Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ձօն Իմ Հրաշք Հօրս՝ Վահէ-Վահեանի Մեհեանին Մահուան 23-րդ Տարելիցին Առիթով

ՇԷՅԼԱ ԱՊՏԱԼԵԱՆ

Շատեր ճանչցեր էին զինք իբր բանաստեղծ, քննադատ, գրական ու հասարակական գործիչ, Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկի տնօրէն, ուսուցիչ, աշխատակից, բարեկամ եւ կամ ազգական: Սակայն, ես բախտաւորուած էի ունենալ զինք իբր հայր, որ եղաւ նաեւ ինծի համար մարդ արարածի ամենափայլուն տիպարը:

Կարգ մը անձերու մօտ հսկայական տարբերութիւններ կը նկատուին իրենց դուրսի աշխարհի եւ մտերմիկ՝ ընտանեկան կեանքին միջեւ: Հայրս նոյն փափկասուն, համբերատար, հոգատար ու սիրալիր անձն էր, միայն այն տարբերութեամբ, որ երբ կարեկից անձեր քովը գային՝ աշխատանքի, ընտանեկան, ուսման կամ կրթաթոշակի օժանդակութեան առընչութեամբ, ինք իր առաւելագոյնը կ’ընէր անոնց օգնելու համար: Սակայն, երբ իր անձին եւ կամ տան անդամի մը գար հարցը, կը վարանէր, քանզի իր հպարտութեան զգացումը ամէն բանէ վեր էր:

Իր նկարագրի արտակարգ գիծերուն մասին յիշելով, չեմ կրնար մոռնալ քանի մը մտերմիկ ծանօթներու վկայութիւնը, երբ մեծ յարգանքով կը պատմէին, թէ ինչպէս ինք մերժած էր իրեն առաջարկուած ոսկէ առիթը աշխատելու իբր դասախօս Ամերիկեան համալսարանին մէջ՝  յետ իր բարձր գնահատանքով ստանալուն արուեստի եւ գիտութեան ճարտարապետութեան վկայականը: Ան իր շահաբեր պաշտօնը փոխանցած էր իր կարեկից ընկերոջ ու ինք նուիրած իր կեանքը հայ գիրին, դպրոցին ու գաղութին:

Իր զոհաբերութեան աստիճանը սահման չունեցաւ. երբ Սպիտակի երկրաշարժը պատահեցաւ, հակառակ իր համեստ ուսուցիչի պաշտօնին, մասնակցեցաւ օգնութեան իր ուժերէն շատ աւելի բարձր չափերով, երբ մեր շրջանակի մեծահարուստներէն շատեր նման նուիրատուութիւն չկատարեցին:

Մարդ արարածին քով ով ըլլալը կը փաստուի տարիներու ընթացքին իր առած ընտրութիւններէն, որոշումներէն եւ կեցուածքէն: Ոմանք կեանքի ընթացքին շահամոլութեան պատճառով իրենց սկզբունքները կը խախտեն, սակայն ինք միշտ զօրաւոր մնաց իր համոզումներուն վրայ: Իր հայրենասիրութեան աստիճանը գագաթնակէտին հասցուցած էր ու ամէն ձեւով փորձած «ոսկի կամուրջ» ստեղծել Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ, փորձել յայտնաբերել գրողներ եւ արուեստագէտներ, ընծայելով անոնց լայնածիր ճանաչման միջոցներ: Իր «Անի» գրական ու արուեստի ամսաթերթին նպատակը ճիշդ այդ էր: Թէեւ եղան ոմանք, որոնք շփոթեցին իր հայրենասիրութեան տենչը ու անարդարօրէն դատապարտեցին զինք իբր գործակից «անբաղձալի» պետութեան հետ:

Խօսք մը կայ կ’ըսէ. «Երբ տունիդ մէջ ունիս պարտէզ եւ գրադարան, ապա ոչինչ կը պակսի քու երջանկութեանդ համար»: Մեր տունը օժտուած էր պարտէզով. հայրս բնութիւն պաշտող անձ ըլլալուն իբր իր ամէնէն սիրելի ժամանցը ընտրած էր պարտիզպանութիւնը:

Մեր տունը «հարուստ» էր նաեւ իր գիրքերով, թերթերով, փաստաթուղթերով, արխիւներով՝ սկսեալ 1800-ական թուականներէն: Տարբեր գաղութներու թերթեր 1920-ականներէն դիզուած էին մեր քով: Հօրս մեծ սփոփանքներն էին՝ կարդալ, գրել ու վերլուծել: Կարելի է ըսել, թէ չկար որեւէ գիրք Սփիւռքի մէջ, որ տպուելէ առաջ ղրկուած չըլլար հօրս խմբագրման ու սրբագրութեան համար:

Երբ վերայցելեմ իմ անցեալի յուշերու կարուսելը, մղձաւանջ մը կը պատէ զիս: Ճաշասեղանին շուրջ մեր համախմբուիլը անգամ ունէր իր ծէսը: Միշտ ճշդապահ ժամուն սեղան կը նստէինք, ուր հայրս ունէր իր յատուկ աթոռը: Մայրս կամ հօրս մօրաքոյրը կը հրամցնէին մեր աւանդական ճաշերը միշտ սկսելով հօրս պնակէն ու մենք բոլորս կը սպասէինք, որ հայրս իր առաջին պատառը առնէ, որպէսզի մենք ալ մերը սկսէինք: Մեծ խանդավառութիւն էր հաւաքուիլ սեղանին շուրջ օգտակար խօսակցութիւններով ու հետաքրքրական գիտելիքներով լեցնելով մեր ժամանակը: Ամէն անգամ ճաշի վերջաւորութեան հայրս սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնէր մօրս եւ իր մօրաքրոջ, իրենց պատրաստած համեղ ճաշերուն համար ու իր պնակը խոհանոց կը տանէր: Ապա, առ ի գնահատանք իրենց աշխատանքին, ինք կը փափաքէր որ սուրճը իր ձեռամբ պատրաստէր ու մեզի հրամցնէր:

Շատ երջանիկ ու բախտաւոր էի ապրիլ տան մը մէջ, ուր կային յարգալիր փոխյարաբերութիւններ, զոհաբերութիւն ու սէր: Նոյնիսկ եթէ ըլլային փոքր անհամաձայնութիւններ, անոնք միշտ քաղաքավարութեամբ կը լուծուէին: Հօրս փափկանկատութեան աստիճանը նկատելի էր իր ամենափոքր արարքէն: Մանկութեան օրերուն, երբ ես տակաւին իրենց ննջասենեակը կը քնանայի, հայրս կ’արթննար առտուան հինգին, հասցնելու թէ՛ իր տպարանի եւ թէ՛ դպրոցական աշխատանքներն ու պարտականութիւնները: Ան նախորդ գիշերուընէ որոշած կ’ըլլար իր հագուելիքը, ու լուռ ու մունջ կը շարժէր, որպէսզի մեզ յանկարծակի չխանգարէր:

Հօրս բարձր հոգի ըլլալու փաստը ունեցանք, երբ վաղաժամ  կորսնցուցինք մեր շատ սիրելի Վահրամը՝ զոհ ինքնաշարժի արկածի: Երբ անոր աշխատած ընկերութիւնը ուզեց հօրս փոխանցել գումար մը, հայրս խստօրէն մերժեց, ըսելով թէ իր տղուն արեան գինին ինք չի կրնար դպչիլ ու ստեղծեց Վահրամ Ապտալեան կրթական հիմնադրամը, որ օգտակար պիտի դառնար հայերէն լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մէջ մասնագիտացող աշակերտներու ուսման աջակցութեան:

Լիբանանի երկարամեայ պատերազմի ընթացքին, երբ շատեր կը գաղթէին դէպի աւելի բարգաւաճ երկիրներ, ինք կը քաջալերէր, որ մեր գաղութը չկորսնցնենք, չսուզուինք ու չձուլուինք օտար ափեր երթալով:

Հայրս իր բնաւորութեամբ շատ հեզ, ճկուն ու ընտելացող անձ էր, սակայն միաժամանակ յանդգնօրէն ճշմարտախօս: Երբ շատ առաքինի ըլլաս, պտղատու ծառի նման յաճախ կը քարկոծուիս. սակայն հայրս վրէժխնդրութիւն եւ ատելութիւն պահել չունէր: Ան կը հաւատար կարողանալ ներելու հզօր ուժին ու կ’ըսէր թէ, բարկութիւնը եթէ ներսդ պահես, կ’ուտէ քեզ որդի նման: Այլ ոսկի խօսքն մըն ալ ունէր, որ կ’ըսէր. «Կը նախընտրեմ խաբուիլ իմ սիրելիներէս, քան կասկածիլ անոնց անկեղծութեան վրայ»: Ես օղ ըրած եմ իր այս պատգամները ու յաճախ իմ կեանքի դժուարագոյն օրերուս կը հետեւիմ իր խորհուրդին:

Ընդհանրապէս արուեստագէտներուն մօտ «մուսաները» ուշ գիշերուան մէջ ծիլ կ’առնեն: Կը յիշեմ իրմէ հեռու նստած զինք դիտելս, երբ մենախօսութեամբ կը սրբագրէր իր նոր գրած ճառերն ու բանաստեղծութիւնները: Ան շատ յաճախ մայրս իր մօտ կը կանչէր, որ լսէ ու իր կարծիքը տայ: Իմ իտէալապաշտ հայրս շատ խիստ էր իր անձին հանդէպ ու իր ստեղծագործական աշխատանքը՝ ըլլային անոնք դասախօսութիւններ, թերթի տրուելիք գրութիւններ, թարգմանութիւններ, կամ բանաստեղծութիւններ, կրկին ու կրկին կը վերամշակէր:

Տպաւորիչ այլ երեւոյթ մըն էր ականատես ըլլալ իր գրաւորներու սրբագրութեան: Ան ժամեր կը դնէր փորձել հասկնալու, թէ սխալ պատասխանող աշակերտին տկարութիւնը ինչի մէջ կը կայանար: Գրաւորի թուղթին սիւնակին մէջ կարմիր գիրերով ճիշդը կը գրէր: Ներքին պատերազմ կ’ունենար այս սրբագրութեան միջոցին: Քանզի ինք լաւագոյնը կը սպասէր իր աշակերտներէն: Ու տարիներ ետք, դպրոցէն շրջանաւարտ աշակերտներուն յաջողութեան մասին երբ լսէր, այնքան կը հրճուէր, կարծէք իր որդիներէն մէկը ըլլային: Ան մեծ հաւատք ունէր իրեն տրուած կոչումին նկատմամբ, թէ պէտք էր կերտել ու պատրաստել յաջորդական հայ սերունդներ, որոնք պիտի ըլլային պաշտպանը հայոց լեզուին, գրականութեան ու հայրենիքին:

Իմ զգայուն հայրիկս, օր մը երբ նորածին աղջիկս կու լար, մօտեցաւ ինծի ու խնդրեց, որ չձգեմ որ լայ: «Չեմ դիմանար երեխայի լացն ու կոծին: Որովհետեւ, այդ ինծի կը յիշեցնէ իմ փոքր եղբօրս լացը գաղթի ժամանակ, երբ ան լալով անօթի մահացաւ, քանի որ հակառակ մեր խոտ ուտելուն մօրս կաթը կեցաւ…»:

Շատ կը փափաքէի իրեն հետ խօսիլ անցեալէն, սակայն, ինք փախուստ կու տար: Խնդրեր էի, որ գրի առնէր իր դառն յուշերը, սակայն իր ուժերէն վեր ըլլալով չկարողացաւ իր հոգեցնցում պատճառած անցեալը վերապրիլ:

Մեծ յուզմունքով կը յիշեմ այն մտերմիկ հաւաքոյթները, որոնք մեր տան մէջ կը կազմակերպուէին, երբ Հայաստանէն կու գային բարձրաստիճան մարդիկ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, գիտնականներ ու քաղաքական գործիչներ: Խրախճանքներ կը սարքէինք մինչեւ ուշ գիշերներ. կ’ուտէինք, կը խմէինք, կ’երգէինք, իրարու կենաց կը բարձրացնէինք ու նոյնիսկ եղած են առիթներ, երբ մեր տունը եղած էր օթեւան իրենց համար: Շատ անգամ, քաղաքական որոշումներու առընչութեամբ հօրս կարծիքը կ’առնէին նկատի ունենալով իր տրամաբանութիւնը, հմուտ միտքը եւ փորձառութիւնը: Ներկայիս, երբ հօրս քաղաքական դիրքաւորումը վերյիշեմ, կը նկատեմ, որքա՜ն հեռուն մտածող ու ճշգրիտ մեկնաբանող անձ էր ան:

Կարօտ եմ մնացեր հօրս թաւշային ձայնին, մանաւանդ երբ ան զիս կը կանչէր «հոգիս» կամ «հոգեակ»:

Մանկութիւն չտեսած հայրս կեանքի ընթացքին շատ տառապանքներէ անցաւ կորսնցնելով իր տունը, ծնողքը, եղբայրներն ու քոյրը, կինն ու զաւակը, սակայն պինդ մնաց կեանքին ու տուաւ իր լաւագոյնը՝ կարեկցողին:

Կան հայրեր, որոնք հսկայական նիւթական ժառանգ կը թողուն իրենց զաւակներուն, սակայն, ինք տուաւ այն ինչ կարելի չէ խլել քեզմէ: Փառք ու պատիւ անոր թողած գրական վաստակին: Թող անոր ստեղծագործական միտքի ժառանգութիւնը շարունակուի սերունդէ սերունդ: Այնքան ատեն, որ Վահէ-Վահեան առեղծուածը յիշուի, ան կը մնայ յաւերժապէս ողջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, իմ անգի՛ն հայր:

Պէյրութ, 20 Օգոստոս 2021
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ