Ուրբաթ՝ 23 Յուլիս 2021-ին, Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան Կեդրոնական գրադարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ լրագրող, անկախ հետազօտող, արաբագէտ Տիգրան Եկաւեանի «Արեւելքի Փոքրամասնութիւնները. Պատմութեան Կողմից Մոռացուածները» հայերէնի թարգմանուած գիրքի շնորհահանդէսը։
Նշենք, որ գիրքը թարգմանուած է ֆրանսերէնէ: Գիրքի ֆրնասերէն տարբերակը շատ մեծ արձագանգ ունեցած է, նաեւ արժանացած է «Արեւելքի առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան յատուկ մրցանակին: Այն հայերէնի թարգմանած է գրող Գրիգոր Ջանիկեանը, խմբագրած է պատմաբան Գէորգ Եազըճեանը:
Եազըճեան, որ կը վարէր հանդիսութիւնը, տալով նշեալ աշխատութեան վերաբերեալ իր գնահատականը, նշեց, որ գիրքը գիտական հիմնաւոր հետազօտութիւն է Մերձաւոր Արեւելքի բնիկներու՝ քրիստոնեաներու, նաեւ եզիտիներու խնդիրներու եւ անոնց նկատմամբ Արեւմուտքի անտարբերութեան մասին, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն եւ ահազանգ է արեւմտեան քաղաքակրթութեան վախճանի վերաբերեալ։
Խմբագիրը նաեւ բարձր գնահատեց հեղինակի խիզախութիւնը, որ ապրելով Փարիզի մէջ, առանց դոյզն վերապահութեան, իր գիրքին մէջ փաստերով ապացուցած է, թէ ինչպէս նաեւ ֆրանսացիները իրենց շահերէն ելլելով շահագործած են Արեւելքի փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս քրիստոնեաներու զգացումները, հետագային անոնց թողելով ճակատագրի քմահաճոյքին:
Հանդիսութեան երկու գլխաւոր բանախօսները իրենց հերթին խոր վերլուծական եւ փաստավաւերագրական անդրադարձներով ներկայացուցին գիրքը:
Առաջին բանախօսը, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արաքս Փաշայեանը, նկատել տալով, որ գիրքը հիմնուած է հիմնական երեք պատումի վրայ, համապարփակ եւ բովանդակալից ձեւով ներկայացուց անոնցմէ իւրաքանչիւրը:
Ըստ Փաշայեանի առանձնացուցած պատումներուն, անոնցմէ մէկուն մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ Մերձաւոր Արեւելքի փոքրամասնութիւններու՝ քրիստոնեաներու, հիմնական՝ ասորիներու եւ արամէական ծագում ունեցողներու, հայերու հետ կապուած քաղաքական ընկերամշակութային վերիվայրումներու ամբողջ կերպափոխումները շուրջ 100 տարուայ ընթացքին, ցոյց տալով ամենահանգուցային դէպքերը, որոնք բացասական ազդեցութիւն ունեցած են եւ յանգեցուցած տարածաշրջանէն փոքրամասնութիւններու, այդ շարքին նաեւ ոչ քրիստոնեաներու հեռացման՝ նախ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումը, հետագային արդէն արաբ իսրայէլեան հակամարտութիւնը, Ժամալ Ապտ Ալ-Նասէրի շրջանին փոքրամասնութիւններու նկատմամբ վարուող քաղաքականութիւնը, Իրանի իսլամական յեղափոխութիւնը, Լիբանանի քաղաքացիական պատրեազմը ,Ծոցի երկիրներու ճգնաժամը, եւ ի վերջոյ 2003-ին ԱՄՆ-ի Իրաք ներխուժման հետ կապուած զարգացումները, արաբական գարնան դէպքերը. Փաշայեան ընդգծեց, որ այստեղ հեղինակը նաեւ առանձնացուցած է աշխարհատնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական գործօնները, նաեւ խնդիրներուն անդրադարձած է թիրախային, առանձնացնելով փոքրամասնութիւններու խնդիրները իրւաքանչիւր շրջանի մէջ:
Երկրորդ պատումին մէջ, հեղինակը ցոյց կու տայ որ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու արտագաղթը եւ անոնց հեռացումը դէպի Արեւմուտք ձեւաւորեց փոքրամասնութիւններու մէկ այլ զուգահեռ իրականութիւն, որ հեղինակը կ’անուանէ՝ սփիւռքացում, եւ ցոյց կու տայ թէ ինչպէս անդրազգային նոր միջավայրին մէջ փոքրամասնութիւններու մօտ կը սկսի ինքնութեան կերպափոխման գործընթացներ, եւ նոյնիսկ ազգային վերածնունդի երեւոյթներ: Եւ վերջապէ երրորդ պատումին մէջ հեղինակը կը փորձէ բաժնել պատասխանատուութիւնը, թէ ովքեր են ի վերջոյ մեղաւոր՝ Մերձաւոր Արեւելքի քիստոնեաներու նկատմամբ անվտանգային խնդիրներու եւ արտագաղթի համար, եւ հեղինակը պատասխանատու համարած է ե՛ւ Արեւմուտքը, ե՛ւ փոքրամասնութիւնները, որոնք Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն շատ պարագաներու չկարողացան ճիշդ կողմնորշուիլ եւ քաղաքական տհասութիւն ցուցաբերեցին, ե՛ւ արաբական կառավարութիւնները, որոնք չկարողացան ստեղծել անվտանգային այնպիսի միջավայր, ուր կը պաշտպանուէր փոքրամասնութիւններու ազատութիւնները:
Փաշայեան նկատել տուաւ, որ ամբողջ գիրքին մէջ կարմիր թէլի պէս կ’անցնի այն գաղափարը, որ Մերձաւոր Արեւելքի իւրայատկութիւնը ստեղծողները եղած են փոքրամասնութիւնները, առանց որոնց, Մերձաւոր Արեւելքը կը կորսնցնէ իր դերն ու նշանակութիւնը, եւ այդպիսով հեղինկը կը փաստէ, որ այսօր քրիստոնեայ համայնքը պահելը ինքնանպատակ չէ, անոնք շատ լուրջ քաղաքակրթական դեր ունէին որպէս կամուրջ՝ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ, ինչպէս նաեւ հասարակութեան համերաշխութեան ամրապնդման մէջ, նաեւ մեծ դեր խաղցած են բազմամշակութային միջավայրի ձեւաւորման Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Եւ հեղինակի վերջին պատգամը, ըստ Փաշայեանի, ուղղուած է առհասարակ Արեւմուտքին, ուր շատ կարեւոր հարցադրում ըրած է, ըսելով, թէ արդեօք Արեւմուտքը, այլեւս ըլլալով քրիստոնէական իրականութիւնը կրող քաղաքակրթական հարթութիւն, ի վիճակի՞ է այդ բեռը վերցնելու իր վրայ:
Խօսքի աւարտին Փաշայեան նշեց, որ Տիգրանի աշխատանքը բաւական արժէքաւոր հետազօտութիւն է նաեւ աղբիւրագիտութեան առումով, ուր օգտագործուած է շատ կարեւոր աղբիւներ եւ փաստագրական նշանակութիւն ունեցող տուեալներ:
Օրուայ երկրորդ բանախօսն էր գիրքի թարգմանիչ, գրող Գրիգոր Ջանիկեանը, որ իր հերթին գիրիքի հայերէն տարբերակի ծնունդը համարեց հայ իրականութեան մէջ նշանակալից եւ բացառիկ երեւոյթ: Ջանիկեան, որ ինչպէս վկայեց նաեւ գիրքի խմբագիրը, կատարած է փառահեղ թարգմանութիւն, մէկ բառով բնորոշելով, թէ ինչի մասին է այս գիրքը, ըսաւ, որ այն տագնապի ճիչ է, տագնապի ահազանգ է, այն մասին, որ այսօր քրիստոնեաներու բոլոր սրբավայրերը կը գտնուին իսլամներու բռնատիրութեան տակ, քրիստոնէական բոլոր տարածքները կը դառնան իսլամական աշխարհ:
Ջանիկեան նկատել տուաւ, որ այժմ Մերձաւոր Արեւելքի փոքրամասնութիւնները նոյնքան անզօր ու անպաշտպան են, ինչպէս 1915-ին հայերը: Այս առումով, ան մատնանշեց, որ Տիգրան Եկաւեանի գիրքը ունի մեծ ընդհանրացում, ուր հեղինակի կողմէ հարցադրում կը հնչէ՝ եթէ 1915 թուականին քաղաքակիրթ քրիստոնեայ աշխարհը ոչ թէ ձեւականօրէն, այլ իսկապէս հայոց, քրիստոնէութեան դատին պաշտպան կանգնէր, արդեօք այս կրօնական, մշակութային ցեղասպանութիւնները կը շարունակուէին:
Խօսքերով հանդէս եկան նաեւ իրանագէտ, արեւելագէտ, թարգմանչուհի, տարածաշրջանի հարցերու փորձագէտ Էմմա Բեգիջանեանը եւ բանասէր, հայագէտ, գրող, բառարանագիր Արծուի Բախչինեանը, որոնք գիրքը իր պատմագիտական, քաղաքագիտական առանձնայատկութիւններով որակեցին որպէս եզակի եւ բացառիկ, բարձրարժէք եւ յոյժ արդիական երեւոյթ, շեշտելով առաջիկային անոր բազմալեզու թարգմանութեան հրատապութիւնը։
«Աւետիք Իսահակեանի անուան ԿԳ ՀՈԱԿ»-ի տնօրէն, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Յասմիկ Կարապետեանը շնորհաւորանքի եւ բարձր գնահատանքի իր խօսքին մէջ շեշտեց գիրքի անժխտելի դերակատարութիւնը գրադարանի բազմահազար ընթերցող երիտասարդներու եւ ընդհանրապէս հայ սերունդներու ազգային գիտակցութեան զօրացման եւ ճշմարիտ քաղաքացիական վարքագիծի ձեւաւորման գործընթացին մէջ։ Ան յայտնեց գիրքի հրատապ հանրայնացման իր պատրաստակամութիւնը։
Գիրքի խմբագիր Գէորդ Եազըճեան նշելով որ մեծ հաճոյք ստացած է այս աշխատանքը կատարելու ժամանակ, ան գիրքի յաջողութեան գործօն համարեց նաեւ անոր խմբակային միասնական աշխատնքի արդիւնք ըլլալը, ի դէմս՝ հեղինկի, թարգմանիչի, խմբագիրի եւ հրատարակիչի: Ան նշեց, որ հայերէն գիրքին մէջ աւելցուած է յղումներ եւ ծնօթագրութիւններ, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրողներու համար շատ կարեւոր համարուող՝ անուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, որ աւելցուցած է գիրքի գիտականութիւնը:
Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ գիրքի հեղինակ Տիգրան Եկաւեանը, փորձելով պատասխանել երկու հարցի՝ ինչու այս գիրքը եւ ինչու հայերէնի թարգմանել: Առաջին հարցին պատասխանելով, ան գիրքի հրատրակութեան նպատակը նկատեց Միջին Արեւելքի մէջ, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ, փոքրամասնութիւններու հարցին անդրադառնալ ոչ յուզական, այլ իրատեսական տեսանկիւնէ եւ հերքել շատ մը գաղափարներ, որոնք տարածուած են ֆրանսական հասարակութեան մօտ այդ հարցի վերաբերեալ, նկատել տալով, որ ֆրանսական ղեկավարութիւնը շատ սխալներ գործեց իր սուրիական քաղաքականութեան մէջ, որոնց ազդեցութիւնը միչեւ այսօր կը շարունակուի եւ ուստի պէտք էր աշխարհաքաղաքական եւ քննադատական փորձը հաւաքել եւ ներկայացնել լայն հանրութեան: Իսկ երկրորդը՝ ինչու հայերէն. Ան նշեց, որ մենք կը մոռնանք շատ կարեւոր բան՝ Հայոց պետականութեան արժեւորումը, նկատել տալով, որ ինչքան ալ խոցելի եւ սահմանափակ իշխանութիւն ունեցող պետութիւն է այսօր Հայաստանը, ան նաեւ որպէս համայն հայութեան հայրենիք, պատմական պատասխանտուութիւն ունի քրիստոնէական, եզիտիական համայնքներու պաշտպանութեան գծով՝ միջազգային ատեաններու առջեւ: Ան ընդգծեց, որ իր այս միտքը զգացական դիտարկում մը չէ, այլ շատ լուրջ դիւանգիտական հարց մըն է, եւ այս է գիրքի թարգանութեան գլխաւոր նպատակը՝ տալ պատգամ մը, որ մենք գիտակցինք մեր ունեցած դերակատարութեան եւ ընդունինք, որ մենք պէտք է պաշտպանենք այս դատը, յանուն մարդկային իրաւունքներու եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպնաութեան:
Ան յատկապէս կարեւորեց Համայն Հայոց Պետականութեան պահպանութեան, պաշտպանութեան գործին մէջ իւրաքանչիւր հայու նուիրումը եւ առաքելութիւնը՝ առանձնապէս շեշտելով աւելի իրատեսական, ոչ ռոմանթիք ազգային աշխարհայեացքի զարգացման անհրաժեշտութիւնը։
Տիգրան Եկաւեան աւարտին իր երախտագիտութեան խօսքը յղեց խմբագրական աշխատակազմին, գրադարանի տնօրէնին, բոլոր աջակիցներուն եւ մասնակիցներուն։