Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Աւելի քան մէկ տարի «Քորոնա» ժահրի համավարակի պարտադրած սահմանափակումներէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը անգամ մը եւս ի մի եկաւ 30 Յունիս 2021ին եւ վերահաստատեց իր հաւաքական յանձնառութիւնը շարունակելու առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը:

Իր օրակարգին վրայ, խորհուրդը յատկապէս քննարկեց հետեւեալ հարցերը.

– Լսելէ ետք Քալիֆորնիոյ ընտրական օրէնքի եւ ընտրատեղամասերու վերադասաւորման վերաբերող փոփոխութիւններու մասին մանրամասն զեկոյց մը, որ պատրաստուած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն կողմէ, խորհուրդի ժողովին մասնակցողները արձանագրեցին իրենց խոր մտահոգութիւնները գալիք փոփոխութիւններուն նկատմամբ:

Արդարեւ, մինչ Քալիֆորնիոյ Նահանգը հաւանաբար կորսնցնէ մէկ աթոռ Ներկայացուցիչներու տան մէջ, կրնայ նաեւ մտահոգիչ ըլլալ որոշ ընտրատեղամասերու վերադասաւորումը նոյն ինքն հայ համայնքի շահերէն մեկնած: Հետեւաբար, խորհուրդը արձանագրեց, որ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւնները այս գծով զգօն մնան ու նպաստեն՝ ի հարկին ճնշում բանեցնելու համապատասխան կառոյցներուն վրայ, յօգուտ մեր համայնքի իրաւունքներուն:

– Խորհուրդս ծանօթացաւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ատենապետուհիին եւ ներկայացուցիչներուն կողմէ ներկայացուած խիստ շահեկան զեկոյցի մը, յատկապէս Արցախեան 44օրեայ պատերազմէն ետք պարզուած իրավիճակին մասին: Գոհունակութիւն յայտնուեցաւ մասնաւորաբար այն մասին, թէ հիմնադրամի ծրագիրները կը շարունակուին, յատկապէս Արցախի մէջ տեղահանուած հայորդիներու համար յարմարաւէտ բնակելի տուներ տրամադրելու գծով: Յատուկ շեշտ դրուեցաւ լայնօրէն եւ ամենայն թափանցիկութեամբ հայ հանրութեան զեկուցելու եւ իրազեկելու անհրաժեշտութեան վրայ:

– Խորհուդս քննարկեց համայնքին համար եւ զայն յուզող շարք մը հարցերու գծով խորհրդաժողովներ կազմակերպելու կարիքը, բան մը, որ իր անդրանիկ յայտարարագիրով խորհուրդս խոստացած էր ժողովուրդին, բայց համաճարակային պայմաններու մէջ չկրցաւ զայն իրականացնել:

Ստեղծուեցաւ աշխատանքային խումբ մը նշուած գործը ճամբայ դնելու նպատակով:

Խորհուրդս որոշեց յաջորդող օրերուն աւելի եւս թափ տալ իր աշխատանքներուն, առաջին հերթին յաջորդ հանդիպում մը ունենալով մինչեւ մէկ ամիս:

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւններ են.

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի, Արեւմտեան Թեմ
Առաջնորդարան Հայոց ԱՄ Նահանգներու, Արեւմտեան Թեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Միացեալ Հայ Երիտասարդներ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայկական Համագումար
Հայ Իրաւաբանական Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն
Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն
Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ