Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ընտանիքը Հայապահպանութան Գերագոյն Արժէքն Է

Աշխարհի մէջ ամէն տարի կը փոխուի ընտանիքի ձեւը, կերպարը ու կը հեռանայ աւանդական ընտանիք հասկացողութենէն։ Աւելի ու աւելի շատ մարդիկ կը  նախընտրեն ապրիլ կեանքը ըստ հանգամանքներու, քան ընտանիքի շրջապատի մէջ։  Աշխատանքային առաջընթացը, ազատ  ու անկանոն անձնական յարաբերութիւնները՝ առանց պարտաւորութիւններու,   հասարակութեան մէջ աւելի ու աւելի կը հաստատուի։ Արեւմուտքի այս բարքերը քիչ-քիչ կը սպրդին հայ իրականութեան մէջ։ Թէեւ հայերը աշխարհի այն ազգերէն են, որ ընտանիքի գաղափարի շուրջ կը կառուցուի դաստիարակութիւնը, սակայն,  վերջին տարիներուն ցայտուն կերպով կը նկատուի ընտանիքի դերի նուազումը։ Անհատը համեմատած ընտանիքին, ընտանիքէն աւելի առաջնահերթութիւն ունի, արժէք ունի:  

Հայապահպանութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցող արժէքներէն է ընտանիքը,  ընտանիքի հասկացողութիւնը:  Հոսկէ կը սկսի շարք մը արժէքներու ձեւաւորումը, ինչպէս օրինակ յարգանքը մեծի հանդէպ, յարգանքը արժէքներու հանդէպ, յարգանքը աւանդոյթներու հանդէպ եւ այլն։ Վերջին տարիներուն   հայկական մշակութային արժէքներու համակարգէն ներս քիչ-քիչ աւանդական ընտանիք հասկացողութեան չափանիշները կը նահանջեն, պատճառ դառնալով, որ տարիներու ընթացքին հասարակութեան ընդհանուր դիմագիծը նկատելի ձեւով փոփոխութեան ենթարկուի:

Մեզի պէս փոքր, դժուարութիւններու մէջէն անցնող ազգի համար ազգային կարեւոր արժէքներէն է ընտանիքի պահպանումը։ Այն երաշխիքն է ազգի զարգացումին , աճումին  եւ չձուլուելուն։ Ինչպէս նաեւ՝ այն երաշխիքն է աւանդական արժէքներու պահպանումին եւ փոխանցումին։ Վերջին քանի մը տասնամեակներուն առաջնահերթ դարձած է համընդհանուր միանմանութիւնը, առանց սահմաններու եւ առանց տարանջատումներու աշխարհի մը գաղափարը, բայց չէ՞ որ պատմութենէն նմանատիպ պատմական ժամանակաշրջաններ կը յիշենք, ու գիտենք, որ ազգային դիմագիծ պահելը ինքնապահպանման երաշխիքն է ։ Պատմական բոլոր ժամանակշրջաններուն բնաջնջումէն կամ տարալուծումէն փրկուած ենք ընտանիքի մէջ ամուր պահուող շարք մը արժէքներու շնորհիւ, այնպիսի արժէքներու, որոնց միջոցով հայ ըլլալու եւ մնալու գաղափարը միշտ գերակշիռ է:

Ընտանիքը հայկական իրականութեան մէջ , հայոց պատմութեան մէջ, հայ ազգի գոյութենական պայքարի մէջ միշտ եղած է գերագոյն արժէքը ․․․․:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ