Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

ԿՈՉ

Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Լիբանանահայութեան մօտ տիրող շատ ծանր եւ տագնապալի նիւթաբարոյական  պայմաններուն:

Մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնք մազապուրծ ազատած էին թուրքին եաթաղանէն եւ ապաստան գտած Լիբանանի մէջ, կարճ ժամանակի ընթացքին իրենց աշխատասիրութեամբ հասան նախանձելի դիրքերու եւ որպէս կազմակերպուած համայնք հիմնեցին մշակութային կեդրոններ, եկեղեցիներ, վարժարաններ եւ հայկական թաղամասերու մէջ ուր կը բնակէին՝ դաստիարակեցին նոր սերունդներ ազգային եւ քրիստոնէական արժէքներու համաձայն:

Այսօր մարդասիրական աղէտ է Լիբանանի տարածքին: Մանուկները զրկուած են կաթէն, մեծահասակները ոչ միայն առօրեայ ընտանիքին հացը ապահովելու անկարող են այլ՝ դեղորայքի պակասին եւ չգոյութեան պատճառով չեն կրնար բուժուիլ: Ելեկտրականութիւն եւ վառելանիւթ ապահովելը արդէն անկարելիութիւն է: Օրէ օր վատթարացող ճգնաժամին հետեւանքով, անկարողութեան մատնուած աշխատաւորները չեն կրնար ապահովել իրենց ընտանիքներուն ամէնէն կենսական պէտքերը:

Լիբանանահայութիւնը միշտ ալ անսակարկ նուիրումով հասած է համազգային բնոյթի բոլոր մարտահրաւէրներու, կանգնած է եւ օգնութեան ձեռք երկարած՝  իր ժողովուրդի զաւակներուն հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին: Հիմա ժամանակն է որ մենք, մեր կարգին, բոլորիս օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնինք իրենց գոյատեւման:

Արդ, ի տես այս դառն իրականութեան, կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ նիւթական ու բարոյական օժանդակութեամբ ձեռք երկարեն մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, եւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ մեղմացնեն իրենց տառապանքը:

Հիմա ժամանակն է մեր օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնելու Լիբանանահայութեան գոյատեւման, նուիրաբերելով հաստատուած եւ հեղինակաւոր բոլոր հայկական կազմակերպութեանց հանգանակութիւններուն:

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ