Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը Եւ Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրը Նշուեցան Համանուն Վանքի Համալիրէն Ներս

Լիբանան

Լիբանանի ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ չենք կրնար մեր աղաչական հայեացքը երկինք չյառել՝ խնդրելու եւ աղերսելու Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։ Հաւատացեալ ուխտաւորը, իր հայեացքը հաւատքով ուղղելով Աստուածամօր փրկարար դերին, պիտի կարենայ դիմագրաւել ամէն տեսակի մարտահրաւէր. իսկ հաւատքը մշտական վերանորոգման ընթացքի մէջ ըլլալով, եկեղեցին կը ստանձնէ այդ պատասխանատուութիւնը եւ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ իր հոգեպարար արարողութիւններուն եւ հոգեթով քարոզախօսութիւններուն ընդմէջէն։

Արդարեւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնն ու Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը նշուեցան Շաբաթ, 14 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան՝ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։ Ս. եւ Անմահ  Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, իսկ Պատարագի «Կոմիտասեան» արական երգեցողութիւնը կատարեցին «Շնորհալի» երգչախումբի անդամները՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։
Ս. Պատարագի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, շրջապատուած եպիսկոպոսներով ու միաբան հայրերով, բարձրացաւ Ս. Խորան, ուր կատարեց խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որմէ ետք փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը։

Առաջին հերթին, ներկայ տագնապներուն մէջ ժողովուրդին հոգեկան ապրումներուն թարգմանը ըլլալով՝ Հսյրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած՝ փառք ու գոհութիւն տալով Անոր. «Փառք Քեզ, Աստուած, փառք Քեզ. յաղագս ամենայնի, Տէր, փառք Քեզ»։ Մեր եկեղեցւոյ ծէսէն առնուած այս փունջ մը պարզ, բայց խորիմաստ բառերը հարազատ կերպով կ՚արտայայտեն քրիստոնէական հաւատքին էութիւնն ու հրամայականը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ մարդուն կեանքը պարգեւ է Արարիչին կողմէ, եւ, հետեւաբար, պէտք է մարդը այս գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ ապրի ու գործէ։

Անդրադառնալով մարդուն մեղանչումին՝ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ Աստուած մարդուն օժտեց երկնային շնորհներով եւ տուաւ իշխանութիւն, սակայն մարդը անտեսելով իր շնորհքին Աստուածատուր ըլլալը, իշխանութիւնը վերածեց բացարձակ հեղինակութեան, անտեսեց համարատուութիւնը ու վերածուեցաւ չարիքի աղբիւրի։ Ան ընդգծեց, որ այն ինչ որ կը կատարուի ու կը տեսնենք այսօր՝ մարդուն մեղքի եւ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած պատասխանատուութեան անպատասխանատու վերաբերմունքին հետեւանքն է, ուստի, Հայրապետը հարց տուաւ, թէ արդեօք մարդը կ՚անդրադառնա՞յ, որ Աստուած ոչ միայն կեանք եւ օրհնութիւններ շնորհած է մարդուն, այլեւ Իր գործակիցը դարձուցած է զայն. տուած է ազատութիւն՝ ոչ միայն կառավարելու ինքզինք, այլ նաեւ՝ ամբողջ տիեզերքը։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ մարդ արարած կառավարումը պէտք է կատարէ բարձրագոյն գիտակցութեամբ, քանի որ ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ կենցաղին մէջ կը բացակայի Աստուած. իսկ հոն, ուր բացակայ է Աստուած, անհատական թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ, կը տիրէ մեղք, չարիք, ապականութիւն եւ անիշխանութիւն։

Վերջապէս, Հայրապետը յայտնեց, որ հարկ է ընդմիշտ փառք եւ գոհութիւն տալ Աստուծոյ, մանաւանդ երբ շրջապատուած ենք տագնապներով, որովհետեւ միայն Աստուած է ճանապարհը, փրկութիւնն ու յաւիտենականութիւնը։

Նշենք, որ նկատի առնելով Լիբանանէն ներս ստեղծուած ընկերային ու տնտեսական ծանր պայմանները, այս տարի մատաղ (հերիսա) չպատրաստուեցաւ, այլ միայն խաղողի օրհնութեան կարգ կատարուեցաւ, իսկ ուխտաւորները, փոխան մատաղցու ոչխարի, իրենց ուխտի ընծաները ընծայեցին բարեսիրական ու մարդասիրական հաստատութիւններու։

ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին յաջորդ օրը՝ Կիրակի, 15 Օգոստոս 2021-ին, օրհնութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, զոր մատուցեց Կաթողիկոսարանի մատենադարանի, ձեռագրատան եւ հնատիպերու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Սրբազան հայրը յայտնեց, թէ Մարիամ կը նշանակէ սիրեցեալ։ Ս. Կոյսը Աստուծոյ սիրելին էր, նաեւ դարձաւ ամբողջ մարդկութեան սիրելին: Մարիամ անունը նաեւ կը նշանակէ լուսաւորեալ՝ համաձայն մեր եկեղեցւոյ վարդապետներու մեկնութեան։ Ան լուսաւորուեցաւ, լուսաւորեց եւ կը լուսաւորէ այս խաւար աշխարհը: Սրբազանը շարունակելով իր խօսքը՝ ըսաւ, թէ մենք Աստուածամօր բարեխօսութեան կը դիմենք, որպէսզի յատկապէս տագնապի օրերուն, ո՛չ միայն թագաժահրին, այլ այս աշխարհի տակնուվրայութեան մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրին ապրած խաւարին եւ դժուարութեան մէջ ան անդադար բարեխօսէ մեր փրկութեան համար եւ անիկա կը մնայ ո՛չ միայն մեր Տիրոջ մայրը, այլ՝ ամբողջ մարդկութեան եւ մանաւանդ հաւատացեալներու մայրը։

Սրբազանը քարոզը եփարափակեց աղօթեցլով՝ «Թող Ս. Կոյս Աստուածածինը բոլորիս բարեխօսը ըլլայ իր Միածին Որդիին մօտ։ Բոլորին ուխտը ընդունելի ըլլայ»։

ՄԵՌԵԼՈՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ


Իսկ Երկուշաբթի, 16 Օգոստոսի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց մեռելոցի առիթով մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցման արարողութեան։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ համայն ազգիս հայոց ննջեցելոց եւ հայրենիքի ազատութեան սիրոյն զոհուած քաջարի նահատակներուն հոգիներուն համար։ Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած՝ խնդրեց Անկէ, որ պահպանէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, անսասան պահէ Արցախը ու հզօրացնէ Սփիւռքը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ