Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Օրերու Մեր Հերոսները

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Դուք ծանօ՞թ էք այս անուններուն։ Արուսեակ Մարգարեան, Արմինէ Պապիկեան, Քաթրինա Շաքարեան, Կարէն եւ Արամ Սփենճեան եղբայրներ…

Ի՞նչ կ՚ըսեն այս անունները ձեզի։

Դուք կը ճանչնա՞ք այս անուններուն ետին թաքնուած այսօրուան երիտասարդները։ Անմնացորդ նուիրումով, հայրենքի սիրով տոչորուած մեր հաւատացեալ նուիրեալներն են անոնք։ Հաւատք՝ հայրենիքի, հաւատք հայրենի նոր սերունդի ապագային։

Լաւ ուրեմն, ուրկէ՞ կրնամ սկսիլ։

Եթէ մէկ հասարակաց գիծով կարելի ըլլայ ընդգծել այս երիտասարդներուն նուիրումը – պիտի ըսեմ բոլորն ալ Հայ են, Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի (ՍՆԱՎ-ի) ոգիով տոգորուած հայորդիներ են, որովհետեւ․․․ ոչ միայն անոնք Հայ ամէնօրեայ վարժարան առաջնորդուած են իրենց ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ շնորհիւ, այլ՝ շարունակած են մնալ հաւատարիմ իրենց արեան ձայնին։

Ես կը ճանչնամ զիրենք, երբ տակաւին 4-5 տարեկան ՍՆԱՎ-ի մանկամսուրի աշակերտներս էին։ Դողդոջ քայլերով մանուկներ՝ որոնք ներս մտան Մեսրոպեանի լոյսի օճախ՝ Նիւ Եորքի միակ Հայ Ամէնօրեայ վարժարանէն ներս, իրենց առաջին քայլերը առաջնորդող՝ ծնողներուն ձեռքէն բռնած, շուարած, բաժանումի վախով վարակուած մանուկներու տեսքով։

Երկար չտեւեց այդ անորոշութեան եւ վախի զգացումը։ Անոնք դարձան քաջ, ուսումնատենչ, հայրենիքի սիրով տոգորուած անհատներ, նախակրթարանի շրջանաւարտներ, ապա՝ համալսարանաւարտներ, մասնագէտներ իրենց ընտրած ասպարէզներուն մէջ։

Ու հիմա՞՞․․․ տասնամեակներ ետք, արդէն դիմատետրի էջս կը լեցուի իրենց կատարած հայրենանուէր աշխատանքներուն մասին գրութիւններով, տեսերիզներով, հարցազրոյցներու շարանով։ Կը հաւատա՛ն ապագային, հայրենի ապագան կերտող ներկա՛յ սերունդին։

Եկէք մէկ առ մէկ ծանօթանանք անոնց անուններուն հետ իրենց տարած աշխատանքներուն։

Arousiag Markarian- Արուսեակ Մարգարեանին նշանաբանը նոր սերունդին «ճկուն մտածողութիւն սերմանելն է, որպէսզի մարդը կարողանայ դիմակալել ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն, ու աւելիին՝ ինքը որպէս անհատ կարենայ փոփոխութիւն բերել աշխարհին»։ Հետեւաբար, Արուսեակ հաւատարիմ իր ներքին ձայնին հաստատուած է Արցախ, եւ դարձած է ԹՈԻՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու Ստեփանակերտի գրասենեակի ղեկավարը։ Նկատի առնելով որ փորձագիտութիւնը արդէն իսկ ոչ միայն մեր կենցաղի անբաժանելի մաս կը կազմէ, այլ նաեւ մեր ապագան կանխորոշող եւ մեր կեանքի որակը հաստատող ուղիներէն կարեւորագոյնն է:

Արուսեակը հաւատքով կը մօտենայ իր պաշտօնին, կը հաստատէ, թէ այդ ուսանողներուն ներարկուած գիտութիւնն ու պատանիներուն ստեղծարար միտքը կրնան վահան հանդիսանալ մեր ժողովուրդին համար, որպէսզի «կարենան մասնագիտանալով առաջնային դերեր ստանձնել», կը շեշտէ ան:

Անցնող սեպտեմբերին Արցախի պատերազմի ահաւոր հետեւանքները խոր կսկիծով կը յիշէ իւրաքանչիւր հայ։ Արուսեակ կը հաւատայ նոր սերունդը սպառազինելուով ճարտարարուեստի նրբութիւններով եւ ամբարուած գիտելիքներով է, որ պիտի կարենան յաղթահարել սպառնացող գալիք չարիքները։

«Մեր ուսանողը ոչ միայն պէտք է կարենայ օգտուիլ տեխնոլոգիաներէն՝ իրեն համար լաւագոյն կրթական ուղին որսալու, այլ նաեւ յետագային կարենայ զարգացնել ստացած պաշարը, եւ միւսներուն հետ կիսուելով կարենան հարստացնել երկիրն ու աշխարհը» կը շեշտէ Ստեփանակերտի գրասենեակի ԹՈԻՄՕ-ի ստեղծարար աշխատանքներու ղեկավար՝ Արուսեակ Մարգարեան:

Katrina Shakarian- Քաթրինա Շաքարեանին ընտրած ասպարէզը մանկավարժութիւնն է։ Որակաւոր ուսուցիչներ ներգրաւել Հայաստանի սահմանային շրջաններու գիւղերու եւ աւաններու մէջ դասաւանդելու, գիտակից սերունդ պատրաստելու։ Ան կոչ կ՚ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք մանկավարժութիւնը ընտրած են որպէս իրենց ապագայ ասպարէզ։ Իր առաքելութեան ծիրը ընդարձակ է հասնելու, հասցնելու, հասկցնելու, թէ որքան անհրաժեշտ է հայրենի գիւղական, մանաւանդ սահմանային շրջաններուն մէջ նուիրուիլ դաստիարակչական-ուսումնական աշխատանքին՝ գէթ մէկ կամ երկու տարիով։

Հայաստանի մէջ ապրելու եւ աշխատելու իսկապէս բացառիկ հնարաւորութիւն է այս մէկը, որ կարելի է իրականացնել՝ «Teach For Armenia- Դասաւանդէ Յանուն Հայաստանի»ի միջոցաւ, բոլոր անոնք՝ որոնք նուիրուիլ կը փափաքին մանկավարժական ասպարէզին։

Աշխատանքի կրնան ընդունուիլ նորաւարտ համալսարանականներ եւ կամ ասպարէզին նուիրեալ այլ անհատներ, Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ մէկ կամ երկու տարի պայմանաժամով դասաւանդելու համար:

Ծրագրին կրնան մասնակցիլ փորձառու մանկավարժները, ինչպէս նաեւ ապագացու մանկավարժները: Քաթրինան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ հետաքրքրուողներուն օգնել եւ համապատասխան պատասխանատու անձերուն հետ կապուելով գործակցիլ, կամ՝ այցելել հետեւեալ կայքը յաւելեալ մանրամասնութիւններուն համար. http://diaspora.gov.am/en/programs/25/fellowship#b96

Armine Babikian- Արմինէ Պապիկեանը՝ տակաւին օրօրոցի մանուկ մօրը գրկին մէջ սկսած է յաճախել ՍՆԱՎ՝ իրմէ առաջ երեք եղբայրներուն յաճախած տարիներու ընթացքին։ ՍՆԱՎ-էն վկայուելէն ետք, իր ուսումը կը շարունակէ նախ Փենսիլվանիոյ Տրեքսէլ համալսարանէն ստանալով իր Պսակաւոր եւ ապա Նիւ Եորքի Քոլումուպիա համալսարանէն Մագիստրոս վկայականները, որպէս վերականգնողական բոյժգէտ։

Կ՚ակնկալէ նաեւ, որ սեպտեմբերի 2-ին Թորոնթոյի համալսարանէն պիտի ստանայ վերականգնողական գիտութիւններու եւ համաշխարհային առողջութեան գիտութիւններու թեկնածուի գիտական ​​աստիճան:

Արմինէն իր ընտրած ասպարէզին աւելի լաւ հմտանալու համար իրեն փորձադաշտ կ՚ընտրէ Հայաստանը, ուղղակիօրէն ծանօթանալու իր հայրենակիցներու կարիքներուն։ Կամաւոր կ՚արձանագրուի «Birthright Armenia»ին, սկզբնական շրջանին որպէս դիտող, ուսումնասիրելու եւ ապա ըստ այնմ իր արհեստավարժի օգնութիւնը նուիրաբերելու հայրենի քոյր-եղբայրներուն։

2017-էն սկսեալ Արմինէին հայրենիքին հետ կապուածութիւնը «Birthright Armenia»ի միջոցաւ աւելի եւս կը շեշտուի, եւ իր նուիրումի ոգին կ՚արմատաւորուի ոչ միայն հայրենի մշակոյթի հանդէպ, այլ նաեւ մասնագիտական ​​առումով ալ սատարելու Հայաստանին եւ հայրենի ժողովուրդին:

Գործնական քայլերու անցնելով Արմինէն կը յաջողի գրել եւ լոյս ընծայել անգլերէն ուղեցոյց մը եւ ապա՝ թարգմանաբար հայերէն առանձին հատորներով։

Իր առօրեայ փորձառութիւններէն ելլելով Արմինէն որոշած է այս ուղեցոյց գրքոյկով հաշմանդամ երեխաներու թէ չափահասներու հետ աշխատող մասնագէտներուն, ախտաբուժագէտերուն, նոյնիսկ սկսնակներուն գործը դիւրացնել, այս գրքոյկին մէջ ներառելով անպիսի յստակ ու պարզ բացատրութիւններ գործնական թելադրութիւններով եւ կիրարկելի ձեւերով, որ վստահաբար պիտի դիւրացնէ աշխատանքը թերաճ երեխաներու եւ թէ պատերազմէն հաշմանդամ վերադարձած հայորդիներուն հետ։

Արմինէն իր աշխատասիրութեան լոյս ընծայման համար հովանաւորութիւնը վայելած է «Armenia Next Step» շրջանաւարտներու ֆոնտին, որ յանձն առած է տպագրութեան մեկենասութիւնը։ Նոյնպէս ան շատ երախտապարտ է «Հայաստանի Մանուկներ» հիմնադրամին (COAF) եւ շարք մը այլ հոգատար անհատներու, որոնք հաւատացին իր աշխատանքին կարեւորութեան նիւթապէս թէ բարոյապէս նեցուկ հանդիսանալով։

Aram & Garen Spendjian- Արամ եւ Կարէն Սփենճեան եղբայրներուն Հայաստանի հետ սերտ հոգատարութիւնը սկսած է երբ Կարէնը որպէս արհեստավարժ փորձառու պասքեթպոլիստ ընտրուած էր աշխարհի ախոյենութեան մրցումներուն Հայաստանը ներկայացնող խումբին մաս կազմելու։

Հայաստան գտնուած միջոցին Կարէնը տեսաւ եւ զգաց, թէ որքա՜ն անհրաժեշտ է հայրենի քոյր-եղբայրները փոքր տարիքէն խանդավառող գնդակ թէ պասքեթի օղակներ հայթայթել, զանոնք թէ՛ ֆիզիքապէս մարզելու եւ թէ Հայաստանի ամէն շրջաններուն մէջ խմբային մարզական խաղերու եւ հաւաքական մրցոյթներու պատրաստելու։ Ան գործակցելով Մէթ Մատոյանի եւ Վիգէն Սարգիսովի հետ, միասնաբար յաջողեցան 2017-ին հիմնելու տրազերծ (Not for profit) «Hoops4Hayastan» կազմակերպութիւնը: #armenia​,#hoopsforhayastan

Իսկ Կարէնին երէց եղբայրը՝ Արամը Մայամի համալսարանէն, Ֆլորիտա, ստացած էր Պսակաւոր գիտութեան վկայականը մասնագիտութիւն ընտրելով կենսաբանութիւն եւ առեւտուրի բաժինը։ Երբ իր կրտսեր եղբայր Կարէնը որպէս շատ լաւ պասքեթպոլիստ ընտրուած էր Հայաստանի առաջին խումբին մաս կազմելու եւ մասնակցելու, ինք ալ ամբողջական ձեւով կապուեցաւ հայրենիքին օգնելու կանչին։

Իր նուիրուածութիւնը շարունակուեցաւ Հայաստանի տնտեսութեան աճին սատարող մէկ այլ գործարքով։ Արամ իր հօր՝ Աշոտին հետ 2019-ին ձեռնարկեցին «Lorens NYC» մակնիշով արտադրողական ընկերութիւն մը, որուն նպատակն է արեւմտեան աշխարհի բարձրորակ արտադրութիւնները ներկայացնել Հայաստանի շուկային։ Իրենց աշխատանքներուն մասին աւելի մանրամասնութիւններու համար կրնաք այցելել հետեւեալ կայքը.

Kandid Koffee – interviews Garen & Aram Spendjian – YouTube

Հետեւելով այս հինգ երիտասարդներուն ստեղծագործ ու հայրենանուէր աշխատանքներուն՝ կրկին ու կրկին կը հաստատուի հայ ընտանիքին կարեւոր դերը, բարոյական ու մարդկային սկզբունքներով առաջնորդող ծնողքին դաստիարակութիւնը։

Հարցումիս պատասխանելով այս հինգ երիտասարդներն ալ երախտապարտ էին իրենց ծնողներէն ստացած գուրգուրանքին, անոնց առաջնորդած ուղեգիծին՝ ըլլան անոնք Հայ ամէնօրեայ վարժարան արձանագրելով թէ քաջալերելով, որ անոնք մաս կազմեն Հայ կազմակերպչական տարբեր խմբաւորումներու – (ACYOA-AYF-AGBU-YPA-Camp Nubar-Camp Hayasdan-Camp Vartan-Camp Ararad, Birthright Armennia.. եւ այլն) եւ գործօն մասնակցութիւն բերելու հայանպաստ ու հայրենանուէր գործունէութիւններու։

Անցնող աշնան մեր հազարաւոր մատղաշ սերունդին կորուստներովը տակաւ մխացող հոգիներուն ու կոտտացող սրտերուն համար սպեղանիի զօրութիւնը կու տայ նման հաւատացեալ երիտասարդներու կամքն ու ներկայութիւնը։

Ապրի՛ք Հայրենի շունչով տոգորուած Հայորդիներ․․․ մաղթենք որ ձեր հետեւորդները բազմանան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ