռուս եւ հայ ռազմիկներուն հետ կողք-կողքի կռուեցան թուրք-ազերիական միացեալ բանակին դէմ»։

Եթէ՝ 1918 թ. Մայիսին, Հայոց Ազգային (դաշնակցական) Խորհուրդը Թիֆլիսէն չհռչակեր Թուրքիոյ պարտադրած անկախութիւնը, եւ յետոյ ալ՝ Յունիս 5-ին չստորագրեր Պաթումի ստրկական դաշնագիրը, այլ՝ հայկական զօրքը բերէր Երեւան եւ Մոսկուայի յայտնէր Հայաստանի բարեկամութիւնը եւ պաշտպանութիւն պահանջէր (ինչպէս ըրաւ Քեմալ 1920 թ. Ապրիլի 24-ին), տէր կանգնելով Սարդարապատի յաղթանակին, հետեւանքը մեզի աւելի նպաստաւոր չէ՞ր ըլլար, քան՝ Պաթումի ստրկական դաշնագրի հետեւանքը։

Արթին Արսլանեան, մօտ վեց տարիներ առաջ, այն նիւթին շուրջ ուսումնասիրութիւն մը ստորագրած էր “Armenian Review” հանդէսի 1974 ամառ թուակիր համարին մէջ, 146-159 էջերուն վրայ, հետեւեալ վերնագրով. “The British Decision to Intervene in Caucasia during World War I”։

• • •

Հայերս բազմիցս խաբուած ենք Բրիտանիոյ սուտ խոստումներէն, քանի որ չունինք յեղափոխական ոգի, այլ՝ կը տառապինք ուրիշին ապաւինելու քրոնիկ հիւանդութենէն։ Մինչդեռ, Խրիմեան Հայրիկ, 1878-ին, մեզի կը պատգամէր մեր թուղթէ շերեփը վերածել պողպատէ շերեփի՝ յեղափոխական ոգիով, որպէսզի դառնայինք ինքնիշխան ժողովուրդ։ Իսկ ապաւինողականութեան մեզ ստրկացնող ախտը մեզ հաւկոյր կը դարձնէր, որպէսզի հաւատայինք նոյնիսկ վրանբաց սուտ խոստումին։ Այսօր ալ, տակաւին չենք բուժուած այս ախտէն եւ կը շարունակենք մեզի թշնամի Արեւմուտքէն սպասել օգնութիւն։ Մեր երկրորդ ախտին ալ պատճառով, որ մեր բնազանցական մտածելակերպն է, որուն հետեւանքով մենք կ՚ընտրենք Արեւմտաթրքական արեւելում։ Մինչդեռ, մեր փրկարար արեւելումը Ռուսականն է, որուն եթէ ապաւինինք, գէթ մասամբ կը փրկուինք։ Իսկ եթէ յեղափոխական ոգիով Ռուսաստանի իրաւահաւասար զինակիցը ըլլանք՝ ինքնիշխանօրէն, ոչ միայն ամբողջովին կը փրկուինք, այլեւ՝ կը բարգաւաճինք, ինչպէս էր Սովետ Հայաստանը։

Երբ կ՚ըսենք, թէ պատմական երեք Հայաստաններէն միակ վերապրողը եղաւ Ռուսահայաստանը, ըսել կ՚ուզենք՝ ապաւինած էինք Ռուսաստանին։ Բայց, երբ կը խօսինք Սովետ Հայաստանի մասին մենք շեշտած կ՚ըլլանք Ռուսաստանի հետ մեր զինակցութեան բարիքները։

Ուրեմն. մեր բնազանցական հակագիտական մտածելակերպը մեզ զրկած է՝ իրարմէ զատորոշելու մեր իրական թշնամիներն ու իրական բարեկամներուն կարողութենէն։

Ոչ մէկ առողջ միտքով հայ կրնայ անյիշաչար ըլլալ բրիտանական կայսրութեան սառնարիւն հայատեացութեան հանդէպ։ Ոչ մէկ հայ կրնայ մոռնալ սա դէպքը. երբ թուրքերը Իզմիրի ծովափէն հազարներով յոյներ եւ հայեր կը ջարդէին ու ծովը կը թափէին, հայերը՝ ըստ սովորութեան, դիմեցին Բրիտանիոյ, անկէ օգնութիւն խնդրելով։ Բրիտանիոյ պաղարիւն ու նենգ պատասխանը եղաւ. «Մեր մարտանաւերը չեն կրնար Արարատ լեռը բարձրանալ», մինչ բրիտանական մարտանաւերը խարսխուած էին Իզմիրի դիմաց։

Արթին Արսլանեան, իր այս գրութեան մէջ, Զօր. Տանսթերվիլը քննադատելով, քննադատած է Բրիտանիոյ կառավարութիւնը, որովհետեւ զօրավարը օրը-օրին տառացիօրէն գործադրած է Բրիտանիոյ արտգործնախարարութեան բոլոր հրահանգները՝ մեղսակիցը ըլլալով կառավարութեան։ Ուրեմն. վերնագրին մէջ զօրավարին վերագրուած “adventures”ը (արկածախնդրութիւնները) եւ “reappreciation”ը (վերագնահատումը) կը վերաբերին Բրիտանիոյ կառավարութեան, եւ ոչ թէ՝ զօրավարի անձին, որ քաւութեան նոխազը դարձած է իր պետութեան։ Կ՚երեւի Արսլանեան դիմած է այս դիւանագիտական շեշտակի եղանակին, ապահովելու համար իր կծու գրութեան հրատարակութիւնը հանդէսին մէջ…։

Այս զարտուղի եղանակով, Արսլանեան կրցած է ցոյց տալ, որ Բրիտանիա գործած է՝ թշնամիիս թշնամին իմ զինակիցս է սկզբունքին համաձայն, եւ որ Փանթուրքիզմի Ծրագիրը հասարակաց ծրագիր մըն է Թուրքիոյ եւ Բրիտանիոյ՝ իրենց հասարակաց թշնամի Ռուսաստանի դէմ (եւ ոչ միայն Ռուսաստանի, այլեւ՝ Հայաստանի դէմ)։

Աշխարհաքաղաքական լափազիսեան ճշմարտութիւն մըն է, որ Ռուսաստանի ամէն թշնամի միաժամանակ թշնամին է Հայաստանի։

Իսկ մենք ե՞րբ պիտի գիտակցինք այս ճշմարտութեան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ