Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Աւելի Լաւ Ուշ՝ Քան Երբեք . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ալապամա նահանգի Hazel Green քաղաքէն։ Այդ քաղաքի համանուն երկրորդական վարժարանէն այս տարուան Յունիս 2-ին, շրջանաւարտ եղան 302 աշակերտ-աշակերտուհիներ։ Իսկ անոնց կարգին պատուական վկայական (honorary diploma) ստացաւ նաեւ 94 տարեկան մեծ մայր մը՝ Grace Lee McClure-Smith (տես նկարը) անունով։

Սակայն ինչո՞ւ այդ տարիքին վկայական ստանալ . . .  Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ եղելութիւնը։ 1942 թուականին՝ երբ Կրէյս 16 տարեկան էր, երկրորդական վարժարանէն անաւարտ ելաւ որովհետեւ ամուսնացաւ եւ իր ամուսինը զինուորագրուելով գնաց կռուելու, Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին։

Բայց Կրէյսի մտասեւեռումը չշեղեցաւ ուսման կարեւորութենէն եւ զայն փոխանցեց իր զաւակներուն եւ թոռներուն, կ՛ըսէ իր թոռնիկներէն Էրըն Ուիլսընը, որ մեծ ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր մեծ մօր վկայական ստանալուն առիթով։ Էրըն դիտել տուած է նաեւ որ իր մեծ մայրը երբեք չէ զղջացած դպրոցը կիսաւարտ թողելուն, որովհետեւ բուռն կերպով ան սիրած է իր ամուսինը։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ Կրէյս ունեցած է եօթը զաւակներ, 16 թոռեր եւ 26 ծոռներ։ Նաեւ կ՛արժէ գիտնալ ու Կրէյս երեսուն տարի աշխատած է որպէս դպրոցի ճամբորդատար ինքնաշարժի վարիչ, Ալապամա նահանգի Մէտիսըն գաւառի դպրոցներուն համար։ Իսկ երբ Կրէյսի կու տան աշակերտի մը տան հասցէն, ան անմիջապէս կը յիշէ աշակերտը եւ անոր չարութեան զանազան պատմութիւնները։

Իսկապէս նախանձելի է որ որ 94 տարեկան մեծ մայր մը տակաւին չէ կորսնցուցած իր յիշողութիւնը եւ անշուշտ գնահատելի է որ դպրոցն ալ որոշած է «պատուական վկայական» շնորհել կիսաւարտ իր աշակերուհիին, հոգ չէ թէ 79 տարի վերջ։ Անոր համար մենք կ՛ըսենք, «Աւելի լաւ ուշ, քան երբեք։» Պատիւս արժանաւորաց!

Շատ լաւ, Բայց Ինչո՞ւ . . .

Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ Մէսէչուսեց նահանգի Փլիմութհ քաղաքէն։ Մեր պատմութեան կորիզը կը կազմէ Մարգ Գէնի անունով մարդ մը որ երկու անգամ արժանացած է մաս կազմելու Guiness Book of Records-ի արձանագրութեանց մէջ։

1995-ին՝ երբ Մարգ 29 տարեկան երիտասարդ մըն էր, աշխարհահռչակ վերոյիշեալ գիրքին մէջ ան մուտք գործած է 50 yard (45.72 մեթր) ձեռքերուն վրայ քալած ըլլալուն համար։

Մարգ՝ երկրորդ անգամ ըլլալով մուտք գործած է նոյն գիրքի արձանագրութեանց մէջ, 2017 թուականին երբ ձեռքերուն վրայ քալելով՝ մէջքին կապուած (mini cooper) տեսակի ինքնաշարժ մըն ալ (տես նկարը) քաշած է 16 feet (4.876 մեթր)։

Այս բոլորը շատ լաւ, բայց Մարգ ի՞նչ կ՛ուզէ փաստել իր այս ընթացքով . . . Երբ իրեն հարցուցած են նոյն հարցումը, ան սապէս պատասխանած է։ «Ես կ՛ուզեմ օրինակ հանդիսանալ պատանիներուն եւ ցոյց տալ թէ ինչ որ կ՛ուզեն ընել, կրնան իրագործել՝ եթէ այդ իրենց համար նպատակ դնեն։» Մէկ խօսքով, հայկական ասացուածքը մէջբերելով կրնանք ըսել՝ «Կամենալը, կարենալ է։»

Ես կը կարծէի որ Մարգին ըրածը պարզապէս փառասիրութիւն է, բայց եկուր տես որ գնահատելի եւ վեհ նպատակ մը կայ անոր ըրածին ետին՝ ինչպէս վերեւը յիշեցի, եւ անոր համար կ՛ըսեմ, «Վարձքդ կատար եւ նպատակդ ալ իրագործելի թող ըլլայ։»

Հասկնալի է չէ՞, մարդիկ կան որոնք կ՛ապրին իրենց համար միայն եւ բարեբախտաբար մարդիկ ալ կան որոնք կ՛ապրին՝ ուրիշին օրինակ դառնալու համար եւ ահա Մարգ այդ վերջիններէն է։ Հիմա կարգը քուկդ է, կ՛ուզե՞ս դուն ալ՝ մարգին նման, քու գործովդ օրինակ հանդիսանալ ուրիշին . . .

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ